Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանալին Դարձեալ Ձախին Ձեռքն Է

Փետրուար 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

17 նոյեմբեր 2018-էն սկսեալ բողոքի զանգուածային ցոյցեր սկսան Ֆրանսայի մէջ` ընդդէմ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարած` վառելանիւթի գիներու բարձրացումի որոշումին:

Ցոյցերուն կազմակերպումը ստանձնած է, այսպէս կոչուած, «Դեղին բաճկոններ»-ու շարժումը: Ցոյցերը հիմնականին մէջ կը հետապնդէին վերջ տալ վառելանիւթի գիներու բարձրացման, սակայն  հետագային, մանաւանդ երբ կառավարութիւնը վեց ամիսով յետաձգեց վառելանիւթի` 1 յունուար 2018-էն ծրագրուած թանկացումը, ցոյցերը սկսան կազմակերպուիլ ընդդէմ կառավարութեան նոր-ազատական քաղաքականութիւններուն, որոնք կը պարունակեն սեփականաշնորհումներ ու խստամբերութիւն:

«Դեղին բաճկոններ»-ուն ցոյցերը` իբրեւ ընկերային-տնտեսական բնոյթ կրող ցոյցեր, համակրանքը շահեցան տարբեր քաղաքական ուժերու, որոնք կը պատկանին տարբեր քաղաքական ուղղուածութիւններու` արմատական ձախէն մինչեւ ծայրայեղ աջ:

Ֆրանսայի ամէնէն ազդեցիկ աշխատաւորական միութիւններէն մէկը` Աշխատանքի ընդհանուր համադաշնակցութիւնը, որ նախագահ Մաքրոնի պաշտօնի ստանձնումի օրէն մինչեւ այսօր կը շարունակէ ընդդիմանալ անոր ընկերային-տնտեսական քաղաքականութիւններուն, նոյնպէս ցուցարարներուն զօրակցելու կոչ ուղղեց եւ միացաւ փողոցին:

Յատկանշական է, սակայն, Ընկերվարական կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը: Ընկերվարականները ցոյցերուն սկիզբէն արդէն քննադատած էին կառավարութեան քայլերը եւ նոյն ատեն զսպուածութեան կոչ ուղղած էին թէ՛ ցուցարարներուն եւ թէ՛ ոստիկանութեան`արիւնաhեղութենէ հեռու մնալու համար: Ընկերվարականները 18 դեկտեմբեր 2018-ին Ազգային ժողովի եւ ծերակոյտի ընկերվարական խմբակցութիւններուն միջոցով հրապարակեցին նախաձեռնութիւն մը, որ կը միտի վերահաստատել հարստութեան վրայ հարկը:

Հարստութեան վրայ հարկին (սեփականութեան վրայ հարկ) վերաբերեալ խօսակցութիւնը առաջին անգամ  շրջանառութեան մէջ դրուած է 1981-ին նախագահական ընկերվարական թեկնածու Ֆրանսուա Միթերանի կողմէ: Հարկի այս տեսակը 1982-ին կը հաստատուի ընկերվարական վարչապետ Փիեր Մորուայի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին եւ կը ջնջուի 1986-ին` պահպանողական Ժաք Շիրաքի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին, ապա կը վերահաստատուի 1988-ին` ընկերվարական Միշել Ռոքարի վարչապետութեան ժամանակաշրջանին:

Ըստ Ֆրանսական «Հարկերու համար միացուած ազգային միութեան», միայն 2007-ին 528.000 հարկ վճարող պետական մարմինին հարստութեան վրայ հարկ վճարեց 4,42 երկիլիոն եւրօ: Բոլոր հարկերը կը հաւաքուէին պետութեան գանձարկղին մէջ, որով պետութիւնը կը նպաստէր հանրային եւ ընկերային ծառայութիւններուն:

Սեպտեմբեր 2017-էն սկսեալ Ֆրանսական կառավարութիւնը, նպատակ ունենալով քաջալերել մեծ ձեռնարկութիւնները, ջնջեց հարստութեան վրայ հարկը:

Զգալի են հարստութեան վրայ հարկի ջնջման բացասական հետեւանքները. պետութեան հաւաքած ընդհանուր գումարին նուազիլը ստիպեց կառավարութեան նուազեցնել պետական նպաստի ծախսերը` հանրային եւ ընկերային ծառայութիւններուն, եւ անոր փոխարէն` դիմել սեփականաշնորհումներու:

Այսօր ընկերվարականներուն առաջադրած` հարստութեան վրայ հարկի վերահաստատումը զանոնք դարձեալ կը մղէ Ֆրանսայի քաղաքական հրապարակ եւ դարձեալ կապ կը ստեղծէ Ընկերվարական կուսակցութեան եւ աշխատաւոր դասակարգին միջեւ. կապ մը, որ խզուած էր 2014-էն սկսեալ` վարչապետ Մանուել Վալսի վարած տնտեսական ազատական քաղաքականութիւններուն պատճառով:

 

Նախորդը

Արցախի Մէջ Նշուած Է Նահատակ Հրամանատար Դաշնակցական Պետոյի Ծննդեան 55-ամեակը

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Ներկայիս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները Եւ Արցախեան Հիմնախնդիրը

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?