Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի Տնօրէն Փաուլա Եղիայեանի Դամբանական Խօսքը` Կարէն Խիւտավերտեանի Յուղարկաւորութեան

Նոյեմբեր 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս շատ տխուր վայրկեաններուն Ճեմարանի մեծ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Կալիին, Շաղիկին, Րաֆֆիին եւ Կարէնին բոլոր հարազատներուն ու մեր հրաժեշտի խօսքը կ՛ըսենք բոլորիս սիրելի Կարէնին:

Կարէնը ազնիւ ու համեստ, պարկեշտ ու բարեսիրտ, սրամիտ ու կատակասէր ներկայութիւն էր Ճեմարանէն ներս: Կենսուրախ, խանդավառ, տաքարիւն, ընկերասէր եւ միշտ բոլորին օգնութեան հասնելու պատրաստ երիտասարդ մը:

Կարէնը Ճեմարանը կը սեպէր իր տունը ու զայն կը սիրէր հարազատօրէն. բոլորս զինք ճանչցանք իբրեւ աշխուժ ու կրակոտ, կեանքով լեցուն, կեանքն ու ընկերները սիրող, բայց ամէն բանէ աւելի` հայոց լեզուն ու պատմութիւնը եւ մանաւանդ հայրենիքը սիրող հայ աշակերտ:

Կարէնը շատ կը սիրէր մարզական աշխարհն ու յատկապէս ոտնագնդակը, ինչպէս նաեւ ան յատուկ սէր ունէր թատրոնի նկատմամբ եւ այս երկուքը ան կը կիրարկէր կատարեալ հմտութեամբ:

Դժուար է անցեալի եղանակով խօսիլ քու մասիդ, սիրելի՛ Կարէն: Բառեր չենք գտներ բացատրելու եւ արտայայտելու մեր տխրութիւնը:

Յամառօրէն ու խիզախօրէն պայքարեցար հիւանդութեանդ դէմ կեանքիդ ամբողջ տեւողութեան ընթացքին եւ երբեք չյուսահատեցար: Անհանգստութեանդ ամէնէն ծանր ու դաժան փուլերուն իսկ երբեք մեզի ցոյց չտուիր քու ցաւերդ:

Ընտանիքիդ ու սիրելիներուդ սէրն ու գուրգուրանքը քեզ շրջապատեցին ամէն վայրկեան, ու բոլորիս ներշնչեցիր լաւատեսութիւն, յոյս ու կորով:

«Ուժերդ կը հաւաքես, չէ՞», «Դուն ուժերդ միշտ հետդ պահէ՛», գրեցի քեզի զանազան առիթներով:

«Ուժերս միշտ հետս են, լաւ կ՛ըլլամ մօտ օրէն, օրիորդ», պատասխանեցիր ամէն անգամ:

Քու անմեղ ժպիտդ ու քաղաքավար խօսքերդ պիտի մնան մեր բոլորին սրտերուն մէջ, պիտի յիշենք դժուար պահերու քու լաւատեսութիւնդ ու զանազան առիթներու քու ստեղծած ճոխ մթնոլորտդ:

Դուն ալ միացար Ճեմարանի պահապան հրեշտակներու փաղանգին:

Հարիւրաւոր հերոսներու կողքին, դուն ալ մե՛ր հերոսն ես, սիրելի՛ Կարէն:

Արտօնեցէք` կարդամ Ճեմարանի 2019-2020 տարեշրջանի տակաւին չհրատարակուած «Ջահակիր»-ի գրութիւններէն քանի մը ամիսներ առաջ Կարէնին գրած «Թատրոնը եւ ես»  գրութենէն այս տողերը.

«Թատրոնը իմ սիրած աշխարհն է` դեր ստանձնելով թէ միայն դիտելով. ես սորված եմ, որ զգացում եւ մտածում փոխանցելը ուրիշին դիւրին գործ չէ. բայց թատրոնին ընդմէջէն կը սորվիս արժէքներ, կը մտածես ուրիշին մասին, կեանքի մասին եւ կարծես քիչ մըն ալ կը պատրաստուիս կեանքի բեմին վրայ դիւրին թէ դժուար դերերուդ»:

Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ Կարէն:

Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ Խուտա, ինչպէս քեզ կոչած էին ընկերներդ:

Ննջէ՛ խաղաղութեամբ, սիրելի՛ աշակերտս:

 

Նախորդը

Ներշնչող Եւ Ուժ Տուող Կարէնին

Յաջորդը

Համակ Սէր… Եւ Արժանիքներու Շղթայ Մը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?