Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երբ Թիկունքն Է Անձնատուր Եղողը…

November 13, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ա. Ա.

Պատերազմին առաջին գիծերուն վրայ մարտնչող զինուորները եւ կամաւորները զէնք ու զրահէն, հրթիռէն ու հրասայլէն աւելի թիկունքային ապահովութեան կարիքը ունին: Երաշխաւորութիւն եւ վստահութիւն մը, թէ թիկունքը` իշխանութիւն, ընդդիմութիւն, եկեղեցի, քաղաքացիական հասարակութիւն, սովորական ժողովուրդ, սփիւռք, բոլորը անխտիր, քաջ գիտնալով եւ խորապէս համոզուելով, որ թիկունքն է նաեւ ամուր պատնէշը, մնան իրենց պատասխանատուութեան վրայ, ամրապնդեն զինուորին ու կամաւորին կռուելու եւ մարտնչելու կարողականութիւնը, որպէսզի ճակատին վրայ արձանագրուող իւրաքանչիւր յաղթանակ եւ իրագործում ազգային ձեռքբերում մը ըլլայ:

Պատերազմներուն ընթացքին ամէն ոք ընելիք ունի: Մանկահասակներէն մինչեւ տարեցը: Արհեստավարժներէն մինչեւ իր քայլերը նոր նետող անփորձը: Իշխանութիւններէն մինչեւ ընդդիմութիւնն ու չէզոքները: Բոլո՛րը անխտիր: Ասոնցմէ իւրաքանչիւրին կատարածը իրարու գումարուելով` կը բազմապատկուի ճակատներուն վրայ թշնամիին գրոհները ետ մղող զինուորներուն եւ կամաւորներուն սխրագործութիւններուն եւ ընդհանուր գումարի վերածուելով` հայրենիքին ապահովութեան ամէնէն ամուր, անսասան եւ անխորտակելի երաշխիքներն ու յենարանները կը կառուցէ: Այլ խօսքով, ազգային պաշտպանութեան եւ արժանապատուութեան կռուանները կը հաստատէ:

Մէկ օղակ այս շղթայէն դուրս գալը` կը ջարդէ, ցիրուցան կ՛ընէ ազգային ապահովութեան եւ պաշտպանութեան ամբողջ համակարգը` ամբողջ ազգ մը ծաղր ու ծանակի ենթարկելով:

Հիմա երբ աչք մը նետէք թշնամիին բանեցուցած լսատեսողական միջոցներուն հրապարակումներուն վրայ, շատ լաւ պիտի ըմբռնէք, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը:

Ճակատ-թիկունք յարատեւութիւնը, ինչպէս եղաւ սարդարապատեան ազգային հրաշագործութեան պարագային, այսօր ցաւ ի սիրտ յօդս ցնդեցաւ թուրքեւազրպէյճանական այս քինախնդրութեան պատերազմին օրերուն հետ, երբ իշխանութեան մակարդակի վրայ սկսան խօսիլ անձնատուութեան համաձայնագրի, ցաւոտ զիջումներու եւ այլ բանաձեւումներու մասին, որոնք էութեամբ եւ խորքով անյարիր էին ճակատներուն վրայ մարտնչող, նահատակութեան գնով թշնամիին գրոհները կասեցնող մատղաշ զինուորներուն եւ անձնուիրաբար ճակատ մեկնած կամաւորներուն տեսլականին:

Եւ փուլ եկաւ ամէն ինչ: Որովհետեւ ազգային ճակատ եւ փրկութեան շտապ կազմելու անկեղծ կոչերը ընկալուեցան իբրեւ իշխանութիւններուն աթոռները գրաւելու մարմաջ մը` գիտակցօրէն ամբողջ ճշմարտութիւնը այլ տեղ ուղղորդելով, որպէսզի պահպանուին աթոռները: Երբ ազգային միացեալ ճակատի մը բոլորը անխտիր մասնակից դարձնելու կոչը եւ պահանջը անտեսուեցաւ, ա՛լ բոլորին համար հասկնալի եւ ըմբռնելի պատճառներով, անդին, ճակատներուն վրայ, տասնինը եւ քսան տարեկան մեր հիանալի զինուորները կը նահատակուէին յանուն հայրենիքի, հողի եւ ազգային արժանապատուութեան:

Ու յանկարծ:

Համաձայնագիր մը: Եւ մնացածը, պատահածն ու պատահելիքը կը մնայ արձանագրել ու փակել այս ամօթալի հանգրուանը` հաստատումով մը: Մէկ միջոց կայ փրկութեան: Կանգնիլ բանակին կողքին: Տէր դառնալ ճակատներուն վրայ պայքարող մեր զինուորներուն եւ կամաւորներուն արձակած պատգամին եւ ազգովին վերադառնալ Գայլ Վահաններու խորամանկութեան, Մուշեղ Մամիկոնեաններու վեհանձնութեան, Պապ թագաւորներու դիւանագիտութեան եւ ֆետայիներու հայրենասիրութեան ակունքներուն, որպէսզի ամօթալի անձնատուութեան էջը չբացուած` փակուի:

 

 

 

Նախորդը

«Քորոնա» Ժահր. «Փֆայզըր» (Pfizer), «Ասթրազենեքա» (Astrazeneca)… Ո՞ր Փուլին Մէջ Կը Գտնուին Տարբեր Պատուաստները

Յաջորդը

Ցեցն Ընկած Գորգի Պէս Բզկտւում Ենք

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.