Յ. Պ.
Համացանցը տնավարի շատախօսութեան բեմ է: Երբեմն ալ լոյս կը բերէ:
Այսօր պատմութիւն սորվեցայ: Երանի ուրիշներ ալ, փոխանակ խորհելու, որ պատմութիւնը իրենցմով կը սկսի, ըսուածն ու գրուածը լսեն, առաջ երթալու համար երբեմն ալ ետ նային:
Ռաֆայէլ Համբարձումեանը չեմ ճանչցած: Երբեմն իր անուան կը հանդիպիմ համակարգիչիս պատուհանին մէջ երեւցող նամակներու (մէյլերու) շարքին: Այսօր կարճ գրութեամբ մը պատմութեան ուշագրաւ դաս մը տուած էր: Իր գրութիւնը ղրկած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան: Կը յուսամ, որ կը կարդան, եւ շատեր ինծի պէս կը զարգանան:
Ռ. Համբարձումեանի կարճ գրութեան մէջ ուսանելի տեղեկութիւններ կան մեծերու եւ փոքրերու համար:
Հայ բանակի օրը նշուած է Հայաստանի մէջ: Սփիւռք(ներ)ն ալ արձագանգեց:
Ռ. Համբարձումեան կատարած է պատմագիտական պարկեշտ ճշդումներ, զորս հասկնալով եւ անոնց հետեւելով` մենք մեզ կը ճանչնանք, ինչ որ քաղաքական հասունացման քայլ է: Մէկ էջ գրութենէն կը ստացուին տեղեկութիւններ, որոնք կը հարստացնեն մեր ներկան եւ ըմբռնումները:
Ա.- Հակառակ մեր անմիջականէն բխած օրաթերթային ըմբռնումներուն` հայոց պետական բանակի վերականգնումը վերանկախացման շրջանի` 1992 թուականին տեղի չէ ունեցած, ինչպէս կ’ըսուի: Կը կարդանք, որ 26 յունիս 1918 թուականին «Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնում հիմնադրուած ռազմական նախարարութիւնը արձանագրեց ո՛չ թէ հայոց բանակի ԾՆՈՒՆԴԸ, այլ` ՀԱՅՈՑ ՊԵՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԸ»: Ուրեմն հարիւր տարի առաջ կատարուած է հայոց բանակի վերականգնումը: Ինչո՞ւ վերականգնում:
Բ.- Կը կարդանք. «Հայոց պատմութիւնը սկսւում է Յիսուս Քրիստոսի յայտնութիւնից 2492 տարի եւ մեզանից աւելի քան 4509 տարի առաջ, Հայոց Մեծ թուարկանութեան նաւասարդի 1-ին, այսօրուայ տոմարով` օգոստոսի 23-ին, Հայկ նահապետի ԱԶԱՏԱՄԱՐՏՈՎ»:
Գ.- «Աւելի քան ՉՈՐՍՈՒԿԷՍ հազարամեայ հայոց բանակը ՊԵՏԱԿԱՆՕՐԷՆ «27 տարեկան է» ասել-յայտարարելը լինելով ողբալի տգիտութիւն` ԱՆՎԵՐԱՊԱՀՕՐԷ՛Ն նաեւ հայոց պատմութեան պղծագործութիւն է, որից Հայաստանի իշխանութիւնները ԱՆՅԱՊԱՂ պէտք է զտուեն»:
Դ.- «Այնպէս որ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է ԱՆՅԱՊԱՂ չեղարկի յունուարի 28-ը հայոց բանակի հիմնադրութեան տօն նշանակելու անտեղեակութիւնը եւ հայոց պետական բանակի վերականգնումի եւ տօնախմբումի տօն նշանակի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ազդարարած հայոց բանակի վերականգման օրը` յունիսի 26-ը, երբ կառավարութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմական նախարար նշանակեցին կուսակցական զօրավար Հախվերդեանին»:
Այս ճշդումները ոչինչով կը նուազեցնեն հայոց բանակի իրագործումները եւ արժէքը: Ընդհակառակն, կը զարգանայ շարունակութիւն եւ հաւատարմութիւն ըլլալու գիտակցութիւնը` ըսելու համար, որ Հայաստանը Խաղաղականի կղզիներու «պանանային հանրապետութիւն չէ», այլ` դարերու խորքէն եկած ազգի մը պետութիւն:
Հայոց բանակը պատմութիւն ունի, Հայկ նահապետէն մինչեւ մեր օրերը: Այս գիտակցութեան զարգացումը հայ զինուորին եւ հայ մարդու միտքին եւ հոգիին մէջ ինքնավստահութեան եւ ազգակերտման լուսաւոր ճանապարհ է:
Ռ. Համբարձումեան իր լուսաբանութիւնը ղրկած է Հայաստանի Ազգային ժողովին եւ կառավարութեան: Ինծի պէս շատեր ալ, ինչպէս նաեւ` կուսակցութիւնները, մամուլը, մտաւորականութիւնը, եթէ տեղեակ չէին անգամ, հիմա գիտեն:
Մենք մեզ տեսնելով մեր պատմութեան 4509 տարիներու մայրուղիին վրայ, այս եւ այլ պարագաներու, կ’ամրապնդենք մեր մէկութիւնը` արմատներու վրայ:
Ռ. Համբարձումեանին կատարած ճշդումը գիտոսիկի ինքնացուցադրութիւն չէ, այլ` այն խոր ըմբռնումը, որ ո՛չ նոր պետութիւն եւ ո՛չ նոր ազգ ենք:
Թերեւս օր մըն ալ պէտք է խօսիլ «Մէկ ազգ մէկ մշակոյթ» կարգախօսի շարունակութեան մասին եւ ըսել` համազգային բանակ, բազմագոյն սփիւռքներու իրաւ մասնակցութեամբ:
29/01/2019



