Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շարունակուող Հրաժարականներու Պարփակած Կոչը

June 8, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց  նախարարի բոլոր տեղակալներու հրաժարականներու պաշտօնակացման լուրը անակնկալ չէր. լրատուութեան մէջ ըսուած էր արդէն, որ անցեալ շաբաթ անոնք հրաժարականները համապատասխան միջնորդաւորուած ձեւով ուղարկած էին վարչապետի գրասենեակ: Այս կը նշանակէ, որ արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրագոյն օղակի ամբողջ անձնակազմը` նախարար եւ տեղակալներ, իրենց անհամաձայնութիւնը կը յայտնեն կառավարութեան կողմէ եւ այս պարագային ուղղակի վարչապետին կողմէ կիրարկուած արտաքին քաղաքականութեան:

Այդ պաշտօնները զբաղեցնողները ոչ քաղաքական, պետական գործունէութեան փորձառութիւն կուտակած բարձրաստիճան դիւանագէտներ են, որոնք իրենց ընդդիմութիւնը կը յայտնեն իրենց  հրաժարականներով:

Թէեւ հրաժարականի հիմնաւորումներ չեն նշուիր, սակայն պարզ է, որ անոնք կը միանան հրաժարեալ նախարարի հրապարակած մտահոգութիւններուն:

Վերստին մէջբերենք նախարարի հրաժարականի բնագիրը`

«Այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ մեր ինքնիշխանութիւնը, մեր անկախութիւնը, մեր պետական, ազգային շահերը: Յոյսով եմ, որ ձեզի ամօթով չեմ ձգեր, եւ հրաժարականիս որոշումը պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որ երբեւէ որեւէ կասկած չըլլայ, որ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»:

Հիմա  մեր արտաքին դիւանագիտութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը կը վերահաստատէ, որ գործընթաց գոյութիւն ունի, որ հակապետական է եւ հակազգային. եւ որուն կայացման մէջ ո՛չ միայն չեն ուզեր դերակատար ըլլալ, այլ ամբողջ արտաքին գերատեսչութիւնը անդամալուծելով փորձ կը կատարեն կասեցնելու այդ համապետական ու հակազգային ընթացքը:

Երկրի վարչակառավարման համակարգին մէջ գոյութիւն ունի երկու գերակայ ոլորտ, որոնք կը ղեկավարուին սկզբունքով ոչ թէ քաղաքական որոշումով կայացած նշանակումներով, այլ քատրային բարձր արհեստավարժութեան նկատառումներով: Անոնք են պաշտպանական  համակարգն ու  արտաքին գերատեսչութիւնը:

Երկու ոլորտները կարեւորագոյն բաղադրիչները կը կազմեն երկրի ու պետութեան անվտանգութեան:

Թէ՛ պաշտպանական համակարգը եւ թէ՛ արտաքին դիւանագիտութիւնը գլխատուած իրավիճակի մէջ յայտնուած են: Սուր հակասութիւն գոյութիւն ունի երկրի անվտանգութեան համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներուն եւ վարչապետի պաշտօնակատարին միջեւ:

Այս համակարգը ղեկավարող քատրերը ընդհանրապէս կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնները, տարբեր պաշտօններ զբաղեցնելով, այդուհանդերձ մնալով իրենց գերատեսչութիւններու ընդհանուր քատրային առաքելութիւններուն մէջ:

Այս աւանդութիւնն է, որ կը շրջուի հիմա: Հրաժարականները անհամաձայնութեան եւ հակասութեան արդիւնք են. աւելի՛ն` ահազանգային են, ընդգծելու համար վարչապետի պաշտօնակատարին հակապետական եւ հակազգային ընթացքը եւ նման քայլով ժողովուրդին կոչ ընելու կասեցնելու գահավիժումը:

Թէ՛ բարձրաստիճան զինուորականներ եւ թէ՛ բարձրագոյն պաշտօն զբաղեցուցած դիւանագէտներ հրաժարականներու, պաշտօնաթող կամ պաշտօնանկ ըլլալու կարգավիճակներով ըստ էութեան ընտրութիւններու ճամբով իշխանափոխութիւն իրականացնելու կոչ կ՛ընեն ժողովուրդին:

«Ա.»

Նախորդը

«Հայաստան» Դաշինքը Սիւնիքի Մէջ Բազմամարդ. Հանրահաւաքներով Սկսաւ Ընտրարշաւը` Երկրին Արժանապատիւ Խաղաղութիւն Բերելու Խոստումով

Յաջորդը

Փաքիստանի Մէջ 2 Գնացքի Բախումին Պատճառով Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.