ՔՐԻՍՏ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մեր շա՛տ սիրելի եւ հարազատ ընկեր Կարէն*
Փոքր տարիքէդ մեր բոլորին յուշերուն մէջ ներկայ ես` իբրեւ տաքարիւն եւ կրակուբոց տղայ մը: Բոլորը անխտիր, դպրոցէն ներս թէ դուրս, շատ կը սիրէին ներկայութիւնդ, կատակաբանութիւններդ, մտածելակերպդ, բայց մանաւանդ` ընկերասէր մարզական ոգիդ: Ո՞վ չէր գիտեր, որ ոտնագնդակը քու առօրեայ հետաքրքրութիւններուդ կարեւոր մասը կը կազմէր, բայց Հայաստանն ու Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը պաշտամունքի առարկայ կեանքի սրբութիւններդ էին:
Սիրելի՛ Կարէն, ներկայութիւնդ շատ ազդեցիկ ու տիրական էր մեր ընկերական շրջանակին մէջ: Շնորհիւ բոլորէն քեզ զատորոշող տիպար խառնուածքիդ` ընկերներուդ ներշնչեցիր կեանքի այնքան կենսական սկզբունքներ: Սորվեցանք ըլլալ խիզախ ու կեանքի դժուարութիւններուն նկատմամբ անտրտունջ… ինչպէ՞ս չսորվէինք, երբ կը տեսնէինք քու խիզախ կռիւդ անողոք հիւանդութեան սպառնագին հարուածներուն դէմ: Սորվեցանք ըլլալ համբերատար, ծառայասէր ու բարեսիրտ, ինչպէ՞ս չսորվէինք, երբ քու մօտդ կը գտնէինք բարի ապրումներու անսպառ շտեմարան մը: Սորվեցանք, որ այս կեանքին մէջ պէտք չէ յուսալքուիլ, կարելի չէ պայքարի դաշտին վրայ զէնքերը վար դնել, որովհետեւ պայքարը նոյնինքն կեանքի իմաստն է, իսկ ամէն տեսակի խոչընդոտ յաղթահարելը` մարդու գերագոյն նպատակ. ինչպէ՞ս չսորվէինք, երբ մեզի հետ ունէինք Կարէնին նման աննկուն կամքով զինուած ու իր փոքր տարիքէն այսքան մեծ արժէքներու տէր ընկեր: Իրապէս որ ճակատագիրը անողոք է իր խաղերուն մէջ, երբ որոշած է զգետնել մարդը, իրապէս որ մեծարժէք նոյն այդ մարդուն կեանք ներշնչող ներկայութեան ու անհրաժեշտութեան նկատմամբ խուլ կը ձեւանայ, երբ որոշած է զգետնել զայն: Մենք քու կարիքդ շատ ունէինք տակաւին, Կարէ՛ն, դուն վերածուած էիր ապրող ու ապրեցնող խորհրդանիշի մը մեր հաւաքականութեան մէջ… Ու այսպէս տուիր որոշումդ` լքելու մեզ, եւ այն ալ` մեր հաւաքական կեանքի այնքան վճռորոշ փուլի, երբ ազգովին կը մղենք բարին ընդդէմ չարի գոյամարտը, երբ երիտասարդութեան սեմը նոր թեւակոխած հայորդիներ կը տանին առասպելական մարտեր` մահ սփռող թշնամիին դէմ… Դուն պէտք էիր մեզի այս փուլին` իբրեւ բարիի յաղթանակի ապահովագրութիւն:
Բայց արդեօք դուն չկա՞ս այլեւս… Ո՛չ, սիրելի՛ ընկեր, թէեւ ֆիզիքապէս հեռացար մեզմէ, բայց դուն դասալիք չեղար պայքարի դաշտէն, քու բարի դէմքդ ու յարատեւ յոյս ու կորով ներշնչող հայեացքդ պիտի մնան ապրող ու ապրեցնող ներկայութիւն մեր բովանդակ էութեան մէջ, պայքարի քու ունեցած ոգիդ չի կրնար չոգեւորել ոեւէ անհատ, որ կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, քու բարի ապրումներդ անպայման որպէս աղօթք յաղթանակի պիտի առաջնորդեն հայ զինուորը: Աստուած իր մօտ քու հեզ ու բարի ներկայութիւնդ ուզեց ունենալ` անգամ մըն ալ վերյիշելու համար հայու տեսակի բարի ու արդար խառնուածքը:
Իւրաքանչիւր երիտասարդ օրինակդ առնելով` միշտ պիտի ձգտի ըլլալ արդար, խիզախ, բայց մանաւանդ` նախանձախնդիր ու պահապան հայկական արժէքներուն: Իւրաքանչիւր հայ, լսելով քու ապրած կեանքի փորձառութեանդ մասին, պիտի ուզէ նուիրուիլ մեր հաւաքական կեանքի կարիքներուն հասնելու աշխատանքին: Մեր երթը քեզի հետ չունէր ու պիտի չունենայ աւարտ, սիրելի՛ Կարէն. ո՞վ ըսած է, թէ մարդ մը, որուն բովանդակ կեանքը վերածուած է ներշնչող էութեան, կրնայ խոնարհիլ մահուան դիմաց:
Թող մշտադալար հոգիդ որպէս անմար ճրագ լուսաւորէ տարբեր դժուարութիւններէ անցնող ամէն հայ երիտասարդի կեանքի ճանապարհը: Իսկ մեր հաւաքական երթի երկնակամարին կը մնաս ճառագայթող աստղ, որ իր բարի ժպիտով պիտի ուղղէ մեր քայլերը եւ առիթ չտայ վհատելու:
Դժբախտաբար մահուանդ լուրը կայծակնահար ըրաւ մեզ բոլորս, սակայն վստահ ենք ու համոզուած, որ հիմա շատ աւելի լաւ ու հանգիստ տեղ կը գտնուիս:
Առինքնող քու ջերմ ժպիտդ ցմահ դրոշմուած պիտի մնայ մեր հոգիներուն մէջ:
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, Կարէնի՛կ:
——————-
* ԼԵՄ-ի դամբանականէ նուիրուիլ մեր հաւաքական կեանքի կարիքներուն հասնելու աշխատանքին:



