Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրինակելի ՀՄԸՄ-ական Աբօ Գասապեանի Յիշատակին

February 2, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քառասուն օրեր առաջ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը կորսնցուց Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի կենսունակ եւ երախտաշատ դէմքերէն Աբօ Գասապեանը, որ 1937 թուականին ծնած է Պուրճ Համուտ, Նոր Ատանա թաղամաս, իսկ միութեան անդամակցած է փոքր տարիքէն` իբրեւ ֆութպոլի խումբի մարզիկ: Երկար տարիներ մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին, որուն խմբապետը եղած է տարիներ շարունակ, եւ որ, իր ջանքերով, բազմիցս նուաճած է Լիբանանի ախոյեանութեան բաժակը: Աբօ Գասապեան` իբրեւ տիպար մարզիկ, մաս կազմած է նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին` իբրեւ խմբապետ եւ մասնակցած` բազմաթիւ մրցումներու` Եւրոպայի, արաբական աշխարհի ու Ճափոնի մէջ եւ խումբին ապահոված է պատուաբեր արդիւնքներ:

ՀՄԸՄ-ական օրինակելի մարզիկ Աբօ Գասապեանը նաեւ ընտրուած է Ասիոյ լաւագոյն ֆութպոլիստը: Եղած է նաեւ փինկ փոնկի մարզիկ:

Աւելի ուշ եղբայր Աբօ սիրով ստանձնած է ՀՄԸՄ-ի երկրորդական եւ կրտսեր խումբերու վերակազմութիւնը եւ տարած է ապագայ մարզիկները պատրաստութեան անշահախնդիր աշխատանք: Եղած է ներկայացուցչական խումբի մարզիչ եւ թեքնիք պատասխանատու` միշտ շեշտը դնելով այն գաղափարին վրայ, որ ՀՄԸՄ-ը պարտութիւն չի ճանչնար, ուստի ամէն կարելի պէտք է ընել, որպէսզի մարզական խումբերը պատուաբեր եւ միութեան վայել յաղթանակներ կերտեն:

Մարզական կեանքին մէջ իր ունեցած յատկանշական ներդրումին կողքին, Աբօ Գասապեանը ընտրուած է ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, տարիներ շարունակ ծառայած է իբրեւ ֆութպոլի ներկայացուցիչ, ինչպէս նաեւ խումբի մարզիչ եւ պատասխանատու` միշտ մերժելով նիւթական որեւէ վարձատրութիւն:

Միութեան մէջ տարած իր նուիրեալ գործունէութեան համար ան արժանացած է ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» մետալին:

ՀՄԸՄ-ի նկատմամբ նուիրուածութիւնն ու սէրը փոխանցած է նաեւ իր երեք զաւակներուն:

Թէեւ Աբօ Գասապեանը առյաւէտ հեռացաւ մեզմէ, սակայն իր ետին ձգեց համեստ մարդու, տիպար ու առաքինի ՀՄԸՄ-ականի յիշատակելի անուն մը` թէ՛ իբրեւ փայլուն մարզիկ եւ տքնաջան մարզիչ եւ թէ՛ իբրեւ նուիրեալ վարչական, միշտ փայլուն արդիւնքներու համար պայքարող ՀՄԸՄ-ի շահերուն համար գործող միութենական: Ան եղած է այն անձը, որ միշտ պատուով կրած է ՀՄԸՄ-ի շապիկը, ինչ որ օրինակ պէտք է դառնայ ՀՄԸՄ-ի ապագայ սերունդներուն:

Արդէն մեզմէ հեռացած ես, եղբա՛յր Աբօ, սակայն քու տարած աշխատանքդ եւ ներկայացուցած միութենականի տիպարդ օրինակ պիտի հանդիսանան յառաջիկայ սերունդներուն:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Տիպար Հայը Եւ Նուիրեալ Կուսակցականը Զոհրապ Ինճէեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Յաջորդը

«Քալամարի Կարծիքով` Խաշոկճիի Սպանութեան Հարցով Թիւ Մէկ Կասկածելին Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգն Է» Կ՛ըսէ Աքթայ

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.