ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը կը նկատուի աշխարհի հնագոյն ժողովուրդներէն մէկը: Ան քրիստոնէական գաղափարներով տոգորուած` մաքառեցաւ բազմաթիւ դժուարութիւններու դէմ, յաղթահարեց բազում արհաւիրքներ, պահեց իր ինքնութիւնը եւ իր անմնացորդ աւանդը ներդրեց համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին մէջ:
301 թուականին հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ մեծ շրջադարձ տեղի ունեցաւ: Հայոց թագաւորութեան ամրապնդման եւ հոգեւոր վերազարթօնքի ակնկալութեամբ Տրդատ Գ.-ի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչի ջանքերով Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ: Պատմական այս իրադարձութիւնը բախտորոշ նշանակութիւն ունեցաւ հայ ժողովուրդի հասարակական-քաղաքական կեանքի եւ հոգեւոր մշակոյթի զարգացման վրայ:
Հայ եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականութեան դերը անուրանալի է կազմաւորման առաջին իսկ օրէն սկսեալ: Անոնք ոչ միայն հայկական պետութեան յենարանն էին, այլեւ` անոր բացակայութեան ազգային կեանքի կազմակերպիչն ու ժողովուրդի միասնութեան ամրապնդման գլխաւոր դերակատարը: Հայ գիրի եւ գրականութեան, արուեստի ու գիտութեան, կրթութեան եւ ազգային ինքնագիտակցութեան զարգացման ու պահմանման աշխատանքին մէջ ակներեւ է անոնց ներդրումը:
6 յունուար 2019-ին «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» (Հերիթէյճ էնտ քալչըր) յայտագիրով լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անկիւնադարձային թուական մը եւ առանձնայատուկ սուրբ մը` 301 թուականին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական հռչակումը եւ հայոց կաթողիկոս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետը: Յայտագիրի հաղորդավար Ալպեր Թահումի հիւրընկալեց լիբանանեան համալսարանին մէջ պատմութեան եւ քաղաքական գիտութեան դասախօս դոկտ. Իմատ Մրատը: Ան իր հարցազրոյցին սկիզբը խօսեցաւ Հայաստանի մասին եւ ըսաւ, որ ան հսկայ թագաւորութիւն մըն էր, հարուստ պատմութեամբ եւ աշխարհագրական դիրքով: Զանազան պետութիւններ իրենց արշաւանքներու ժամանակ հանճար, զարգացած եւ զինուորական հայերու կարողութենէն օգտուած են եւ զանոնք նոյնիսկ ներմուծած արաբական զօրքերու մէջ: Այս առումով, Գրիգոր Լուսաւորիչ կը պատկանէր առհասարակ Հայ եկեղեցւոյ, որովհետեւ այդ ժամանակ եկեղեցին յարանուանական բաժանում չունէր: Իմատ Մրատը խօսեցաւ 3-րդ դարուն Տրդատ Գ.-ի թագաւորութեան շրջանին մասին եւ ըսաւ, որ ան տիքթաթոր էր եւ կը հալածէր քրիստոնեաները: Տրդատ Գ. երբ Հռոմէն եկաւ թագաւորութիւնը ստանձնելու, Կապադովկիայէն ընտրեց իր խորհրդականներն ու թիկնապահները: Իր ընտրած անձերուն մէջ կար նաեւ Գրիգոր վարդապետ, որ շատ խելացի էր: Երբ Հայաստան հասան, եւ Անահիտ աստուածուհիին արձանը պաշտելու ժամանակը հասաւ, Գրիգոր մերժեց երկրպագել եւ ըսաւ, որ ինք քրիստոնեայ է: Տոքթ. Մրատ լուսարձակի տակ առաւ Գրիգորի յանդուգն կեցուածքն ու քաջութիւնը անտեսելով ամէն տեսակ չարչարանք: Ան նշեց նաեւ, որ Գրիգորի հայրը սպաննած էր Տրդատի հայրը: Տրդատ բանտարկել տուաւ Գրիգոր Լուսաւորիչը: Այս իրականութեան անտեղեակ էին թէ՛ Տրդատ եւ թէ՛ Գրիգոր Լուսաւորիչ: Հարցումը մը, թէ ինչպէ՛ս Գրիգոր ուսում ստացաւ, երբ դժուարութիւններ կային: Ան յայտնեց, որ իր հոգատարը ստանձնեց ուսման բոլոր ծախսերը: Թագաւորին հրամանով ստուգեցին եւ գիտցան Գրիգորին ինքնութիւնը: Տրդատ անմիջապէս բանտարկել տուաւ Գրիգորը Խոր Վիրապին մէջ: Տասնչորս տարի աղօթքով ապրեցաւ: Զինք կերակրեց ծեր կին մը, որ ըստ պատմաբաններու, Ս. Հոգին էր: Ան կ՛աղօթէր, որ Աստուած ներէ հօր մեղքերը, եւ հայ ժողովուրդն ու թագաւորը քրիստոնեայ դառնան: Կարճ ատեն ետք թագաւորը հիւանդացաւ: Միայն թագաւորին քոյրը տեսիլքի մը միջոցով յայտնեց, որ Խոր Վիրապի մէջ գտնուող Գրիգորը կրնայ բժշկել զայն: Գրիգոր Լուսաւորիչ երբ ելաւ Խոր Վիրապէն, ներեց Տրդատը, եւ քրիստոնէութիւնը պետական կրօն դարձաւ Հայաստանի մէջ: Գրիգոր դարձաւ Տրդատ թագաւորի խորհրդատուն: Հայաստանը առաջին քրիստոնեայ երկիրը եղաւ համաշխարհային առումով: Երկրորդ երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեց, Հռոմն էր, 313-ին: Գրիգոր Լուսաւորիչ քանդել տուաւ հեթանոսական արձաններն ու մեհեանները եւ անոնց տեղ քրիստոնէական տաճարներ կառուցեց:
Դոկտ. Իմատ Մրատ նշեց նաեւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ իր ծերութեան առանձնացաւ Արարատ լերան ստորոտը, ուր այցելեցին բազմաթիւ ուխտաւորներ:
Ապա Իմատ Մրատ նշեց Գրիգոր Լուսաւորիչի եւ Գրիգոր Նարեկացիի նմանութիւններն ու տարբերութիւնները եւ ըսաւ, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ քրիստոնէութեան աւետաբերն էր, իսկ Գրիգոր Նարեկացի` գիտնական ու փիլիսոփայ: Նարեկը կամ Նարեկացին վանք յանձնուեցաւ, որովհետեւ իր մայրը կորսնցուց, իսկ հայրը քահանայացաւ: Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը տիեզերական սուրբ հռչակեց Ս. Գրիգոր Նարեկացին` անոր ունեցած մեծ վաստակին եւ հոգեւոր գրականութեան մէջ անոր բերած մեծ նպաստին համար: Ան խօսեցաւ նաեւ այդ օրերուն Հայաստանի կացութեան, ընդարձակման եւ միացեալ Հայաստանի մասին:
«Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Ժառանգութիւն եւ մշակոյթ» յայտագիրը անգամ մը եւս պանծացուց Հայ եկեղեցւոյ մեծ սուրբերուն` Գրիգոր Լուսաւորիչի, Գիրգոր Նարեկացիի վաստակն ու ապրած սրբակենցաղ կեանքը: Կը մնայ մեզի վառ պահել անոնց անունը եւ գործերը:
Արժանի յարգանք եւ շնորհակալութիւն դոկտ. Իմատ Մրատին` իր վերլուծական ակնոցով փոխանցած տեղեկութիւններուն համար: Յատուկ շնորհակալութիւն` հաղորդավար Ալպեր Թահումիին եւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, որ անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մեծագոյն անդամներէն մէկուն` Գրիգոր Լուսաւորիչին կեանքն ու առանցքային դերը:



