Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի Յայտարարութիւնը` Հայկական Դպրոցներուն Դէմ Կատարուած Անարգ Յարձակումին Առիթով

February 4, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական վարժարանները այն միջավայրը կը տրամադրեն, ուր մեր երիտասարդները ամէն օր կը հաւաքուին եւ բարենպաստ պայմաններու մէջ կը ստանան բարձրորակ կրթութիւն: Այս հաստատութիւնները կը ծառայեն իբրեւ հիմնասիւներ, որոնք յաջորդական մեր սերունդներուն ազգային մեր ժառանգութեան տէր դառնալու, պատմութիւնը իմանալու, լեզուին տիրապետելու եւ Հայ դատը հետապնդելու պայմաններ կը ստեղծեն: Մեր վարժարանները, ըստ էութեան, մեր պատմական հայրենիքէն հեռու հարազատ օճախներ են, որոնք նուիրական տարածքներ կը համարենք:

Մեր լեզուն ու մշակոյթը պահպանելու յանձնառութեամբ տոգորուած Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներն էին, որ հիմնեցին այս վարժարանները` իբրեւ ազգային մեր հաւաքականութեան գոյատեւման կռուաններ:

Այս մեկնակէտէն է, որ մենք` Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու պատերուն մութ անձերու կողմէ թրքական դրօշակներ զետեղելու անարգ քայլը կը նկատենք մեր ամբողջ հաւաքականութեան դէմ կատարուած ատելավառ յանցագործութիւն:

5000 տարուան քաղաքակրթութեան մը ոչնչացման ու տեղահանման պատասխանատու եւ իր ցեղասպան արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնել մերժող պետութեան մը դրօշի տեղադրումը մեր վարժարաններու պատերուն վրայ մենք կը նկատենք ցաւագին եւ խիստ վիրաւորական:

Այս արարքը կը ծառայէ իբրեւ յիշեցում, որ անպատիժ մնացած ոճիրը նոր ոճիրներու ճամբայ կը բանայ: Վերջին 48 ժամերուն Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ազգային Ֆերահեան եւ ՀԲԸՄ-ի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարաններու տնօրէնութիւնները, ինչպէս նաեւ ազգային առաջնորդարանի խնամակալ մարմինն ու տեղական բազմաթիւ կազմակերպութիւններ պահանջեցին ոստիկանութենէն ու քաղաքական անձնաւորութիւններէն վճռականօրէն արձագանգելու այս ոճրային արարքին եւ ապահովելու մեր հաստատութիւններու ու սրբավայրերու անվտանգութիւնը:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն իր ամբողջ կառոյցով ու շարքերով զօրավիգ կը կանգնի մեր վարժարաններուն, աշակերտութեան, ուսուցչական կազմերուն եւ ամբողջ համայնքին` եւ իր բոլոր կարելիութիւններով կը պայքարի ընդդէմ վատոգի եւ ատելավառ յարձակումներու` ապահովելու համար մեր համայնքային հաստատութեանց անվտանգութիւնը:

ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Հարցազրոյց Սոփրանօ Շողիկ Թորոսեանին Եւ Աշոտ Բագրատունիին Հետ` «Երազ» Երգի Հրապարակման Առիթով

Յաջորդը

Դաշնակցութեան Գերագոյն Ընկերական Զրոյցը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.