Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Կիզակէտը

Փետրուար 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովի վերջին օրերուն ժողովականները կրկին կը հանդիպէին «Կովկասի Զուիցերիոյ»` Արցախի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ, միեւնոյն ժամերուն Զուիցերիոյ Ալպեան լեռնաշղթայի զբօսաշրջական հանրածանօթ Տաւոս աւանին մէջ մէկ ժամէն աւելի տեւողութիւն ունեցող տեսակցութիւն մը տեղի կ՛ունենար խորհրդարանական վարչակարգով ղեկավարուած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւի միջեւ:

Ձմեռնային հանրածանօթ զբօսավայրին մէջ տնտեսական եւ պարզ յարաբերական բնոյթ ունեցող հանդիպումներու ընթացքին նաեւ կը կատարուին մտերմիկ տեսակցութիւններ եւ գլուխ-գլխի զրոյցներ: Այսպիսի պայմաններու մէջ կատարուեցաւ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը, որուն մասին կրնայ դեռ շատ բան գրուիլ:

Պատահական չէր հանդիպումը, այլ` ծրագրուած դէմ առ դէմ տեսակցութիւն մը, վստահաբար` մեծ պետութիւններու հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ: Միջանկեալ, Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան աշխատանքի շարունակուող սառեցումը անցեալ դեկտեմբեր 22-էն (ի վերջոյ լուծուած եւ վերացուած` յունուար 26-ին) ի վեր ՛ոչ մէկ ազդեցութիւն ունէր արտաքին հարցերով զբաղող կարգ մը պատասխանատուներու գործունէութեան վրայ: Այսպէս, Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթըն զրուցած է երկու երկիրներու ներկայացուցիչներուն հետ, որպէսզի կատարուի այս «պատահական եւ ինքնաբուխ հանդիպումը»:

Ի վերջոյ, երկու ղեկավարները չեն զրուցած քարիւղի, ձկնկիթի կամ տուֆ քարի ներածման եւ արտածման մասին: Այդ տեսակցութեան սպառիչ նիւթը արցախեան հիմնահարցը եղած է:

Արցախ մը, որ վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին եղած է հայութեան հիմնահարցը: Բնականաբար` ՀՅ Դաշնակցութիւնն ալ այս գծով եղած է ռահվիրան, եւ զուգադիպութիւն մը չէ, որ իր 129-ամեայ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ընդհանուր ժողովը կազմակերպէ «Տատիկի եւ պապիկ»-ի երդիքին տակ:

Այսպէս, պատահական չէր, որ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովը կը կատարուէր սուրբ հողի մը վրայ: Հող մը, որուն վրայ թարմ ու ջինջ են 1988-էն ի վեր կայք հաստատած, պայքարած, արիւն թափած  դաշնակցական ազատամարտիկներու հետքերը: Այդ ազատագրութեան յիշատակելի օրերէն շատ առաջ, Խամսայի մելիքութիւններու բազկերակէն ծնունդ առած են Արամ Մանուկեանի եւ Նիկոլ Դումանի նման առասպելական հերոսներ: Դումանի թանգարան-տունը` վկայ իր ազդեցիկ ու գերտպաւորիչ կառոյցով:

… Թէպէտ` երանի՜ Արամ Մանուկեանի Երեւանի բնակարանն ալ նմանօրինակ գուրգուրանքի ենթարկուած եւ տուն-թանգարանի վերածուած ըլլար, փոխանակ փլատակ պայմաններու տակ մնալու:

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր ժողովը զօրավիգ կանգնեցաւ  Արցախի արդար պայքարին, ազատ ինքնորոշման իրաւունքին, անկախութեան ու հողային ամբողջականութեան պահպանման եւ անոր ժողովրդային ու տարածքային միասնութեան անվտանգութեան: Դեռ աւելի՛ն. ժողովը հաստատեց, որ արցախեան հողը սրբազան արժէք մըն է` եւ այդ գծով ՀՅ Դաշնակցութիւնը գործ ունի կատարելիք յատկապէս միջազգային բեմահարթակներէն` ի խնդիր ամբողջական միջազգային ճանաչման, ազգային-ազատագրական եւ ինքնորոշման պայքարի պահպանման, ազատագրուած տարածքներու զարգացման եւ վերաբնակեցման:

Նախորդը

Կրինլենտի Գաղտնիքը

Յաջորդը

Արցախի Մէջ Նշուած Է Նահատակ Հրամանատար Դաշնակցական Պետոյի Ծննդեան 55-ամեակը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?