ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Ահա հանգիստ հող կը մտնեմ,
Յոյսըս դուք էք, ընկերնե՛ր,
Շարունակէք մեր սուրբ գործը,
Դաշնակցութեան վեհ քաջեր»:
Հայ ժողովուրդը Հայոց ցեղասպանութենէն եւ հայոց տարագրութենէն ետք բազում արհաւիրքներ ապրած է, յատկապէս` անոնք, որոնք ջարդի ու տեղահանութեան ականատես վկաները դարձած են: Սփիւռքի ու յատկապէս Լիբանանի մէջ այդքան ալ հեզասահ չէ ընթացած գաղութի կազմաւորումը, մանաւանդ երբ ամայի եւ անմարդաբնակ հողատարածքը պիտի վերածուէր բնակչութեամբ եռուն բնակավայրի մը: Այդ սերունդի մարդոց արժանի յարգանք պէտք է ընծայել, որոնք հայ ինքնութեան պահպանման ի խնդիր մեծ զոհողութիւններ յանձն առին: Երբ ականջալուր դառնանք ականատեսի իրենց վկայութեան, կը նկատենք, որ ջարդի ու տեղահանութեան սերունդի պատկանողները օժտուած էին համբերութեամբ, հաստատուն կամքով ու դարձեալ հայկական օճախ կառուցելու եւ գոյատեւելու սրբազան առաքելութեամբ: Ուրեմն մենք` Ցեղասպանութեան երրորդ սերունդի պատկանողներս, որքա՜ն երախտապարտ պէտք է ըլլանք առաջին, հեռատես եւ անզիջող սերունդի աննկուն կամքին եւ գոյատեւման պայքար մղած նուիրեալ հայորդիներու հանդէպ: Առանց այդ պատասխանատուներու եւ հայրենակիցներու պայծառ տեսլականին` այսօր սփիւռքի գոյութիւնը խաթարուած պիտի ըլլար:
Ահա Մուսա Լերան հերոսամարտի տեղահանութենէն վերապրած մը` յանձինս Զոհրապ Ինճէեանի, քառասուն օրեր առաջ իր հոգին կ՛աւանդէր եւ կը միանար փաղանգին այն հազարաւոր նուիրեալ դաշնակցականներու, որոնք օրն ի բուն ազգապահպանման ջահը վառ պահեցին:
Զոհրապ Ինճէեանը` բնիկ մուսալեռցի, ծնած է 1935-ին եւ իր հայրենակիցներուն հետ չորս տարեկանին բռնած է գաղթի ճամբան ու կայք հաստատած` Լիբանան: Անոր մանկութեան յուշերը լաւագոյնս կը վկայեն հայուն ապրած Գողգոթայի ճանապարհը: Այնճար հայաւանը, որ մուսալեռցիներուն տրամադրուեցաւ, սոսկ ճահճահուտ հողատարածք մըն էր, ուր կեանքի նուազագոյն պայմանները բացակայ էին: Համաճարակ, հիւանդութիւններ, անօթութիւն, ցուրտ կլիմայ եւ ասոնց զուգահեռ` հայապահպանում անյետաձգելի խնդիրներ, որոնք ֆրանսացիներու, ինչպէս նաեւ ձեռներէց հայորդիներու, յատկապէս Մովսէս Տէր Գալուստեանի ջանքերով դժուար յաղթահարելի եղան: Ան նախակրթութիւնը ստանալէ ետք գիւղի վարժարանին մէջ, պատանի տարիքէն կը նետուի կեանքի ասպարէզ` իբրեւ կօշկակար: Կ՛անդամագրուի ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերուն` 1967-ին:
Հայկական ընտանեկան բոյնը կը կազմէ եւ կ՛ամուսնանայ Մարի Տէօքմեճեանի հետ: Կը բախտաւորուի 4 զաւակներով` 3 մանչ եւ 1 աղջիկ: Դժբախտաբար իրենց հոգին փոթորկեցաւ, երբ անակնկալօրէն կորսնցուցին իրենց երկրորդ մանչ զաւակը փոքր տարիքին:
Ան երկար տարիներ անդամակցած է ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին եւ իր անմնացորդ մասնակցութիւնը բերած` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին թաղային պաշտպանութեան, «Սան Մարինոյի» կեդրոնին մէջ: Ան հաւատաւոր դաշնակցական զինուոր եղած է, բծախնդիր ու ճշդապահ կուսակցական: Կը հաւատար Դաշնակցութեան ուժին եւ անոր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնացած է մինչեւ մահ: Ան հարցերը լաւ դիտելու կարողութիւնը ունէր եւ իր կեցուածքներուն մէջ կարծր էր: Իր ժամանակի «Սարդարապատ» ակումբի դաշնակցական նուիրեալ գործիչները, ինչպէս` Աբօ Աշճեանը, Խաչիկ Արապեանը, Խաչիկ Պասմաճեանը, Յակոբ Կարպուշեանը եւ ուրիշներ մեծ ազդեցութիւն ձգած են իր վրայ:
Ան բուռն ընթերցասէր էր: «Ազդակ» օրաթերթը իր ամէնօրեայ հոգեւոր սնունդն էր, որուն միջոցով իրազեկ կը դառնար կուսակցական թէ հայաստանեան լուրերուն: Կը գուրգուրար ոսկեղենիկին վրայ: Հայերէն բացատրողական բառարանները (Կռանեան, Գայայեան) իր մնայուն ընթերցանութեան եւ պրպտումի աղբիւրները կը կազմէին: Իսկ կուսակցական գրականութիւնն ու ազգային-յեղափոխական երգարանը ներշնչման աղբիւրներ էին իրեն համար: Ան նաեւ եկեղեցասէր էր: Թէ՛ Պուրճ Համուտի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ թէ՛ Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցիներուն մէջ ս. պատարագներուն ներկայութիւնը հոգեւոր սփոփանք էին: Ան կը քաջալերէր իր շրջապատը` Աստուծոյ տաճար յաճախելու: Այս ձեւով ան քրիստոնէական ապրող կեանքի տիպար դարձաւ:
Իր կեանքի բնորոշ յատկանիշներն են` ընտանեկան սէրը, գուրգուրանքը, եկեղեցասիրութիւն, տիպար դաշնակցական եւ հայասէր ըլլալը:
Իրեն համար Այնճար հայաւանը մնայուն ներշնչման եւ կազդուրման աղբիւր էր: Ամէն գարնան իր կնոջ հետ կը փոխադրուէր Այնճար` վայելելու բնութեան բարիքները, ցանքով զբաղելու եւ գիւղի ազգային մթնոլորտը ըմբոշխնելու:
Երէց սերունդի անդամ Զոհրապ Ինճէեանը մէկ տարի առաջ անակնկալօրէն կորսնցուց իր կողակիցը, որուն բացակայութիւնը մեծ ցաւ պատճառեց իրեն: Դժբախտաբար անողոք հիւանդութիւնն ալ կայք հաստատեց իր մարմնին մէջ: Յոգնատանջ մարմինը չկրցաւ դիմադրել եւ կեանքին հրաժեշտ տուաւ 27 դեկտեմբերի ցուրտ օր մը:
Իր մահով ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն, Այնճար հայաւանը եւ իր սիրասուն ընտանիքը կորսնցուցին հայրենասէր ու նուիրեալ կուսակցական եւ տիպար հայր մը:
Զոհրապ Ինճէեանը իր մահով լուռ պատգամ մը կու տայ բոլորին: Այս առիթով դաշնակցական գործիչ Պետրոս Սերեմճեանի յիշատակին գրուած երգը լաւագոյն պատգամն է այդ կեանքի թոհուբոհին մէջ ապրողներուս` շարունակելու մեր ընթացքը ու յիշելու մեզմէ բաժնուողներուն իմաստալից կեանքն ու գործունէութիւնը:
Հանգիստ յոգնատանջ ոսկորներուդ:
Հողը թեթեւ գայ վրադ:


