Անդրադարձ

Դաշնակցութեան Գերագոյն Ընկերական Զրոյցը

Դաշնակցութեան Գերագոյն Ընկերական Զրոյցը

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ իր աշխատանքները աւարտեց ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը: Շատեր այս ժողովը անկիւնադարձային կը նկատէին` անկէ ակնկալուած սպասելիքներով, գումարման վայրով եւ նկատի ունենալով հայ քաղաքական տիրող իրականութիւնը, որուն ընթացքին կը գումարուէր այն: Յառաջիկայ տարիներն ու պատմութիւնը կու տան այս ժողովի արժանի գնահատականը, եւ շատ վաղ է ամբողջական գնահատական տալ ժողովի մը, որ դեռ նոր աւարտած...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումին Առիթով

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումին Առիթով

Հայկական վարժարանները այն միջավայրը կը տրամադրեն, ուր մեր երիտասարդները ամէն օր կը հաւաքուին եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ կը ստանան բարձրորակ կրթութիւն: Այս հաստատութիւնները կը ծառայեն իբրեւ հիմնասիւներ, որոնք յաջորդական մեր սերունդներուն ազգային մեր ժառանգութեան տէր դառնալու, պատմութիւնը իմանալու, լեզուին տիրապետելու եւ Հայ դատը հետապնդելու պայմաններ կը ստեղծեն: Մեր վարժարանները, ըստ էութեան, մեր պատմական հայրենիքէն հեռու հարազատ օճախներ են, որոնք նուիրական...

Ուշագրաւ Հրատարակութիւն Մը Կորած Լեզուի Մասին

Ուշագրաւ Հրատարակութիւն Մը Կորած Լեզուի Մասին

«ԱԿՕՍ» «Բացի Պոլսոյ բարբառէն եւ արեւմտահայերէնէն` հայերէնի նուազագոյն երեք բարբառներ դեռ կը խօսուին Թուրքիոյ մէջ: Արդուինի Հոփա եւ Պորչքա գաւառներու 23 գիւղերը եւ անոնցմէ ձուլուած ներքին սփիւռքը կը խօսի համշէներէն: Անտիոքի Սամանտաղ (Մուսա լեռ, Ա.) գաւառի Վաքըֆլը գիւղը եւ հոնկէ ձուլուած քանի մը հարիւր հոգի կը խօսին Սուէտիոյ բարբառով: Նուազ ծանօթ է Չանքըրըէն դէպի Ամասիա եւ Արդուին երկարող ընդարձակ տարածքի...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Թուրքիա Կը Չարաշահէ Ինթերփոլը Ներկայ Վարչակարգին Հակառակորդները Արտայանձնելու Համար

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ   «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Թուրքիա եւ բռնակալ քանի մը այլ կառավարութիւններ հետզհետէ աւելի կը չարաշահեն իրենց անդամակցութիւնը Ինթերփոլի կառոյցին` իրենց հակառակորդները հետապնդելու եւ պատժելու համար: Ինթերփոլ կամ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ են 194 երկիրներ, կը զբաղի անդրազգային յանցագործութիւններու դէմ պայքարով: Թէեւ Ինթերփոլի կանոնադրութեամբ արգիլուած է անհատներու հետապնդումը քաղաքական, կրօնական, ռազմական կամ ցեղային պատճառներով, բայց եւ...

Արցախի Տագնապին Շուրջ Դիւանագիտական Ոլորապտոյտը Աւելի Քան Յստակ Է

Արցախի Տագնապին Շուրջ Դիւանագիտական Ոլորապտոյտը Աւելի Քան Յստակ Է

Ա. Ա. Արցախի տագնապին բանակցային հոլովոյթին վերսկսման կապուած ենթադրութիւններուն եւ ընդհանրապէս հայկական ու ազրպէյճանական կողմերուն միջեւ վերջին շրջանին կատարուած անպաշտօն թէ պաշտօնական հանդիպումներուն շուրջ ծաւալած դիւանագիտական խօսակցութիւններուն եւ հաղորդակցութիւններուն մէջ ամէնէն նշանակալիցը Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթընի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն է, զոր ան ունեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Մինչ Պոլթըն կը յայտարարէր, որ Ալիեւի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Յունուար Ա. –   2018 Տարին Կը Բացուի Նոր Լարուածութեան Սրումով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Քննական Միտքը Ազատ Միջավայրի Մէջ Կը Զարգանայ

Յաճախ զգուշութեամբ կը վերաբերինք ազատ խօսք, քննադատութիւն հասկացողութեանց ու կասկածով կը մօտենանք քննադատին, սուր գրիչ ունեցողին` զայն հակառակորդ համարելու աստիճան տգիտութիւն ցուցաբերելով երբեմն:Կը մոռնանք մեր իսկ կրկնածը, որ` քննադատութիւնը առաջին քայլն է նորոգուելու, ինքնասրբագրումի ուղղուելու, անկաշկանդ արտայայտուիլը վարժութիւն դարձնելու եւ աւելի խստապահանջ դառնալու աշխատանքի որակին նկատմամբ: Թերթին մէջ, օրինակ, ինքնաքննադատութեամբ, ապա նաեւ քննադատութեամբ ընթերցող-թերթ կամ ընթերցող-գրող կապը աւելի անմիջական ու...

«Էմ. Թի. Վի.»   Դոկտ. Իմատ Մրատ` Հայաստանի Մէջ Քրիստոնէութեան Ընդունման Հոլովոյթին Մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Առանցքային Դերին Մասին

«Էմ. Թի. Վի.» Դոկտ. Իմատ Մրատ` Հայաստանի Մէջ Քրիստոնէութեան Ընդունման Հոլովոյթին Մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Առանցքային Դերին Մասին

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ Հայ ժողովուրդը կը նկատուի աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը: Ան քրիստոնէական գաղափարներով տոգորուած` մաքառեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններու դէմ, յաղթահարեց բազում արհաւիրքներ, պահեց իր ինքնութիւնը եւ իր անմնացորդ աւանդը ներդրեց համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին մէջ: 301 թուականին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ շրջադարձ տեղի ունեցաւ: Հայոց թագաւորութեան ամրապնդման եւ հոգեւոր վերազարթօնքի ակնկալութեամբ Տրդատ Գ.-ի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի ջանքերով Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական...

Հինէն Մեզի

Օդին Մէջ Տեղ Մը

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ - Գիտե՞ս, երեք տարի է` լեռ չեմ տեսած, հզօրութիւնը կը զգամ լեռներուն. որքան մօտ են, որքան անառիկ, հարազա՜տ... Ինքնաշարժը կը սուրայ` ճեղքելով երբեմն հարթ ուղիներ, երբեմն` անմատչելի լեռնանցքներ, երբեմն կ՛անցնի գիւղերուն կողքէն... Բարձրաբերձ լեռներն ու խորունկ կիրճերը, գետերն ու առուները մերթ ընդ մերթ կ՛երեւին ինքնաշարժին աջ ու ձախ կողմերը: Բնութեան անսահման կախարդանքը կաթիլ առ կաթիլ ըմպելով` կը սքանչանան...

Օրինակելի ՀՄԸՄ-ական Աբօ Գասապեանի Յիշատակին

Օրինակելի ՀՄԸՄ-ական Աբօ Գասապեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի կենսունակ եւ երախտաշատ դէմքերէն Աբօ Գասապեանը, որ 1937 թուականին ծնած է Պուրճ Համուտ, Նոր Ատանա թաղամաս, իսկ միութեան անդամակցած է փոքր տարիքէն` իբրեւ ֆութպոլի խումբի մարզիկ: Երկար տարիներ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին, որուն խմբապետը եղած է տարիներ շարունակ, եւ որ, իր ջանքերով, բազմիցս նուաճած է Լիբանանի ախոյեանութեան բաժակը: Աբօ...

Տիպար Հայը Եւ Նուիրեալ Կուսակցականը Զոհրապ Ինճէեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Տիպար Հայը Եւ Նուիրեալ Կուսակցականը Զոհրապ Ինճէեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ, Յոյսըս դուք էք, ընկերնե՛ր, Շարունակէք մեր սուրբ գործը, Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»: Հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն եւ հայոց տարագրութենէն ետք բազում արհաւիրքներ ապրած է, յատկապէս` անոնք, որոնք ջարդի ու տեղահանութեան ականատես վկաները դարձած են: Սփիւռքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ այդքան ալ հեզասահ չէ ընթացած գաղութի կազմաւորումը, մանաւանդ երբ ամայի  եւ անմարդաբնակ հողատարածքը պիտի վերածուէր...

«Բառերի Յետեւում Կարող Են Վտանգաւոր Գործընթացներ Թաքնուած Լինել». Արսէն Համբարձումեան

«Բառերի Յետեւում Կարող Են Վտանգաւոր Գործընթացներ Թաքնուած Լինել». Արսէն Համբարձումեան

ԱՐՄԻՆԷ ԱՒԵՏԵԱՆ  «Ֆաքթոր» կայքը հետեւեալ հարցազրոյցը կատարած է ՀՅԴ Բիւրոյի նորընտիր անդամ Արսէն Համբարձումեանի հետ` հիմնականօրէն ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովին եւ նորակազմ Բիւրոյին մասին: «ՖԱՔԹՈՐ».- 19 տարի Հրանդ Մարգարեանը եղաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը եւ որոշեց այս անգամ չառաջադրուել: Ո՞րն էր խնդիրը, Հայաստանի ներքաղաքական իրադարձութիւննե՞րն էին պատճառը, ի՞նչ դժգոհութիւն կար Դաշնակցութիւնում նրա նկատմամբ: ԱՐՍԷՆ ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄԵԱՆ.- Դաշնակցութիւնում, որպէս այդպիսին, Հրանդ Մարգարեանի ծաւալած...

Նամակ` Ծանօթ-Անծանօթ Բարեկամիս

Պատմութիւնը Վերստին Կարդալ

Զ. ԼԻՅԼՈԶԵԱՆ Բարեկա՛մ, չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, սակայն անհամբեր եմ ու առանց սպասելու արձագանգիդ` ահա կը շարունակեմ գրել ոչ թէ կրկնելու նախապէս ըսուածը, այլ` հետդ վերընթերցելու պատմութիւնը եւ փակագիծներ բանալու: Պատմաբան չեմ ակադեմական իմաստով, ոչ ալ յաւակնութիւն ունիմ ըլլալու: Եթէ ինքզինքս բնորոշելու ըլլամ` ես ընթերցող եմ, գրականութեան բոլոր սեռերու անյագ ընթերցող, փիլիսոփայութենէն, կրօնէն մինչեւ ընկերային գիտութիւններ եւ հետեւող անոնց շարժման` ժամանակի...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ազգային Օրհներգը Ենթակայ Չէ Փոփոխութեան Եւ Վերջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Յանկարծ կ՛իմանանք, որ անհասկնալի փութկոտութեամբ մը եւ դեռ որեւէ այլ փոփոխութիւններու չձեռնարկած` Հայաստանի իշխանական համակարգը հրապարակ իջած է Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգը փոխելու... Այո՛, սիրելիներ, ճիշդ լսեցիք. բազմաթիւ սերունդներու հաւատքով վճռահատուած ու հաստատագրուած եւ մեր ազգային միասնականութիւնը խորհրդանշող ազգային օրհներգը` «Մեր հայրենի՛ք»-ը այսօր յանկարծ ենթակայ է շնորհազրկման ձեր իսկ ընտրած խորհրդարանի ղեկավարութեան կողմէ: Եւ այս գործին նախաձեռնողը նոյնինքն Հայաստանի...

Տեսակէտ.  Մարզանքէ Մը Անդին… Համազգային Յաղթանակ

Քաղաքական Անդրադարձ. Ներկայիս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները Եւ Արցախեան Հիմնախնդիրը

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Վերջին շրջանին Ազրպէյճան-Իրան քաղաքական մերձեցումը դուռ բացաւ որոշ մտահոգութիւններու: Դիմատետրի վրայ եղան զանազան մեկնաբանութիւններ: Շատեր ընդգծեցին, որ Ազգային ժողովին մէջ Իրանի մասին կատարուած անհիմն արտայայտութիւնները (որակելով Իրանը իբրեւ բռնատիրական երկիր) պատճառ դարձան, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր յարաբերութիւնը Երեւանի նոր իշխանութիւններուն հետ: Արցախեան ազատագրական պատերազմի սկզբնական շրջանին Իրան հայամէտ դիրքորոշում չորդեգրեց, որովհետեւ յոյս ունէր, որ իր...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Բանալին Դարձեալ Ձախին Ձեռքն Է

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 17 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսան Ֆրանսայի մէջ` ընդդէմ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարած` վառելանիւթի գիներու բարձրացումի որոշումին: Ցոյցերուն կազմակերպումը ստանձնած է, այսպէս կոչուած, «Դեղին բաճկոններ»-ու շարժումը: Ցոյցերը հիմնականին մէջ կը հետապնդէին վերջ տալ վառելանիւթի գիներու բարձրացման, սակայն  հետագային, մանաւանդ երբ կառավարութիւնը վեց ամիսով յետաձգեց վառելանիւթի` 1 յունուար 2018-էն ծրագրուած թանկացումը, ցոյցերը սկսան կազմակերպուիլ ընդդէմ կառավարութեան նոր-ազատական...

ՀՅԴ-ն Հաղորդում Ներկայացուցած Է Արցախի Հանրապետութեան Դատախազութեան

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կիզակէտը

Երբ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի վերջին օրերուն ժողովականները կրկին կը հանդիպէին «Կովկասի Զուիցերիոյ»` Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, միեւնոյն ժամերուն Զուիցերիոյ Ալպեան լեռնաշղթայի զբօսաշրջական հանրածանօթ Տաւոս աւանին մէջ մէկ ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող տեսակցութիւն մը տեղի կ՛ունենար խորհրդարանական վարչակարգով ղեկավարուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի միջեւ: Ձմեռնային հանրածանօթ զբօսավայրին մէջ տնտեսական եւ պարզ յարաբերական բնոյթ ունեցող հանդիպումներու...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Մեթթի Տումանեանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետի Կարգ»-ի Շքանշանով Պարգեւատրեց Մեթթի Տումանեանը

Շաբաթ, 26 յունուար 2019-ի երեկոյեան, յարգելով կաթողիկոսարանի եւ «Թռչնոց բոյն»-ի, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի նուիրատու տոքթ. Գրիգոր Տումանեանին յիշատակը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետի կարգ»-ի շքանշանով պարգեւատրեց անոր այրին` Մեթթի Տումանեանը: Պարգեւատրման ներկայ էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, ինչպէս նաեւ Տումանեան ամոլին զաւակները` տոթք. Կրեկ...

Համացանցը Երբեմն Հմայող Լոյս Ալ Կը Բերէ

Համացանցը Երբեմն Հմայող Լոյս Ալ Կը Բերէ

Յ. Պ. Համացանցը տնավարի շատախօսութեան բեմ է: Երբեմն ալ լոյս կը բերէ: Այսօր պատմութիւն սորվեցայ: Երանի ուրիշներ ալ, փոխանակ խորհելու, որ պատմութիւնը իրենցմով կը սկսի, ըսուածն ու գրուածը լսեն, առաջ երթալու համար երբեմն ալ ետ նային: Ռաֆայէլ Համբարձումեանը չեմ ճանչցած: Երբեմն իր անուան կը հանդիպիմ համակարգիչիս պատուհանին մէջ երեւցող նամակներու (մէյլերու) շարքին: Այսօր կարճ գրութեամբ մը պատմութեան ուշագրաւ դաս մը...

Կոմիտասի Եւ Յովհաննէս Թումանեանի  150-Ա  ամեակները Ներառուած Են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Յոբելենական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ

Կոմիտասի Եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-Ա ամեակները Ներառուած Են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Յոբելենական Իրադարձութիւններու Օրացոյցին Մէջ

Այս մասին 29 յունուարին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեանը: Հայաստանի` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեանն ալ նշեց, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուքական դիմում ներկայացնելու օրացուցային օրերու համար, եւ միշտ խնդիր եղած է ընտրութեան հարցով: Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի...

Ուխտի Ճանապարհներ.  Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոն  (Գ)

Ուխտի Ճանապարհներ. Այց Կոմիտասի Անուան Պանթէոն (Գ)

ՎԱՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Վահան Տէրեանի Գերեզմանատան Բուռ Մը Հողը Տխուր-տրտում, զիս յուզող իմ ամենասիրելի բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի հետեւեալ երկտողը մտաբերելով` կը կանգնիմ պանթէոնի իր յուշաքարին առջեւ. «Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ գալու, Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով»: Կարդացած եմ. «Թախիծը օտար չէ մեր հոգիին: Վ. Տէրեանի թախիծը կու գայ ոչ թէ օտար...

Page 473 of 806 1 … 472 473 474 … 806

Արխիւներ