«ԱԿՕՍ»
«Բացի Պոլսոյ բարբառէն եւ արեւմտահայերէնէն` հայերէնի նուազագոյն երեք բարբառներ դեռ կը խօսուին Թուրքիոյ մէջ:
Արդուինի Հոփա եւ Պորչքա գաւառներու 23 գիւղերը եւ անոնցմէ ձուլուած ներքին սփիւռքը կը խօսի համշէներէն:
Անտիոքի Սամանտաղ (Մուսա լեռ, Ա.) գաւառի Վաքըֆլը գիւղը եւ հոնկէ ձուլուած քանի մը հարիւր հոգի կը խօսին Սուէտիոյ բարբառով:
Նուազ ծանօթ է Չանքըրըէն դէպի Ամասիա եւ Արդուին երկարող ընդարձակ տարածքի մը վրայ «փոշա» կամ «լոմ» կոչուած քոչւոր ժողովուրդի բարբառը: Այս երեք լեզուներն ալ կորուստեան շեմին են: Երեքն ալ իրարու հետ հաղորդակցելու կարելիութիւն չունենալու աստիճան օտարացած են, եւ բացի սիրողական մակարդակով քանի մը ուսումնասիրութիւններէ` երեքն ալ չեն ստուգուած: Մեր բարեկամ Հուրիյէ Շահին այս պայմաններու տակ ձեռնարկած է հսկայական գործի մը: Առանձինն կրցած է պատրաստել համշէնահայերէնի կատարեալ քերականութիւն մը:
Արեւմուտքի մէջ արդի լեզուագիտութիւնը նման բնոյթի աշխատութիւններով ծաղկած է: Բազմահազար լեզուագէտներ տքնաջան աշխատութիւնով ուսումնասիրած են քիչ ծանօթ խումբերու լեզուները: Եթէ ապագային Թուրքիոյ մէջ ալ լեզուաբանութիւն կոչեալ գիտութիւն մը ծաղկի, այդ գիտութեան առաջին օրինակները եկած պիտի ըլլան Հուրիյէ Շահինի նմաններուն աշխատութիւնով»:
Սեւան Նշանեան ահա այս տողերով կը բնութագրէ եւ կ՛ողջունէ նորատիպ այն աշխատութիւնը, որ ձօնուած է համշէնահայերէնի քերականութեան եւ հազիւ վերջերս մուտք գործած` գրախանութներու մէջ:
Հուրիյէ Շահին` իբրեւ մանկավարժ, երկար ու տքնաջան աշխատանքով յաջողած է գլուխ հանել այս ուսումնասիրութիւնը, որ իր տեսակին մէջ եզակի է: Նախ եւ առաջ այդ լեզուն օգտագործող համշէնցիներ բաւական երկար վարանած էին իրենց առտնին լեզուին արժէք մը ներկայացնելու խնդրին մէջ: Այդ է պատճառը, որ ժամանակի հոլովոյթով նուազած էր լեզուի գործածութիւնը, եւ նոր սերունդները ընդհանրապէս հեռացած էին իրենց մայրենիէն: Միւս կողմէ, սակայն, գրական գետնի վրայ լեզուն վերջերս կ՛արժանանար որոշ ուշադրութեան: Այդ է պատճառը, որ «Արաս» հրատարակչատունը հրատարակած էր Մահիր Էօզքանի «Համշէնի հեքիաթներ»-ը` իր բնագիրով եւ հայերէն տարբերակով:
Միաժամանակ կը հրատարակուի «Կոր» պարբերականը, որ իր կարգին կը փորձէ ընդլայնել Համշէնի բարբառի գոյատեւումը: Բոլոր այս յատկութիւններով ողջունելի գործ մըն է, որ լոյս աշխարհ կու գայ շնորհիւ Հուրիյէ Շահինի:


