ՎԱՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Վահան Տէրեանի Գերեզմանատան Բուռ Մը Հողը
Տխուր-տրտում, զիս յուզող իմ ամենասիրելի բանաստեղծներէն Վահան Տէրեանի հետեւեալ երկտողը մտաբերելով` կը կանգնիմ պանթէոնի իր յուշաքարին առջեւ.
«Գնում եմ ես մի մութ աշխարհ, հեռու երկիր, էլ չեմ գալու,
Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով»:
Կարդացած եմ. «Թախիծը օտար չէ մեր հոգիին: Վ. Տէրեանի թախիծը կու գայ ոչ թէ օտար նախնիներէն, այլ ծննդավայրէն` չքնաղ Ջաւախքէն, որ պարուրուած է երազային մշուշով»:
Ան վախճանած է 6 յունուար 1920-ին, ռուսական Օրենպուրկ քաղաքը եւ թաղուած` տեղի հայկական գերեզմանատունը (որ այժմ վերացուած է), սակայն միայն մարտի սկիզբներուն «Մշակ»-ը իր «Վերջին տեղեկութիւններ» բաժնի մէջ կը տպագրէ. «Հաստատ աղբիւրից հաղորդում են, թէ բանաստեղծ Վահան Տէրեանը վախճանուել է»: Գրուած է «® Թաղեցին Տէրեանին այնպէս, ինչպէս խնդրել էր նա իր բանաստեղծութեան մէջ` ինձ թաղէք, երբ վերջին վերջալոյսն է մարում: Յունուարեան կարճ օրուան վերջում, երեկոն իջնելուց առաջ»: «Ինձ անխօս թաղեցէք®»:
Օրենպուրկի ղեկավարութիւնը Վահան Տէրեանին դուստրը` Նուարդ Տէրեանը, 1964-ին Երեւանէն կը հրաւիրէ Օրենպուրկ: Նախկին գերեզմանոցի սահմանէն հանդիսաւոր արարողութեամբ կը վերցնեն հող, որը Նուարդը կը բերէ Երեւան: Որպէս խորհրդանշական աճիւն մը իրմէ այդ գերեզմանատունէն հայրենիք բերուած բուռ մը հողը 1970-ին կ՛ամփոփուի Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ:
Իսկ 1940-ին Հայաստանի Գրողներու միութիւնը գրականագէտ Սագօ Սուքիասեանը գործուղած էր Օրենպուրկ: Ան մեծ դժուարութիւններով կը կարողանայ գտնել այն տունը, ուր իր վերջին օրերը ապրած է բանաստեղծը: Տեղի ղեկավարութեան աջակցութեամբ, հետը տարած մարմարէ ցուցանակը կը փակցուի տան ճակատին, որուն վրայ ռուսերէն եւ հայերէն գրուած էր. «Այս տանը իր կեանքի վերջին օրերն է ապրել հայ բանաստեղծ Վահան Տէրեանը: Անդամ ՀԿ(բ)Կ եւ ՀԿԳԿ»:
Գերեզմանին տեղը, գոնէ մօտաւոր ճշդութեամբ, անհնար կ՛ըլլայ պարզել: Թաղման մասնակիցներէն ոչ մէկը կը գտնուի: Հին գերեզմանը լքուած էր: Ժամանակին բանաստեղծի շիրիմին վրայ եղած է սոսկ փայտէ խաչ մը ու հակիրճ մակագրութիւն: Ձմեռուան բուք-բորանին խոր ձիւնի մէջէն ճանապարհ բանալով` տարեր-թաղեր են:
Սագօ Սուքիասեանը պատմած է. «Օրենպուրկէն վերադառնալէ առաջ ուզեցի անգամ մը եւս այցելել այն հողակտորը, որն իր մէջ կը պահէր մեզի համար խիստ թանկագին, մեր սիրելի բանաստեղծի աճիւնը»:
Վահան Տէրեան դեռ 1904-ին արտայայտած էր. «Տաղանդաւոր գրողները գեղեցկացնում են գրականութիւնը, տաղանդաւոր մարդիկ զարդարում են կեանքը»: Իրաւամբ իր գրականութիւնը գեղեցկացուց մեր գրականութիւնն ու զարդարեց մեր կեանքի սէրը:



