Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 Տարեշրջանի Շրջանաւարտներուն Գրութիւնները Իրենց Դասընկերոջ` Կարէն Խիւտավերտեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

November 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պահապան Հրեշտակ

Արդէն անցան 40 օրեր, որ հրեշտակներու կողքին կը հանգչիս: Կարէ՛ն, դուն տարբեր էիր ուրիշներէն, քու բարձր տրամադրութեամբդ, արիութեամբդ եւ անմեղութեամբդ: Բոլորին կեանք ու յոյս կը ներշնչէիր քու յաղթանակներովդ: Եւ այս պատճառով է, որ սենեակս զետեղած եմ մեր նկարներէն մէկը, որ զիս ոտքի պիտի հանէ դժուար օրերու ընթացքին` պահապան հրեշտակի մը պէս:

Սիրելի՛ Կարէն, շատ բախտաւոր ես, որ ներկայի դէպքերը չես տեսներ: Անոնք շատ աւելի ցաւ պիտի պատճառէին քեզի: Երբ գէշ լուր մը հասնի ինծի, կը մտածեմ, թէ Կարէնը ի՛նչ պիտի զգար այս մէկը լսելէ ետք: Երանելի ես, որ տառապանքներու եւ թշուառութիւններու մասին պիտի չլսես:

Ա՜խ Կարէն, երանի՜, երանի՛ բազմաթիւ անձեր քու օրինակդ առնեն եւ դրական անձեր դառնան իրենց կեանքին մէջ: Երանի կառավարիչներու գէշ հոգիները քու հոգիիդ պէս մեղմ եւ զգացական ըլլային:

Այս աշխարհին մէջ հսկայ տեղ ձգած ես Խուտա, յիշատակդ պիտի մնայ փորագրուած իւրաքանչիւրին սիրտին մէջ:

ՄԱՐԻԱ ԵԻՐԻՔԵԱՆ

Կարէնը

Սիրելի՛ Կարէն,

Այս նամակով կ՛ուզեմ քեզի յայտնել սրտիս բոլոր խօսքերը:

Կարէ՛ն, շատ բախտաւոր եւ հպարտ կը զգամ, երբ յիշեմ, որ քեզի նման դասընկեր մը ունեցած եմ կեանքիս մէջ, եւ միասին անցուցած ենք 15 անմոռանալի տարիներ, նոյն դասարանին մէջ: Կը յիշեմ մեղմ ժպիտդ, որ յոյս եւ ուրախութիւն կու տար շուրջիններուդ:

Կը յիշեմ, թէ ինչպէ՛ս դասարանին մթնոլորտը կը փոխէիր քու հաճելի կատակներովդ: Կը յիշեմ, թէ  որքա՛ն կը սիրէիր դպրոցը, դասընկերներդ եւ ոտնագնդակը:

Կը յիշեմ միասին անցուցած մեր բոլոր ուրախ յիշատակները:

Կը յիշեմ ձայնդ, երբ «Լոռուշշի» կ՛ըսէիր բարձրաձայն:

Կարէ՛ն, անցեալ շաբաթ այցելեցիր ինծի երազիս մէջ, եւ տեսայ, թէ որքա՛ն ուրախ եւ հանգիստ ես հիմա, հեռու` աշխարհի ցաւերէն եւ տխուր դէպքերէն: Նաեւ ինծի ըսիր. «Ես միշտ ձեզ կը տեսնեմ, նոյնիսկ եթէ դուք զիս չէք կրնար տեսնել»: Հետեւաբար, ամէն օր քեզ յիշելով, մեզի կու տաս յոյս եւ ուժ, որպէսզի դիմադրենք այս դժուար օրերուն:

Քեզ շատ կը սիրենք, Խուտա՛, գիտցի՛ր, որ մեր աղօթքներուն մէջ ես ամէն օր:

ԼՈՌԻ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Կեանքը վաղանցուկ  է, իսկ թանկագին էակի մը յիշատակները` մնայուն: Անկարելի է մոռնալ Կարէնին անմեղ ժպիտը եւ բարի սիրտը: Դժուար է նկարագրել մեր սրտի մօտիկ անձի մը բացակայութիւնը… Թէեւ ինք այսօր ֆիզիքապէս մեզմէ հեռու է, բայց յաւէտ կը մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ Կարէն:

ՌԻԹԱ ԻՐԱՏԵԱՆ

Կարէնը շատ հայրենասէր անձ մըն էր, միշտ պատրաստ էր դասարանը ճոխացնելու ազգային եւ յեղափոխական երգերով: Մեր սիրելի դասընկերը յատուկ սէր մը ունէր թատրոնին հանդէպ, եւ կը զարմանայի, թէ ինչպէ՛ս կրնար ամէն մէկ անձ կապկել թէ՛ ձայնով եւ թէ՛ շարժումներով:

Բոլորս Կարէնէն շատ բան սորված ենք:

Երբ յոյսի, պայքարի պէտք ունինք, զինք կը յիշենք. երբ զգանք, որ պիտի յանձնուինք, զինք կը յիշենք: Այո՛… Կարէնը այս բոլորին աղբիւրն է:

Ննջէ՛ հանգիստ, Կարէ՛ն… Բոլորս միշտ պիտի յիշենք քեզ եւ դէմքէդ անպակաս ժպիտդ:

ԱՐԻՆ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ

Սիրելի՛ Կարէն,

Կը փափաքիմ քեզի շնորհակալութիւն յայտնել շատ բաներու համար: Հպարտ եմ, որ քեզմէ սորվեցայ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պայքարիլ կեանքին մէջ, չյանձնուիլ, արժանապատուութիւն ունենալ, հաւատարիմ եւ ամենակարեւորը` բարեսիրտ ըլլալ: Երախտապարտ կը մնամ քեզի ամբողջ կեանքիս ընթացքին եւ կը խոստանամ այս քու արժանիքներդ գործադրել ամէն օր: Կարօտցայ քեզ, Խուտա՛:

Քեզ շատ սիրող,

ԱՐՄԱՆ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

Արդէն իսկ անցան 40 օրեր, եւ այս աշխարհը տխուր է առանց քեզի: Վստահ ենք բոլորս ալ, որ դուն ուրախ ես հիմա, եւ չես տեսներ աշխարհի բոլոր անարդարութիւնները: Շատ շատ կարօտցած եմ քեզի Խուտա՛, մեր անգին հերոսը:

ԻԶԱՊԷԼ ՄԻՍԻՍԵԱՆ

Մեր Խուտան…

Թէեւ շատ տարիներ չեղան մեր բարեկամութեան, սակայն դուն միշտ եղար իմ փոքր եղբայրս` Կարէնը: Ե՛րբ եւ ո՛ւր որ տեսնէիր զիս, «ընկերուհիիիի՜» ըսելով` կը փաթուէիր, ապա անպայման «Ե՞րբ Արցախ պիտի երթանք» հարցը կու տայիր եւ կը ժպտէիր:

Ա՜խ, Կարէ՛ն, ա՜խ, հիմա ո՛չ դուն կաս, ո՛չ ալ Արցախը® Օրեր եղան արդէն, որ Շուշին մերը չէ կ՛ըսեն, ամէն գիշեր, անկողին չմտած, նախասիրած երգիդ տողերը կը կրկնեմ միտքիս մէջ` քեզ յիշելով. «Ի՞նչ սրտով պիտի մտնենք անկողին®»: Դեռ ականջներուս մէջ է անուշ ձայնդ, որ կը խանդավառէր դասարանը ազգային եւ յեղափոխական երգերով:

Աստուած քեզ որքան կը սիրէ, որ քեզ իր քովը առաւ եւ չարտօնեց, որ այս ամէնը տեսնես, այս խայտառակութիւններուն ականատես ըլլաս եւ սիրտդ ցաւի® Հանգչէ՛ խաղաղութեամբ, անգի՛ն ընկեր, եւ հրեշտակներուն հետ աղօթէ՛ մեր հայրենիքին եւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտման վեհ գաղափարիդ համար:

ԿԱԼԻ ՏԷՔՐՄԷՆՃԵԱՆ

 

Նախորդը

Ճեմարանի Պատերն Անգամ Կը Խօսին…

Յաջորդը

Ներշնչող Եւ Ուժ Տուող Կարէնին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. ԺԲ.- Քոպանիէն Երեւան

November 6, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

«Եւ Ինչպէ՞ս Չհպարտանալ…» 67 Տարիներու Հաւատքի, Ծառայութեան Եւ Նուիրումի Լուսաւոր Ճամբայ

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.