Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճեմարանի Պատերն Անգամ Կը Խօսին…

November 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՈՒՍՈՒՑԻՉԴ

«Խուտա» ստորագրութեան կրնայ հանդիպիլ ամէն անձ, որ կ՛այցելէ Ճեմարան, երբ  յարկի մը վերելակին կոճակը կը սեղմէ, երբ երկրորդական բաժինի «թերաս»-ը կ՛ելլէ, բակը, դասարանը…

Ստորագրութիւնդ ձգեցիր ու գացիր… Ճեմարանի տարբեր անկիւնները թէ մեր սրտերուն մէջ դրոշմեցիր զայն ու գացիր…

Եւ «Խուտա»-ն դարձաւ խորհրդանիշ.

Խորհրդանիշ` պայքարի

Խորհրդանիշ` ազգասիրութեան

Խորհրդանիշ` ընկերասիրութեան

Խորհրդանիշ` մարդասիրութեան

Խորհրդանիշ` համեստութեան

Խորհրդանիշ` անկեղծութեան

Խորհրդանիշ` բարութեան

Խորհրդանիշ` ազնուութեան

Եւ դեռ որքան յատկութիւններ… Կարելի է տողեր լեցնել ու չբաւարարուիլ քեզ նկարագրելով: Քու համեստութիւնդ պիտի չարտօնէր, որ այդքան գրենք: Բայց ինչպէ՞ս չգրել երկրորդական բաժինի այն աշակերտին մասին, որ հայերէնի եւ հայոց պատմութեան պահերուն ո՛ւր ալ նստած ըլլար, աթոռը կ՛առնէր ու կը նստէր առջեւ, ուսուցիչին դիմաց, անոր բերնէն կախուելու, դասին կենդանութիւն տալու, թատրերգութիւնները բեմականացնելու, նիւթին առնչուած հայրենասիրական երգ մը մէջբերելու, քառեակ մը ասմունքելու… Հապա եթէ ազգային նիւթ մը արծարծուէր… ի՛նքն էր դարձեալ, որ տեղեակ էր արդէն հայաստանեան թէ սփիւռքեան որեւէ անցուդարձէ: Իսկ երբ ակամայ քանի մը օր բացակայելէ ետք կու գար դպրոց, եւ դասընկերները գրաւոր աշխատանք մը կը կատարէին, կը մօտենար ուսուցիչին եւ… «… Ես այս նիւթին ներկայ չէի, բայց կրնամ շարադրութիւն մը գրել»: Եւ այդպէս… բան մը չընել չէր ըլլար: Կը նստէր ու կը գրէր իր անթերի ուղղագրութեամբ:

Լա՛ւ որ գրեր ես, սիրելի՛ Կարէն… Շարունակէ՛ գրել եդեմական աշխարհէն… գրէ՛ քու պաշտած հայրենիքիդ բարօրութեան մասին եւ նոյն համեստութեամբ ներկայացո՛ւր զայն այդ աշխարհի Տիրոջ…

Ճեմարանի պատերը դեռ շա՜տ պիտի խօսին…

Յիշատակդ անթառամ մնայ…

 

Նախորդը

Անկրկնելի Հերոսը` Կարէն Խիւտավերտեան

Յաջորդը

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 2019-2020 Տարեշրջանի Շրջանաւարտներուն Գրութիւնները Իրենց Դասընկերոջ` Կարէն Խիւտավերտեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.