Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հորիզոն»ի Խմբագրական. Ազգակործան Համաձայնագրի Որոգայթները

Նոյեմբեր 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ապագան վտանգուած ժողովուրդների վերջին խաղաթուղթը՝ վերադաստիարակութիւնն է»

Գարեգին Նժդեհ

Հայաստանի վարչապետին կողմէ ստորագրուած անձնատուողական ու ազգակործան համաձայնագրին որոգայթներուն խորքը դրոշմուած կը մնայ այն յստակ հարցը՝ թէ ինչպէս 40 օրուան մէջ կորսնցուցինք 40 տարուան ընթացքին ձեռքբերուածն ու արեան գնով շահուածը։ Հիմնովին սասանած է յաղթողի մեր հայկեան հոգեկերտուածքը։

Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, Հայ ժողովուրդի պատմագրութեան ամէնէն մթագնուած, դաժան ու գորշ էջերէն մէկը հանդիսացող Նոյեմբեր 10-ի համաձայնագրով, Հայասատանի ու Արցախի գոյատեւելիութիւնը կը դրուի անդառնալի սպառնալիքի տակ։ Վերոնշեալ համաձայնագրով խախտած են Արցախի Հանրապետութեան սահմաններու ռազմական անվտանգութեան հիմնարար բոլոր բաղադրիչները, իսկ Հայաստանի պարագային՝ իր հարաւային սահմանադուռը այս ձեւով կը դրուի երկարժամկէտ սպառնալիքի ներքոյ։ Հայաստանի Արեւելից կողմանց միջնաբերդ ու պատուար Արցախը՝ համաձայնագրի գործադրման պարագային, աշխարհագրականօրէն կը նօսրանայ ու համընդհանուր պաշարման կ՚ենթարկուի թշնամիին կողմէ։

Յուլիս 2020ին հրապարակուած Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան հայեցակարգին մէջ կը շեշտադրուի, որ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիք է Ատրպէյճանի ռազմատենչ եւ յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեանց դէմ ռազմական յարձակումի հաւանականութիւնը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ուղղակի կամ անուղղակի ներգրաւուածութիւնը հաւանական առճակատման:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ռազմավարութեան մէջ տեղ գտած երկու կարեւոր բաղադրիչներ այս պատերազմին չեն իրագործուած. Վերոնշեալ փաստաթուղթի «Ռազմական սպառնալիքների զսպում եւ չէզոքացում» ենթաբաժնով նշուած՝ թիւ 4:16 կէտով՝ «Որպէս Արցախի անվտանգութեան երաշխաւոր՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր պաշտպանական քաղաքականութիւնն ուղղում է նաեւ Արցախի անվտանգութեան ապահովմանը»:

Եւ նոյն ենթաբաժնի 4:17 կէտով՝

«Տարածաշրջանային անվտանգութեանը սպառնացող խնդիրները խաղաղ ճանապարհով լուծելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի դէմ հնարաւոր ագրեսիան զսպելու հրամայականը մեզնից պահանջում է ռազմաքաղաքական սպառնալիքներին դիմագրաւող արդիւնաւէտ պաշտպանա-անվտանգային համակարգի ձեւաւորում»:

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իշխանութիւնները, իրենց հետեւողական ձախող քաղաքականութեամբ, ազգն ու պետութիւնը ռազմաքաղաքական անհարկի տեղատուութեան առաջնորդած են։ Նման պարագաներու, պատերազմը կորսնցուցած որեւէ պետութեան գործող իշխանութիւններու կամ ղեկավարի այլընտրանքը՝ կամովին հրաժարական ներկայացնելն է եւ քաղաքական բեմէն անցնցում հեռանալն է։ Նոյնն է պարագան Հայաստանի այսօրուան իշխանութեանց, որոնք անցնող երկու տարիներու ընթացքին ստորադասեցին ազգային ու պետական շահերը։ Ժամանակն է, որ իշխող վարչախումբը ողջախոհութիւնը ունենայ հրաժարելու եւ ճանապարհ բանայ, որպէսզի խոցուած ու բեկուած հայրենիքը հունաւորէ վերականգնման նոր ուղի։

Համաժողովրդային ցասումը արդար է։ Ձերբակալութիւնները, հալածանքները, անհանդուրժողութեան հրահրումն ու սերմանումը միայն կ՚առաջնորդեն ազգակործանման։ Ատելավառութիւնն ու տարամերժութիւնը միայն կ՚առաջնորդեն ազգային հաւաքական ներուժի ջլատման, հասարակութեան խաւերու միջեւ սուր բեւեռացման, որմէ կրնայ օգտուիլ միա՛յն մեր հայրենիքի թշնամին։

Պահն է ազգային նոր դաւանանք կերտելու։ Պահն է Հայաստանի ու աշխարհասփիւռ հայութեամբ մէ՛կ ազգային գաղափարախօսութիւն դաւանող միաձոյլ ազգ կերտելու ու անհանդուրժողութեան ժամանակներէն ետք՝ միասնութիւնը կամովին հաստատագրելու։ Պահն է միասնաբար ու համերաշխութեամբ՝ մեր դէմ ծառացած պատմութեան այս նոր մարտահրաւէրը դիմագրաւելու։

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Նոյեմբեր 2020)

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ներեցէ՛ք Մեզի

RelatedPosts

Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Անդրադարձ

Լեզուափոխութիւնը Ուղեղի Ճկունութի՞ւն, Թէ՞ Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն
Անդրադարձ

Ո՛չ Թէ Պարտքով, Այլ` Սրտանց

Հոկտեմբեր 24, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Նշմար. Ընդդէմ Մենատէրերու…

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?