Պատերազմի Մանուկները…
ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Նկարը՝ Լուսինէ Սահակեանի Մեծ արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրի անժամանցելի «Les enfants de la guerre» երգը կը շարունակէ հնչել արդարութեամբ ու պատմական ճշգրտութեամբ. անոր անմահ, թրթռացող ձայնով երգի բառերը կ՛արտացոլացնեն պատերազմի իւրաքանչիւր մանուկի տուայտանքը: Իրօ՛ք, «պատերազմի մանուկները մանուկներ չե՛ն»: Պատերազմի մանուկներու մահիճները կը ճօճուին կեանքի ու մահուան միջեւ: Անոնց օրօրները սոսկ մեղեդիներ չեն, այլ` ծնողական աղօթքներ, ողջ մնալու աղերսանքներ, հեծկլտանքներ...




















