Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներեցէ՛ք…

Նոյեմբեր 12, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Արցունքներս կոկորդիս մէջ խեղդեցի յաճախ, երբ կարդացի անուններու երկար ցանկերը այն մատղաշ կեանքերուն, որոնք երկվայրկեանի մը մէջ ընդհատուեցան արցախեան սահմաններուն պահպանման ի խնդիր…

Արցունքներս անխօս թրջեցին բարձս, երբ ստիպուած եղայ հաւատալ, որ նահատակներուն կարգին իմ հին, թանկագին ու լաւ բարեկամիս` Գէորգին անունն ալ արձանագրուեցաւ` իր իսկ արեամբ…

Արցունքներս լուռ լեցուցին աչքերս, երբ տեսայ ծնողներ իրենց հերոս զաւակներուն անշունչ դիակները գրկած` հպարտութեան ու որդիի կորուստի ցաւին միջեւ խարխափող…

Արցունքներս փորձեցի պահել շրջապատէս, երբ գրեթէ ամէն օր կարդացի, թէ որքան մեծ թիւով արցախցի անհայր զաւակներ լոյս աշխարհ եկան, եւ բազում հայրեր իրենց նորածիններուն տաքութիւնը չկրցան զգալ ու անոնց ապահովութիւն ներշնչելու առիթ չունեցան…

Ես ինծի չարտօնեցի լալ, չվայելցուցի արցունքոտ աչքերով կարդալ արցախեան հրաշալի տարածքին մէջ փորագրուող հերոսութիւններուն եւ առասպելական մարտնչումներուն մասին, որովհետեւ հաւատացի հայ զինուորին ուժին, կորովին եւ նուիրուածութեան, հաւատացի, որ ՀԱՅ-ը իր ՀԱՅ եղբայրներուն արեամբ տակաւին տաք հողերը չի յանձներ, հաւատացի, որ այդ որբ նորածինները, որոնց հայրերը հայրենիքը իրենց զաւակներէն վեր դասեցին ու անմահացան անոր պաշտպանութեան ի խնդիր, օր մը անպայման պիտի խաղան արցախեան աշխարհի իրենց բնակարանին սեմին ու անոնց պիտի պատմուի, որ իրենք հերոսներու զաւակներ են, որ` իրենց հայրերը երկինք բարձրացան, որպէսզի մնայ երկիրը, հողը, Արցախ աշխարհը… Հաւատացի, որ որդեկորոյս ծնողներուն մխիթարութիւնը պիտի ըլլայ կրկին ապրիլ այն տան մէջ, ուր իրենց անմահ որդիները լացած են առաջին անգամ, հասակ նետած են քիչ-քիչ, կոփուած են հողին կառչելու կամքով եւ այդ հողին համար ալ իրենց կեանքը նուիրած են….

Հաւատացի ու սպասեցի… Հայ զինուորն ու մեր կամաւոր տղաքը անսացին հաւատքիս ու ակնկալութեանս, փա՜ռք իւրաքանչիւրին, անոնք արժանի են, որ համբուրենք արցախեան ցեխով պատուած իրենց մոյկերը եւ լուսաւոր ճակատները…

Հաւատացի ու սպասեցի, երբ ամէն մարդ կանխատեսումներ ըրաւ, դատեց մեր զոյգ հանրապետութիւններուն «ղեկավարներ»-ը, որովհետեւ հաւատացի, որ ՀԱՅ-ուն միտքն ու խիղճը, հոգին եւ էութիւնը կարողութիւնը չունին ընդունելու, որ աւելի քան 40 օրուան մարտնչումները, անհաւասար կռիւներն ու յաղթանակները, անշնչացած հերոսներուն սրբազան «տողանցքը», վիրաւորներուն, այրիներուն, որբուկներուն եւ որդիները հողին յանձնած ծնողներուն սրտաճմլիկ պատկերները կրնար ջնջուիլ ՀԱՅ-ու մը մտապատկերէն եւ ան/անոնք յանդգնութիւնը կ՛ունենայ գրիչի հարուածով մը ջնջել ամէն ինչ, թշնամիին տալ Շուշին հոյակերտ, Դադիվանքը հրաշալի, սրբազան Արցախին մէկ մասը ամբողջ, նահատակներուն արեամբ ջրդեղած հայկական հողերը բոլոր…

Արցունքներս առատօրէն հոսեցան, երբ 9 նոյեմբերին հայոց պատմութեան ամէնէն դառն ու սեւ էջերէն մէկը արձանագրուեցաւ` Նիկոլ Փաշինեանի հազարաւոր նահատակներու արեամբ թաթխուած ձեռքով…

Արցունքներս յորդեցան, երբ պատկերացուցի, որ մարտնչումներու թատերաբեմ հանդիսացած տարածքները գրիչի անպատասխանատու հարուածով մը ազերիին տրուեցան…

Արցունքներս խեղդեցին ողջ էութիւնս, երբ մտածեցի, թէ իրենց տունը ժամանակաւորապէս ձգած արցախցիներ արդէն անտուն մնացին, «հայ» մը անիրաւութեամբ իրենց հարազատ բնօրրանը տուաւ Ալիեւին` անամօթաբար իր անունը ստորագրելով թշնամիին անուան կողքին… Իսկ բազում որբերը, սրտի կսկիծով տանջուող նահատակներուն մայրերը, մեծ յոյսերով յաղթանակ սպասող հերոս ծնած ու զանոնք հողին յանձնած հայրերը, մեծաթիւ այրիները, որոնք իրենց ամուսինները համբոյրով սահմանագիծ ղրկեցին, որպէսզի մնայ սրբազան հողը, շէն մնայ տունը, ապահով մնան նոր սերունդները… Արցունքներու գետեր իսկ բաւարար չեն խոր ու մեծ ցաւին թարգմանը ըլլալու:

– Գէո՛րգ, երեւակայական է, այսքան ընդարձակ տարածքներ, հսկայական լեռներ, անմատչելի դիրքեր, ի՞նչպէս կրցած են պաշտպանել մեր զինուորներն ու կամաւոր տղաքը… Չեմ կրնար պատկերացնել իրապէս,- երկու տարի առաջ հարցուցի սիրելի բարեկամիս, երբ ան Արցախի քարտէսը փորձեց շօշափելի դարձնել մեզի համար եւ տանիլ հոն, ուր կարելի եւ երբեմն անկարելի էր հասնիլ:

– ՀԱՅ-ուն ոգին է, վճռակամութիւնը, ՀԱՅ զինուորին կամքն ու հողին համար ամէն բան, նոյնիսկ կեանքը տալու պատրաստակամութիւնը, կը հասկնա՞ս… Երբ այդ բոլորը կան, անկարելին կարելի կը դառնայ,- հպարտութեամբ պատասխանեց Գէորգ:

Սիրելի՛ Գէորգ, այս անգամ դուն ալ նոյն ոգիով, վճռակամութեամբ, կամքով ու նուիրումով քու արեամբդ փորձեցիր պահել քարտէսը Արցախին, սակայն կայ «հայ»-ու տեսակ մը, որ այս բոլորէն ոչ միայն զուրկ է, այլ քու եւ մեր հերոս նահատակներուն գերագոյն զոհաբերութենէն ալ հեռու է հսկայական մղոններ: Եւ նմաններ, անկարելի է, որ հասկնան քեզ, արժեւորեն հողը, պահպանեն սրբութիւնները…

Ներէ Գէ՛որգ, ներեցէ՛ք տղաք…

 

 

Նախորդը

Հաշուետուութեան Պահը

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 98.829-ի. 24 Ժամուան Ընթացքին Արձանագրուած Են 1922 Պարագաներ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?