Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անկրկնելի Հերոսը` Կարէն Խիւտավերտեան

November 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱԳՕ ԷՍՔԻՃԵԱՆ

Կան պատմութիւններ, որոնց հերոսները անկրկնելի հերոսներ դարձած են, երբեմն` առասպելական չափով:

Կարէն Խիւտավերտեան` պարզ, ազնիւ, խելացի, եռանդուն, ուրախ մթնոլորտ ստեղծող, կեանքը սիրող, գեղեցիկ, բարի, ժպտուն եւ դեռ շարքը կարելի է երկարել իր լաւ ու միա՛յն լաւ բարեմասնութիւններուն` իբրեւ աշակերտ, ընկեր, ֆութպոլասէր, մարզասէր եղբայր մը:

Անողոք կեանքը քեզի համար եղաւ պայքար եւ միայն պայքար առաջին իսկ օրերէն, եւ մեզի սորվեցուցիր պայքարի ոգին, կամքը, սէրը, ուրախութիւնը եւ ամէնէն կարեւորը` համբերութիւնը:

Կը յիշեմ քեզի դպրոցէն ներս թէ դուրս, ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի դաշտերուն վրայ եւ անոնցմէ անդին, ամէն վայրկեան կենսուրախ մթնոլորտով յատկանշուող քու ներկայութեամբ:   Ֆութպոլը քեզի համար կեանք էր, եւ յաճախ դպրոցական տետրակներուդ վրայ կը գծէիր կամ կը գրէիր քու նախասիրած խումբերուդ, սիրած խաղացողներուդ անունները: Կը յիշեմ զբօսանքներուն ապրած վայրկեաններդ, կը յիշեմ նոյնիսկ չափահասներու նման ֆութպոլի եւ այլ մարզաձեւի մասին վերլուծումներդ: Դպրոցին մէջ ներկայութիւնդ հանգստութիւն էր բոլորին համար, բոլորը կը սիրէիր, բոլորին կ՛օգնէիր ու կը յարգէիր` միշտ երգելով, միշտ ուրախ, ամէն կացութեան մէջ նախաձեռնողի եւ օգնողի տիպարովդ:

Կը յիշեմ քու ազգային եւ հայրենասէր ըլլալդ եւ ամէն տեսակի ձեռնարկներուն` Ապրիլ 24-ի, Արցախեան պահանջատիրութեան կամ Հայաստանի կապուած որեւէ նախաձեռնութիւն քու մասնակցութիւնդ: Քեզի համար Հայաստանը, Արցախը եւ ՀՅԴ-ն վեր էին ամէն բանէ:

Արդեօք հասա՞ր մեր հին եւ նոր նահատակներուն, միացա՞ր անոնց փաղանգին, տեսա՞ր արդեօք մեր պապերը, մեր ֆետայիները, մեր վրիժառու հերոսները, մեր նորօրեայ հերոս նահատակները, որոնց հանդէպ այնքան պաշտամունք ունէիր: Վստահ եմ, որ անոնց հետ միասին պիտի տեսնէք ու ցնծաք, պիտի կռուիք ու յաղթէք, որովհետեւ պիտի յաղթենք:

Գիտեմ հիմա կ՛երգես մեր հին երգերը, կը պարես ծովուն վրայ եւ կը լողաս սարերն ի վեր,  երկինքը ի վեր` մեր սրտերը քեզ հետ վերցնելով:

Կանգուն ես կաղնիի պէս սէգ, կանգուն ենք քեզի համար, քեզի պէս կանգուն պիտի մնանք դեռ երկար` ընտանիքիդ, ընկերներդ ու ամէն անձ, որ ճանչցաւ քեզ եւ քեզմով հաւատք ունէր, ունի եւ տակաւին պիտի ունենայ:

Գիրք մը ամբողջ կրնայ լեցուիլ քու մասիդ խօսելով ու գրելով, սակայն գրութիւնս պիտի փակեմ քու գրած տողերովդ.

Անցեալը հին լուսանկարներն են, ուր բոլորը քեզի հիւր են ու պիտի մնան, իսկ ապագան` դատարկ թուղթ, եւ դուն մինակդ կրնաս նկարել այնտեղ անոնց, որոնց կ՛ուզես պահել գիրքիդ մէջ:

Վերէն հսկէ բոլորին եւ պահէ բոլորը սիրելի Կարէն`  քու ազնիւ եւ մեծ հոգիիդ զօրութեամբ:

Խունկ եւ մոմ եւ աղօթք շիրիմիդ:
Անկրկնելի Կարէն:

 

 

Նախորդը

Անաւարտ Զրոյց (Հօրս` Արամ Սեփեթճեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

Ճեմարանի Պատերն Անգամ Կը Խօսին…

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.