Անդրադարձ

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. «Յեղափոխութիւնը Նոր Սեւն Է. Ինչպէ՞ս Արեւմտեան Դրամը Կը Հոգայ «Տապալէ Քու Կառավարութիւնդ» Դասապահերը»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս առաւօտեան` 15 փետրուար 2019-ին, Պէյրութի ժամով 7:00-ին «Ռուսիա Այսօր` ՌԱ» (RT, Russia Today) հեռատեսիլի լուրերուն երկրորդ լուրը` թղթակցութիւնը Երեւանէն էր, վերոնշեալ խորագիրով (1): Թէ ի՞նչ կը նշանակէ «Նոր սեւը»` համացանցի օգնութեամբ պարզուեցաւ, որ կը նշանակէ «այն, ինչ որ նորոյթ է» (2): Յօդուածը լոյս տեսած է օր մը առաջ` 14 փետրուար 2019-ին, նախ` ռուսերէն: Ստորեւ անգլերէնի բնագիրէն կը...

Բարացուցական Անհեթեթութիւն

Բարացուցական Անհեթեթութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Նոյեմբերի 9-ին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարները ստորագրեցին «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման մասին» համաձայնութիւնը, որուն բովանդակութիւնը անոր խորագիրէն աւելին էր եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահութեան ձեւաչափէն դուրս ու ոչ խաղաղ ճամբով ձեռք բերուած տագնապի լուծման «ճամբու քարտէս» մը, որ հայկական կողմին համար կը պարունակէ ահաւոր հետեւանքներ: Հայաստանի իշխանութիւնները համաձայնութիւնը ներկայացուցին իբրեւ Արցախի Հանրապետութեան «մնացեալ»-ի փրկութիւն...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի Դամբանական Խօսքը` Կարէն Խիւտավերտեանի Յուղարկաւորութեան

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի Դամբանական Խօսքը` Կարէն Խիւտավերտեանի Յուղարկաւորութեան

Այս շատ տխուր վայրկեաններուն Ճեմարանի մեծ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Կալիին, Շաղիկին, Րաֆֆիին եւ Կարէնին բոլոր հարազատներուն ու մեր հրաժեշտի խօսքը կ՛ըսենք բոլորիս սիրելի Կարէնին: Կարէնը ազնիւ ու համեստ, պարկեշտ ու բարեսիրտ, սրամիտ ու կատակասէր ներկայութիւն էր Ճեմարանէն ներս: Կենսուրախ, խանդավառ, տաքարիւն, ընկերասէր եւ միշտ բոլորին օգնութեան հասնելու պատրաստ երիտասարդ մը: Կարէնը Ճեմարանը կը սեպէր իր տունը ու...

Բոլորիս Կարէնը

Ներշնչող Եւ Ուժ Տուող Կարէնին

ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մեր շա՛տ սիրելի եւ հարազատ ընկեր Կարէն* Փոքր տարիքէդ մեր բոլորին յուշերուն մէջ ներկայ ես` իբրեւ տաքարիւն եւ կրակուբոց տղայ մը: Բոլորը անխտիր, դպրոցէն ներս թէ դուրս, շատ կը սիրէին ներկայութիւնդ, կատակաբանութիւններդ, մտածելակերպդ, բայց մանաւանդ` ընկերասէր մարզական ոգիդ: Ո՞վ չէր գիտեր, որ ոտնագնդակը քու առօրեայ հետաքրքրութիւններուդ կարեւոր մասը կը կազմէր, բայց  Հայաստանն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պաշտամունքի առարկայ...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 Տարեշրջանի Շրջանաւարտներուն Գրութիւնները Իրենց Դասընկերոջ` Կարէն Խիւտավերտեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 Տարեշրջանի Շրջանաւարտներուն Գրութիւնները Իրենց Դասընկերոջ` Կարէն Խիւտավերտեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Պահապան Հրեշտակ Արդէն անցան 40 օրեր, որ հրեշտակներու կողքին կը հանգչիս: Կարէ՛ն, դուն տարբեր էիր ուրիշներէն, քու բարձր տրամադրութեամբդ, արիութեամբդ եւ անմեղութեամբդ: Բոլորին կեանք ու յոյս կը ներշնչէիր քու յաղթանակներովդ: Եւ այս պատճառով է, որ սենեակս զետեղած եմ մեր նկարներէն մէկը, որ զիս ոտքի պիտի հանէ դժուար օրերու ընթացքին` պահապան հրեշտակի մը պէս: Սիրելի՛ Կարէն, շատ բախտաւոր ես, որ ներկայի...

Ճեմարանի Պատերն Անգամ Կը Խօսին…

Ճեմարանի Պատերն Անգամ Կը Խօսին…

ՈՒՍՈՒՑԻՉԴ «Խուտա» ստորագրութեան կրնայ հանդիպիլ ամէն անձ, որ կ՛այցելէ Ճեմարան, երբ  յարկի մը վերելակին կոճակը կը սեղմէ, երբ երկրորդական բաժինի «թերաս»-ը կ՛ելլէ, բակը, դասարանը... Ստորագրութիւնդ ձգեցիր ու գացիր... Ճեմարանի տարբեր անկիւնները թէ մեր սրտերուն մէջ դրոշմեցիր զայն ու գացիր... Եւ «Խուտա»-ն դարձաւ խորհրդանիշ. Խորհրդանիշ` պայքարի Խորհրդանիշ` ազգասիրութեան Խորհրդանիշ` ընկերասիրութեան Խորհրդանիշ` մարդասիրութեան Խորհրդանիշ` համեստութեան Խորհրդանիշ` անկեղծութեան Խորհրդանիշ` բարութեան Խորհրդանիշ` ազնուութեան Եւ...

Անկրկնելի Հերոսը` Կարէն Խիւտավերտեան

Անկրկնելի Հերոսը` Կարէն Խիւտավերտեան

ՍԱԳՕ ԷՍՔԻՃԵԱՆ Կան պատմութիւններ, որոնց հերոսները անկրկնելի հերոսներ դարձած են, երբեմն` առասպելական չափով: Կարէն Խիւտավերտեան` պարզ, ազնիւ, խելացի, եռանդուն, ուրախ մթնոլորտ ստեղծող, կեանքը սիրող, գեղեցիկ, բարի, ժպտուն եւ դեռ շարքը կարելի է երկարել իր լաւ ու միա՛յն լաւ բարեմասնութիւններուն` իբրեւ աշակերտ, ընկեր, ֆութպոլասէր, մարզասէր եղբայր մը: Անողոք կեանքը քեզի համար եղաւ պայքար եւ միայն պայքար առաջին իսկ օրերէն, եւ մեզի...

Անաւարտ  Զրոյց (Հօրս` Արամ Սեփեթճեանի Յիշատակին)

Անաւարտ Զրոյց (Հօրս` Արամ Սեփեթճեանի Յիշատակին)

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ Ուրկէ՞ սկսիլ, վերսկսիլ ու շարունակել մեր զրոյցը: Զանգ մը բաւարար էր, որպէսզի ինչ-որ տեղէ սկիզբ առնէր խօսակցութիւն մը, որ պիտի գար հայաշխարհէն անպայման: Դուն` Պէյրութ, ես` Լոս Անճելըս. սակայն զրոյցին առանցքը հայն ու Հայաստանն էին միշտ: Գրականութիւն, մշակոյթ, ապա` եկեղեցի, քաղաքականութիւն, սփիւռք, համայնքային կեանք, վերադառնալու համար Հայաստան ու Արցախ: Եւ միայն հեռաձայնը անջատելէ առաջ իրարու որպիսութիւնը կը հարցնէինք...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Սեպտեմբեր 27-էն ի վեր հայոց աշխարհը փոխուած է: Պատերազմի ուրուականը պատեց մեր աշխարհը` մթագնելով երկինքն ու ապագան: Նոյն թշնամին տարբեր դիմակով յարձակեցաւ Արցախ, միանգամընդմիշտ ամբողջացնելու իր անցեալի կիսաւարտ ծրագիրը: Աննախընթաց եւ անմարդկային գրոհ եւ վայրագութիւն` Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդին վրայ: Հերոսական դիմադրութիւն հայ զինուորին եւ կամաւորին կ՛օգնէ, նաեւ ընդհանուր զօրաշարժ` համայն սփիւռքէն: Ողջ հայութիւնը միահամուռ ու միակամ փաստեց...

«Հորիզոն»ի Խմբագրական. Ազգակործան Համաձայնագրի Որոգայթները

«Հորիզոն»ի Խմբագրական. Ազգակործան Համաձայնագրի Որոգայթները

«Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը՝ վերադաստիարակութիւնն է» Գարեգին Նժդեհ Հայաստանի վարչապետին կողմէ ստորագրուած անձնատուողական ու ազգակործան համաձայնագրին որոգայթներուն խորքը դրոշմուած կը մնայ այն յստակ հարցը՝ թէ ինչպէս 40 օրուան մէջ կորսնցուցինք 40 տարուան ընթացքին ձեռքբերուածն ու արեան գնով շահուածը։ Հիմնովին սասանած է յաղթողի մեր հայկեան հոգեկերտուածքը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Հայ ժողովուրդի պատմագրութեան ամէնէն մթագնուած, դաժան ու գորշ էջերէն մէկը հանդիսացող...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ. 10 Նոյեմբերի Համաձայնագիրը, Ստալինեան «Ժառանգութիւն», Բայց Նաեւ` Իրական Նոր Մարտահրաւէր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Օրէ օր աւելի կը յստականան այն պայմաններն ու մանրամասնութիւնները, որոնք հայութեան բաժին կ՛իյնան Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ստորագրած համաձայնագիրով: Համաձայնագիրին մասին նոյնինքն վարչապետին յայտարարութենէն աւելի քան 24 ժամ ետք հրապարակի վրայ է քարտէս մը, որ ցոյց կու տայ, թէ հայկական կողմին կը մնայ շուրջ 2.000 քառ. քմ տարածութեամբ հողամաս մը, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար...

Հայ Ժողովուրդին Համար Պարտուողական Այս Համաձայնագիրը Ոչ Մէկ Ձեւով Կրնայ Ազդել Մեր Ազգային Ցանկութիւններուն

Հայ Ժողովուրդին Համար Պարտուողական Այս Համաձայնագիրը Ոչ Մէկ Ձեւով Կրնայ Ազդել Մեր Ազգային Ցանկութիւններուն

Երբ տակաւին Արցախի բոլոր ռազմաճակատներուն վրայ հայոց բանակը կը շարունակէր դիմադրել թշնամիին զօրքերու, 9 նոյեմբեր 2020-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին կողմէ պատերազմի դադրեցման մասին եռակողմանի համաձայնագրի յայտարարութիւնը ցնցեց համայն հայ ազգը: Հայ ժողովուրդին համար պարտուողական այս համաձայնագիրը ոչ մէկ ձեւով կրնայ ազդել մեր ազգային ցանկութիւններուն` հասնելու մեր համահայկական ազգային, թէ մարդկային իրաւունքներու վերահաստատման: Ի տես Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող...

Բաց Նամակ Նիկոլ Փաշինեանին

Բաց Նամակ Նիկոլ Փաշինեանին

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ (Շուշիի պատուոյ քաղաքացի, Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, պետական մրցանակներու դափնեկիր) Արցախեան վերջին պատերազմին, մտաւորական քանի մը ընկերներուս որդեգրած կեցուածքը կիսելով, հայրենի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան որդեգրած ուղղութեան, քաղաքականութեան, մարտավարութիւններուն, ռազմավարութեան ու կազմակերպական ընթացքին մասին հեռաւոր Լիբանանէն ո՛չ մէկ գրառում ըրի` այն համոզումով ու վստահութեամբ, որ գետնի վրայ իրենք իրենց ընելիքը շատ լաւ գիտեն ու պէտք չունին ո՛չ իմ եւ...

Մահուան 4-րդ Տարելիցին Առիթով.  Իւրայատուկ Ու Անկրկնելի Վահան Յովհաննիսեան

Սթափութեամբ Կայացուելիք Վճռի Ժամանակը

ԱՐՏԱՇԷՍ ՇԱՀԲԱԶԵԱՆ Գրում եմ` փորձելով առաջնորդուել տրամաբանութեամբ եւ առանց յոյզերի, հետեւաբար` խուսափելով անձի դէմ որակումներից: Չգիտեմ` հասկացա՞ւ, ընկալե՞ց արդեօք Նիկոլ Փաշինեանը այն ահաւոր ու ցնցող ազդեցութիւնը, որ ունեցաւ ստորագրուած յայտարարութիւնը հայ ժողովրդի վրայ: Եթէ ընդունենք, որ նրա տարիների համոզումն է, որ Հայաստանը զիջումների գնով լեզու պիտի գտնի Ազրպէյճանի ու Թուրքիայի հետ եւ գործընկերային փոխառնչութիւններով բարելաւի եղած յարաբերութիւները, ապա իր արձագանգներից...

Ցեցն Ընկած Գորգի Պէս Բզկտւում Ենք

Ցեցն Ընկած Գորգի Պէս Բզկտւում Ենք

ՍՈՆԱ ԱԴԱՄԵԱՆ «Այս պատերազմում մենք բոլոր ուղղութիւններով տանուլ տուեցինք` թէ՛ ֆիզիքական, թէ՛ հոգեւոր: Կորցրինք այս սերնդի լաւագոյն սերուցքը, որն անդառնալի կորուստ է: Ժողովրդի ասած` դեռ տաք ենք, երբ սառենք, կարող է նոյնիսկ ճաք էլ տանք»,  ասում է գրող, հրապարակախօս Սպարտակ Ղարաբաղցեանը: 43 օր շարունակ հանրութեանն ասացին` վստահէք եւ հաւատացեք, յաղթանակը մերն է լինելու, ո՞վ դաւեց մեզ` ներսի՞, թէ՞ դրսի թուրքը,...

Երբ Թիկունքն Է Անձնատուր Եղողը…

Երբ Թիկունքն Է Անձնատուր Եղողը…

Ա. Ա. Պատերազմին առաջին գիծերուն վրայ մարտնչող զինուորները եւ կամաւորները զէնք ու զրահէն, հրթիռէն ու հրասայլէն աւելի թիկունքային ապահովութեան կարիքը ունին: Երաշխաւորութիւն եւ վստահութիւն մը, թէ թիկունքը` իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, եկեղեցի, քաղաքացիական հասարակութիւն, սովորական ժողովուրդ, սփիւռք, բոլորը անխտիր, քաջ գիտնալով եւ խորապէս համոզուելով, որ թիկունքն է նաեւ ամուր պատնէշը, մնան իրենց պատասխանատուութեան վրայ, ամրապնդեն զինուորին ու կամաւորին կռուելու եւ մարտնչելու կարողականութիւնը,...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Քաղաքակրթութիւններու Բախման Նախանշան Է Թուրք-Ազերի Հակահայ Յաղթանակը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Պաղ պատերազմի ժամանակ արեւմուտքի թշնամին «առանց Աստուծոյ համայնավարութիւն»-ն էր, այսուհետեւ, յետ պաղ պատերազմեան շրջանին, իսլամներու համար ան «առանց Աստուծոյ Արեւմուտք»-ն է: Սամուէլ Հանթինկթըն (1927-2008) 9-էն 10 նոյեմբերի գիշերը, շրջանցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միւս երկու համանախագահները, Ռուսիա միջամտեց կասեցնելու համար թուրք-ազերիական յարձակապաշտութեան նուաճողական պատերազմը հայկական աշխարհ Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ինչ որ կը պատահէր եւ պատահեցաւ աշխարհի այդ անտեսանելի անկիւնը դասական...

Ես Երկար Սպասեցի

ՀԵՐՄԻՆԷ *** Ես երկար սպասեցի Խաղաղութեանը, որովհետեւ նա խոստացել էր, որ կը գայ, ինչ էլ լինի` կը գայ... Ես լաց չեղայ սպասումից, բայց սիրահարի պէս նամակներ գրեցի նրան` համոզուած լինելով, որ նա կարդում է, ուր էլ լինի` կարդում է... Ես խաղաղութեանը չպատմեցի անքուն գիշերներիս մասին, որովհետեւ հաւատում էի, որ միասին լաւ օրեր ենք ապրելու... Խաղաղութիւնը հեռացաւ մի գիշերուայ մէջ, երբ...

Ներեցէ՛ք…

Ներեցէ՛ք…

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Արցունքներս կոկորդիս մէջ խեղդեցի յաճախ, երբ կարդացի անուններու երկար ցանկերը այն մատղաշ կեանքերուն, որոնք երկվայրկեանի մը մէջ ընդհատուեցան արցախեան սահմաններուն պահպանման ի խնդիր... Արցունքներս անխօս թրջեցին բարձս, երբ ստիպուած եղայ հաւատալ, որ նահատակներուն կարգին իմ հին, թանկագին ու լաւ բարեկամիս` Գէորգին անունն ալ արձանագրուեցաւ` իր իսկ արեամբ... Արցունքներս լուռ լեցուցին աչքերս, երբ տեսայ ծնողներ իրենց հերոս զաւակներուն անշունչ...

Page 364 of 807 1 … 363 364 365 … 807

Արխիւներ