Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքակրթութիւններու Բախման Նախանշան Է Թուրք-Ազերի Հակահայ Յաղթանակը

Նոյեմբեր 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Պաղ պատերազմի ժամանակ արեւմուտքի թշնամին «առանց Աստուծոյ համայնավարութիւն»-ն էր, այսուհետեւ, յետ պաղ պատերազմեան շրջանին, իսլամներու համար ան «առանց Աստուծոյ Արեւմուտք»-ն է:

Սամուէլ Հանթինկթըն (1927-2008)

9-էն 10 նոյեմբերի գիշերը, շրջանցելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միւս երկու համանախագահները, Ռուսիա միջամտեց կասեցնելու համար թուրք-ազերիական յարձակապաշտութեան նուաճողական պատերազմը հայկական աշխարհ Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

Ինչ որ կը պատահէր եւ պատահեցաւ աշխարհի այդ անտեսանելի անկիւնը դասական սահմանային կռիւ չէր, այլ մանրանկարը Սամուէլ Հանթինկթընի նախատեսած լայն առումով քաղաքակրթութիւններու բախման:

Մեր առօրեայ անձնական եւ թաղային մտմտուքներէն անդին պէտք է երթանք եւ դիտենք մեր մօտը եւ հեռուն, դիտենք տեւական ժամանակի շարժման գիծին վրայ պատմութիւն ստեղծող ընկերութիւններու եւ քաղաքակրթութիւններու ընթացքը: Այս մօտեցումը անհրաժեշտ է արժեւորելու համար Արցախի ներկայի իրադարձութիւնները եւ հասկնալու, թէ ի՞նչ կ՛ըսեն անոնք, ի՞նչ նախատեսել կու տան աշխարհի եւ վաղուան համար:

Անցեալ դարու առաջին քառորդին բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի հողերուն եւ կողոպտուած-իւրացուած հարստութիւններուն վրայ ծնունդ առած Հանրապետութեան` Թուրքիոյ ղեկավար Մուսթաֆա Քեմալ երկիրը աշխարհիկ դարձնելու բարեկարգումներ ըրաւ. վերջ տուաւ սուլթանութեան, խալիֆայութեան, ֆէսի գործածութեան, բարեկարգումներ ըրաւ մշակութային, կրօնական, ընկերային եւ այլ մարզերու մէջ, մէկ խօսքով` քաղաքականութիւնը անջատեց կրօնքէն, այդ պարտադրեց արդիականացնելու համար երկիրը եւ զայն մօտեցնելու արեւմտեան քաղաքակրթութեան:

Այսօր, Էրտողանի Թուրքիան ետ դարձ կ՛ընէ, եւ կը ձգտի տարածուիլ մինչեւ Միջին Ասիոյ թրքացեղ եւ թրքալեզու շրջանները, մինչեւ Չինաստան: Միաժամանակ, կրօնական ենթահողի եւ մշակուող մոլեռանդութեան չարաշահումով, կը փորձէ ներառել արաբական աշխարհը, ամբողջ Միջին Արեւելքը:

Դեռ մօտաւոր անցեալին փառաւորուած քեմալական ժառանգութեան ժխտումն է Թուրքիոյ ներկայի քաղաքականութիւնը: Կը պահուի արդիականացումը որպէս գիտութիւն, ճարտարարուեստ, գիտութիւն, արհեստագիտութիւն, որ կը գործածուի ազգայնականութեան ամրացման եւ փառասիրութիւններուն համար: Հետեւանքը այն է, որ Թուրքիա կռնակ կը դարձնէ արեւմուտքին եւ անոր արժէքներուն, նոյնիսկ անոնց դէմ կը ցցուի` կրօնի, արդարութեան եւ ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց հարցերով: Այսինքն, քեմալական արեւմտականացումը կը ժխտուի:

Թուրքիա նոր օսմանականութեան իր փառասիրութեամբ, համաթրքական քաղաքականութեամբ ցեղային, լեզուական եւ կրօնական ենթահողի վրայ կ՛ուզէ ստեղծել նոր կայսրութիւն` հետեւելով այդ տարածքներու վրայ գտնուող տարբեր մշակոյթներու եւ ինքնութիւններու այս կամ այն ձեւով անհետացման: Այս ընթացքը դասական ձեւով ըմբռնուած արդիականացման եւ արեւմտականացման հակառակ ընթացքն է:

Այս ընթացքը, այնպէս, ինչպէս կը ներկայանայ, արդարադատութեան եւ ժողովրդավարութեան արեւմտեան ըմբռնումներուն կը հակադրուի, կրօնական օրէնքի գերակայութիւնը հաստատելով, ինչ որ կ՛ունենայ քաղաքական դրսեւորումներ: Այս ոչ միայն Թուրքիոյ պարագային, այլ նաեւ ցամաքամասերու վրայ: Այսինքն` մերժումը այն ամէն ինչի, որ արեւմտեան կնիք ունի, քաղաքական նոր ընթացք է: Արեւմուտքը, տարուած տնտեսական համագործակցութիւններու պատկերով (զէնք, ճարտարարուեստ, սպառողական սովորութիւններ, զբօս եւ ճամբորդութիւններ), կը խորհի, որ այս կամ այն ընկերութիւնը արեւմտականացած է, երբ բարքերը, ընկերային օրէնսդրական ըմբռնումները կը մնան տարբեր, կը հակասեն ինչ որ կայ արեւմուտքի մէջ, ինչ կը վերաբերի, օրինակ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւանց:

Արեւմտեանները կարծէք ունին անբուժելի միամտութիւն մը, կը խորհին, որ տարազի, տնային առարկաներու, սննդատեսակներու որդեգրումը կը վկայէ արեւմտականացման մասին: Միջազգային գործակցութեան եւ հակամարտութեան գիծերը հասկնալու համար, դիպուկ է Սամուէլ Հանթինկթընի հետեւեալ բանաձեւումը. «Արդիականացումը կը զօրացնէ մշակոյթները եւ կը նուազեցնէ Արեւմուտքի յարաբերական ուժը: Հիմնականօրէն աշխարհ կը դառնայ աւելի արդիական եւ նուազ արեւմտեան»: Այսինքն արեւմտեան մշակոյթի, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան նպաստով տարբեր մշակոյթներ եւ քաղաքակրթութիւններ իրենք զիրենք կ՛ամրացնեն, կը շեշտեն իրենց ինքնուրոյնութիւնները, կը դառնան անկախ` որդեգրելով այն ամէնը, որ կը կազմէ Արեւմուտքի հզօրութիւնը: Անոնք միաժամանակ կը մերժեն ազդեցութիւններ եւ պարտադրանքներ, եւ հաւասար միջոցներով կը պայքարին:

Այս ձեւով ճամբայ ելած էր Քեմալի արդիականացումը, որ այսօր կ՛օգտագործուի Էրտողանի կողմէ` շեշտելով Թուրքիոյ տարբերութիւնը, զայն հասցնելով ինքնահաստատման եւ հակադրութեան, որուն համար կ՛օգտագործուին ցարդ Արեւմտեան լայն առումով մշակոյթի հիմքը կազմող գաղափարները, ինչպէս` ինքնորոշում, ժողովրդավարութիւն, անկախութիւն:

Այսինքն, Արեւմուտքի յատուկ գաղափարախօսութիւնները կը ձուլուին սեփական մշակոյթի մէջ, կը պատշաճեցուին սեփական ըմբռնումներու, արժէքներու եւ աշխարհայեցողութեան: Եւ այդ պատշաճեցումը կ՛ըլլայ կրօնական ենթահողի վրայ, մինչ արեւմտեան գաղափարախօսութիւնները առաջնորդուած են կրօնականէն անջատուելու կարգախօսով:

Լեզուական սեթեւեթ մարզանքներով իրականութիւնները պէտք չէ թաքցնել: Այսօր միջազգային լարուածութիւնները, եւ գալիք պատերազմները, տնտեսական կամ դասակարգային (դրամատիրական կամ մարքսական) պատճառներով տեղի պիտի չունենան, այլ` կրօնական եւ մշակութային: Փաստ է այսօր, որ ցեղախմբային, ազգագրական (էթնիք) եւ կրօնական իրարամերժումներ, անհանդուրժողութիւններ եւ բախումներ կան քիչ մը ամէն տեղ, բոլոր ցամաքամասերու վրայ, եւ ուժերը կը համախմբուին` ըստ քաղաքակրթական եւ կրօնական նոյնութիւններու:

Առանց այլապէս մանրամասնելու, այսօր ինչ որ կը պատահի Միջին Արեւելքի, Կովկասի, Պիրմանիոյ կամ Չինաստանի Զինկեանկի ույղուրներու ինքնավար շրջանին մէջ, կայսերապաշտական-էմպերիալիստական պատերազմ չէ, այլ դրսեւորումն է, տարածուող (չըսելու համար համաշխարհային) նորատեսակ պատերազմ, որ մշակոյթներու եւ կրօններու աշխարհագրական լայն տարածումով բազմապատկուող առճակատում է:

Աշխարհի իրաւարարութեան իրենք զիրենք կոչածներ, պետութիւններ եւ միջազգային կառոյցներ այսօ՛ր առաջքը պիտի առնեն այլեւս իր դէմքը չծածկող մեծ բախումին:

Աղէտէն ետք վերլուծումներ ընել, գիրք գրել, համամարդկային պատասխանատուութեան տեսանկիւնէ թեթեւսոլիկութիւն է:

Կովկասի մէջ տեղի կ՛ունենայ այս նոր պատերազմը, թէեւ փոքր տարածութեան մը վրայ, բայց նախատեսել կու տայ գալիքը, եթէ նիւթապաշտական եւ սպառողական ընկերութեան զբօսի ընդարմացումը չէ խլացուցած եւ չէ կուրցուցած պետութիւնները եւ ընդհանրապէս մարդկութիւնը:

Չենք ընտրած այս կռիւի առաջին գիծին վրայ ըլլալ, բայց առաջին գիծին վրայ ենք: Այսօր հայ ժողովուրդը եւ հայաշխարհը նոխազ են, եւ վաղը ոչ ոք իրաւունք պիտի ունենայ ըսելու, որ չէր գիտեր, չէր հասկցած, չէր տեսած, երբ հերթը իրեն հասնի:

Այս նախ մենք պիտի հասկնանք, որպէսզի ըստ այնմ նայինք ապագային, ապա փորձենք բարձրաձայնել ամբողջ աշխարհին:

Ֆետերիքօ Մայորի հետ կրկի՞ն ըսենք` որ վաղը միշտ ուշ է, ուշ պիտի ըլլայ:

11 նոյեմբեր 2020, Նուազի-լը-Կրան

 

 

Նախորդը

Ես Երկար Սպասեցի

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահր. «Փֆայզըր» (Pfizer), «Ասթրազենեքա» (Astrazeneca)… Ո՞ր Փուլին Մէջ Կը Գտնուին Տարբեր Պատուաստները

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?