Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Կը Չարաշահէ Ինթերփոլը Ներկայ Վարչակարգին Հակառակորդները Արտայանձնելու Համար

February 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ  
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրքիա եւ բռնակալ քանի մը այլ կառավարութիւններ հետզհետէ աւելի կը չարաշահեն իրենց անդամակցութիւնը Ինթերփոլի կառոյցին` իրենց հակառակորդները հետապնդելու եւ պատժելու համար: Ինթերփոլ կամ Քրէական ոստիկանութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ են 194 երկիրներ, կը զբաղի անդրազգային յանցագործութիւններու դէմ պայքարով:

Թէեւ Ինթերփոլի կանոնադրութեամբ արգիլուած է անհատներու հետապնդումը քաղաքական, կրօնական, ռազմական կամ ցեղային պատճառներով, բայց եւ այնպէս, քանի մը անդամ պետութիւններ տակաւին կը շարունակեն չարաշահել Ինթերփոլի իշխանութիւնը` իրենց հակառակորդները հետապնդելու նպատակով:

Թուրքիոյ կառավարութեան Ինթերփոլէն վերջին պահանջն էր ձերբակալել եւ երկրէն դուրս հանել NBA-ի թրքական ծագում ունեցող պասքեթպոլի մարզիկ Էնես Քանթերը` անոր անունը տեղադրելով Ինթերփոլի ծանուցման կարմիր ցուցակին մէջ: Քանթերը մերժած է իր խումբին` «Նիւ Եորք Նիքս»-ի հետ թռչիլ դէպի Լոնտոն, NBA-ի խաղի համար: Ան ըսած է, որ ինք Էրտողանի կառավարութեան կողմէ անիրաւօրէն մեղադրուած է իբրեւ «ահաբեկիչ» եւ  կը վախնայ, որ թուրք գործակալները զինք սպաննեն Լոնտոնի մէջ:

Ապտուլլահ Պոզքուրտ «Թրքական վայրկեան» կայքին մէջ 9 մայիս 2017-ին գրած է, որ Քանթերը «հազիւ ինքզինք ազատած է Ճաքարթա [Ինտոնեզիա] գտնուած ժամանակ, ուր ան կանգ առած էր բարի կամքի համաշխարհային շրջապտոյտի ընթացքին: Ինտոնեզիական բանակը եւ գաղտնի ծառայութիւնը ներխուժած էին դպրոց, ուր նախատեսուած էր ձեռնարկը` զայն Թուրքիոյ պահանջին հիմամբ ձերբակալելու համար, սակայն ան յաջողեցաւ հեռանալ Ինտոնեզիայէն դէպի Ռումանիա: Միացեալ Նահանգներ վերադառնալու ճամբուն վրայ, Պուքրէշի Հենրի Քոանտայի միջազգային օդակայանին մէջ զայն ձերբակալած են, քանի որ անոր անձնագիրը չեղեալ յայտարարուած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ: NBA-ի աստղը  հետագային  ազատ  արձակուեցաւ`  Միացեալ  Նահանգներու պաշտօնեաներու միջամտութենէն ետք, զոր կատարուեցաւ իր անունով: Ան կը մնայ Էրտողանի ուժեղ քննադատը` իր իրաւունքներու ոտնահարման պատճառով»:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթի սիւնակին մէջ Քանթերը գրած է. «Ոեւէ մէկը, որ կը խօսի անոր [Էրտողանի] դէմ, թիրախ է: Ես հաստատօրէն թիրախ եմ: Էրտողան կը ցանկայ զիս  վերադարձնել Թուրքիա,  ուր ան կրնայ լռեցնել զիս»: Քանթերը ըսած է «Նիւզուիք» ամսագիրին, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը «մեր դարուն Հիթլերն է»: ESPN-ի համաձայն, Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարուան նոյեմբերին Ինթերփոլէն պահանջած է աւելի  քան 80 մարդ ձերբակալել տարբեր երկիրներու մէջ եւ զանոնք յանձնել Թուրքիոյ…

Թուրք քանի մը այլախոհներ դժուարութեամբ խոյս տուած են թրքական կառավարութեան` Ինթերփոլի միջոցով երկարատեւ հետապնդումներէ: Անցեալ տարուան հոկտեմբերին Թուրքիա պահանջած է, որ Ինթերփոլ ձերբակալէ եւ արտայանձնէ «Ճումհուրիէթ» թերթի նախկին խմբագիր Քան Տունտերն ու «Ահուալ» լրատուական կայքի խմբագիր Իլհան Թանիրը: «Ես մէկը չեմ սպաննած, մենատիրական ընկերութիւն չեմ ղեկավարած, դրամատուն չեմ թալանած կամ որեւէ այլ վատ բան չեմ ըրած, որ արդարացնէ միջազգային մարդորսութիւնը», գրած է Թանիրը: «Թուրքիոյ կառավարութիւնը զիս կը հետապնդէ լրագրողական գործունէութեանս համար»:

Լրագրող, հեղինակ, մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ռակիփ Զարաքօղլուին անունը տեղադրուած էր Ինթերփոլի կարմիր  ծանուցման ցուցակին մէջ` զայն ձերբակալելու եւ Թուրքիոյ յանձնելու համար: Ան ներկայիս կը գտնուի Շուէտ` Էրտողանի ճանկերէն հեռու եւ ապահով:

Ուրիշ թուրք լրագրող մը, սակայն նոյնքան բախտաւոր չեղաւ: Համզա Եալչինը, որ փախած էր Շուէտ, 2017 թուականին Ինթերփոլը, Թուրքիոյ պահանջով, ձերբակալեց Սպանիա կատարած անոր այցելութեան ժամանակ: Ան ազատ արձակուեցաւ երկու ամիս անց, Շուէտի եւ Գերմանիոյ կառավարութիւններու կողմէ գործադրուած ճնշումներէն ետք:

«Մենք կ՛ողջունենք Սպանիոյ կառավարութեան որոշումը, որ կը վկայէ միջազգային իրաւունքի յարգման մասին», յայտարարեց «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը: «Համզա Եալչինի ազատ արձակումը յստակ պատգամ էր` ուղղուած Թուրքիոյ կառավարութեան, որ Ինթերփոլը պէտք չէ օգտագործուի երկրէն դուրս փախած լրագրողներու` քաղաքական նպատակներով հետապնդման համար»:

2016 յուլիսի յեղաշրջման ձախողութենէն կարճ ժամանակ անց Թուրքիա 60 հազար կարմիր ծանուցման պահանջ ուղարկեց Ինթերփոլի: Կարմիր ծանուցումները միայն ծանր յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուող մարդոց համար են, եւ Ինթերփոլի կանոնադրութիւնը կոչ կ՛ընէ երկիրներուն` չօգտագործել համակարգը քաղաքական նպատակներու համար եւ գործել մարդու իրաւունքներու միջազգային չափանիշներու ոգիով: Թուրքիա, Չինաստան, Ռուսիա եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կոպտօրէն կը խախտեն այս կանոնակարգը, յայտարարած է «Ֆորէյն փոլիսի» ամսագիրը:

2017 ապրիլին ընդունուած բանաձեւին մէջ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը կոչ ըրած է Ինթերփոլի` «Շարունակել բարելաւել իր կարմիր ծանուցման ընթացակարգը` չարաշահումները առաւել արդիւնաւէտ կերպով կանխարգիլելու եւ ջնջելու համար»: «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութեան արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ գրասենեակի ղեկավար Ճոհան Պիրը յայտարարած է, որ` «տասնեակ մը թուրք լրագրողներ ստիպուած եղած են երկրէն փախչելու` 2016 յուլիսի թրքական յեղաշրջման ձախողութենէն ի վեր: Սակայն, ինչպէս աշխարհի բոլոր տարագիր լրագրողներուն, անոնց եւս կը սպառնայ Ինթերփոլի քաղաքական չարաշահումը: Ինթերփոլի կողմէ սկիզբ առած բարեփոխումները պէտք է իրենց աւարտին հասցնել կարելի եղածին չափ շուտ, որպէսզի այդ կառոյցը կարենայ ինքզինք աւելի լաւ պաշտպանել Թուրքիոյ եւ բռնակալ միւս պետութիւններու անարդար պահանջներէն»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Արցախի Տագնապին Շուրջ Դիւանագիտական Ոլորապտոյտը Աւելի Քան Յստակ Է

Յաջորդը

Ուշագրաւ Հրատարակութիւն Մը Կորած Լեզուի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.