ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Climb every mountain, search high and low
Follow every highway, every path you know
Climb every mountain, ford every stream
Follow every rainbow, till you find your dream
A dream that will need, all the love you can give
Every day of your life, for as long as you live…
(from The Sound of Music, 1965)
Նախասիրած երգիդ բառերուն նման, լեռներէն ամէնէն ցիցն ու դժուարը մագլցեցար, անկոտրում կամքով եւ ժպիտով: Առողջութիւն եւ ֆիզիքական հանգիստ փորձեցիր գտնել, արդարօրէն, վեր եւ վար, ամէ՛ն տեղ, առանց տրտունջի: Հիւանդութեանդ նեղ արահետներէն եւ լայն ու օտար ճամբաներէն անցար, քեզի ծանօթ թէ անծանօթ, ամէնէն ցաւցնող եւ խրթին միջոցներով. պայքարեցար` առանց յուսահատելու, ցաւեցար` առանց գանգատելու: Երբեմն ծիածանը տեսար, բայց մի՛շտ մեզի համար ծիածաններ ներկեցիր եւ մեր կեանքերը պայծառացուցիր, ազնուացուցիր. երազներ հիւսեցիր եւ անոնցմով մեզ եւս յուսադրեցիր, իսկ երազներուն ընդմէջէն, ամէ՛ն օր, ամէ՛ն վայրկեան սէ՛ր բաժնեցիր, համա՛կ սէր:
Անբիծ, անշահախնդիր եւ անսահման սէր` Աստուծոյ, փոքր եւ մեծ ընտանիքիդ, հայրենիքիդ, Արցախին, միացեալ Հայաստանին, ՀՅԴ-ին, ԼԵՄ-ին, ՀՄԸՄ-ին, Ճեմարանին, սանուկիդ` Արամին, Պարսելոնայի ֆութպոլի խումբին, NBA-ի Memphis Grizzlies-ին, յեղափոխական երգին, մեր ժողովուրդին ու անոր Դատին, Լիզպոնի հինգին, արդարահատոյց բազուկներուն, Երեւանի փողոցներուն, ընկերներուդ, բարեկամներուդ, Անթիլիասի նահատակաց մատուռին, աշնան ամպոտ երկնքին, ալեկոծ ծովուն, խճողուած եւ կեանքով լեցուն ճամբաներուն, գեղանկարչութեան գունաւոր ներկերուն եւ վրձիններուն, ընտանեկան եւ ընկերական հաւաքներուն, թատրոնին, երգիծական աշխարհին, անասուններուն եւ մանաւանդ շուներուդ, հայոց լեզուին եւ պատմութեան, ֆիլմարուեստի աշխարհին, ֆութպոլի գնդակին, PS4-ի մարզական խաղերուն, պատմական գիրքերուն, Հայաստանի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերուն բոլոր տարազներուն, ճամբորդութեան եւ օդանաւերու, հիւանդանոցիդ, բժիշկներուդ եւ հիւանդապահներուդ հանդէպ ամբողջական եւ անանձնական սէր, ժուժկալ բառերով, բայց մեծ հոգիով ու լայն ժպիտով արտայայտուող:
Եւ հիմա շարք մը եւս. այս անգամ արժանիքներուդ եւ յատկանիշներուդ մասին: Շղթայ մը ամբողջ, որովհետեւ ապրած կեանքիդ բովանդակ ընթացքին ոչ մէկ բան կէս-կատար ըրիր, ոչ մէկ բան թերի զգացիր. լաւին ու լաւագոյնին շղթան հիւսեցիր, հայրենիքի կարօտով, դաշնակցական հաւատքով եւ ազնիւ մարդու նկարագիրով: Եւ ինչպէ՜ս չյիշել բարի հոգիդ, սուր միտքդ, խիզախ սիրտդ, անշեղ սկզբունքներդ, անկեղծ զգացումներդ, դրական խօսքերդ, խաղաղեցնող ժպիտդ, հազուադէպ գանգատներդ, ընկերական եռանդդ, համբերութեան զօրութիւնդ, ցաւի դիմադրելու տոկունութիւնդ, մարդ չվիրաւորելու անշեղութիւնդ, դրական մնալու հաստատակամութիւնդ, ամէնէն փոքր բաներն իսկ արժեւորելու անկեղծ երջանկութիւնդ, բամբասանքէ եւ վիրաւորանքէ հեռու մնալու վճռակամութիւնդ, վերաբերմունքի համեստութիւնդ, երբեք չնախանձելու բնական ընթացքդ, պահանջներու ժուժկալութիւնդ, վեհանձն ընկերասիրութիւնդ, երախտագիտութեան եւ հաւատարմութեան անհասանելի չափանիշներդ, կեանքը սիրելու եւ ապրելու կամքդ, աղօթքի հաւատազօրութիւնդ, մահուան աչքերուն բազմիցս նայելու խիզախութիւնդ, յոյս ունենալու երբեմն միամիտ, բայց մի՛շտ քաջ գոհունակութիւնդ…
Աշխարհի վրայ թէ դրախտի մէջ լուսաւորութեան մարմնացո՛ւմ Կարէն, Աստուած քեզ լուսաւոր ստեղծեր էր եւ լուսաւորուեցանք մենք քեզմով: Լուսաւոր մարմինդ չկայ, հոս չէ, բայց լոյսդ չէ մարած եւ հիմա այնքա՛ն զօրաւոր է ան, որ աչքերս կը կուրցնէ, հոգիս կը լացնէ, սիրտս տեղէն կը հանէ, ոչ թէ անյոյս տրտմութեամբ, այլ` լոյսիդ արժանի ըլլալու տագնապով եւ ճիգով, որ կենսանպատակ է այլեւս ինծի համար: Լուսաւո՛ր Կարէն, լոյսդ պիտի չմարի, պիտի չարտօնեմ, որ մարի, եւ դուն ալ գիտես, որ այդ լոյսովդ պիտի օգնես ինծի, որպէսզի երբեմն քաշքշուիմ այս կեանքին մէջ, երբեմն խնդամ, երբեմն լամ, բայց մի՛շտ ու միշտ ապրիմ այն զօրութեամբ, որ քեզի վայել էր:
Հակառակ տասը ամիսներէ ի վեր չքալելուդ, հակառակ մէկ ոտքիդ գրեթէ անգործածելի վիճակին եւ վերջին ժամերուն ամբողջովին անշարժ ըլլալուդ, երբ քեզ ոտքի հանեցինք կռնակդ հանգչեցնելու համար, որոշեցիր երթալ այլեւս եւ վերջ տալ չարչարանքիդ: Հրաժեշտդ անգամ արտասովոր եւ իւրայատուկ էր, քեզի պէս: Ոտքի՛ մեկնեցար, այնպէս` ինչպէս վայել էր քեզի, այնպէս` ինչպէս երազեր էիր ըլլալ տասը նստակեաց ամիսներուդ. ՈՏՔԻ. կանգուն. կաղնիի պէս: Ուրեմն, ե՛ս ալ ոտքի կը մնամ, քեզմով եւ քեզի համար, ամբողջ էութեամբս եւ գործովս հաւատարիմ` կեանքդ առաջնորդած եւ զայն սահմանած արժէքներուդ եւ սէրերուդ շղթային: Ու մինչ տեսութիւն, կը մնաս ոտքի՛, հպարտ եւ աներեր, անզուգական Կարէնս:


