Հաշուետուութեան Պահը
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին գրութեանս մէջ յիշած էի, որ վաղը հաշուետուութեան օրը կու գայ եւ հո՛ն պէտք է խօսինք: Այո՛, եկած է հաշուետուութեան օրը: Ժողովուրդը հանրաքուէով իր ըսելիքը պէտք է ըսէ: Ժողովուրդը հանրաքուէով իր շարունակելու ուղին պէտք է ճշդէ: Ժողովուրդը հանրաքուէով գալիք վարչակազմի վստահութիւնը պէտք է հաստատէ կամ մերժէ: Մենք կը հաւատանք, որ մեր ժողովուրդին բազկերակը տոկուն է եւ անզիջող: Պարտադրուած...


















