Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան «Հայերը Համաշխարհային Բ. Պատերազմին» Հատորը Մութ Անցեալը Լուսաբանելով` Մտածել Կու Տայ Այսօրուան Մասին

Յունիս 7, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՉ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ

Ամիսներ առաջ, երբ ծանօթացայ այս հատորին բովանդակութեան, չէի կրնար ընթերցումս պահ մ՛իսկ դադրեցնել: Այնտեղ կը տողանցէին ծանօթ-անծանօթ անուններ, ամենատարբեր դիրքաւորումներ, ծածուկ որոշումներ, գաղտնի նամակներ, մեծ պետութիւններու ճղճիմ հաշիւներ, փոքր սեպուող ժողովուրդներու մեծ դէմքեր… Դոկտոր Զաւէն Մսըրլեան մանկավարժը, դպրոցի տնօրէնը, երկար տարիներու ծառայութեամբ յարգանք պարտադրող անուն է: Պատմաբան Մսըրլեանը նոյնքա՛ն արժանի է մեր խորագոյն ու բարձր գնահատանքին` տասնամեակներու վրայ տարածուող պտղանուէր գործով, լոյսին բերելով տասնեակ հատորներ հայոց պատմութեան եւ մանաւանդ Հայ դատի իրազեկման ճամբուն վրայ:

Ծնած է Լիբանան: Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի պատմութեան ճիւղէն ստացած է մագիստրոսի տիտղոսը, իսկ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն` պատուոյ դոկտորի տիտղոս` հայագիտութեան մէջ: Ամբողջ կեանք մը եղած է ուսուցիչ եւ տնօրէն` Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի: Որպէս պատմաբան` հեղինակած է տասնեակէ աւելի հատորներ, խմբագրած է պատմական այլ գիրքեր եւ հեղինակած է հարիւրի մօտ ուսումնասիրութիւններ` լոյս տեսած լիբանանահայ մամուլին մէջ: Աշխուժ մասնակցութիւն բերած է ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի, ԹՄՄ-ի, Հայ աւետ. քոլեճի եւ լիբանանահայ ապրիլեան միացեալ մարմիններու մէջ:

«Հայերը Համաշխարհային Բ. պատերազմին» նորագոյն հատորին բովանդակութեան առաջին ծանօթացումս տեղի ունեցաւ արցախեան պատերազմին վաղորդայնին եւ պատերազմի օրերուն. անկարելի էր բաժնուիլ համակարգիչին պաստառիկէն: Էջերը կը յաջորդէին` իրարու բերելով հերթական նորութիւնը, յոյսը, ապա` յուսախաբութիւնը: Մանրամասնութիւններ, իրավիճակներ, փաստեր, թիւեր, անուններ, պատմական լուսանկարներ, փոքր ազգի մը կրած նուաստացումները, հայութեան երազները, մէկ Արեւմուտքէն, մէկ Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու ապահովութիւնն ու վտանգը, անորոշութիւնը, մեր քաղաքական կազմակերպութիւններուն փոքրիկ յաջողութիւններն ու միամտութիւնները, հայութեան ստորակայութեան բարդոյթը, մեծ պետութիւններու ու Թուրքիոյ գերակայութեան հիւանդագին բարդոյթը…

Բնականաբար 471 էջ հաշուող այս հատորը կ՛անդրադառնայ 1940-ականներու իրադարձութիւններուն, միջազգային մեծ խաղերուն, Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ զարգացող պատերազմին, ուր Խորհրդային Հայաստանն ու Խորհրդային Միութեան հայ զինուորականներ, կամաւորներ, սովորական քաղաքացիներ եւ արտասահմանի հայեր կարեւոր, չըսելու համար` շրջադարձային, դեր կատարեցին, հասնելով մինչեւ Պերլին:

Կարելի չէ գրախօսականի մը նեղ սիւնակներուն մէջ ամփոփել այս գիրքին բովանդակութիւնը: Սակայն անհրաժեշտ է ծանօթացնել եւ մղել ընթերցողը, որպէսզի անպայման ձեռք անցընէ այս հատորը եւ կարդայ: Նորատիպը դասագիրք է բոլորիս համար, արտերկրի թէ Հայաստանի մէջ բնակող իւրաքանչիւր հայու միտքը լուսաւորող, մեր, շրջանային թէ միջազգային հարիւրամեայ անցեալի քաղաքական վերիվայրումներուն մասին լուսաբանող գիրքն է ան, որ «պարտադիր գրականութեան» ցանկին վրայ ունենալու է իր տեղը: Այդ իսկ պատճառով այս հատորը անհրաժեշտ է թարգմանել տալ եւ տպագրել մանաւանդ անգլերէնի եւ ռուսերէնի, որպէսզի շատ աւելի մեծ լսարան ունենայ, որպէսզի լայն հասարակութիւնը փաստերով ծանօթանայ Համաշխարհային Բ. պատերազմի միջազգային սակարաններուն մէջ հայութեան ու Հայաստանին վերապահուած դերին…

Փաստօրէն, ինչ որ 2020-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ու Արցախի մէջ, շարունակութիւնն է մեր պատմութեան հերթական «ճակատամարտին», շարունակութիւնն է ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն, Ռուսիոյ ու Արեւմուտքի մրցակցային քաղաքականութեան, մեր զգացական պոռթկումներուն եւ որոշումներուն, միամտութեան, տհաս կամ անհաս դիւանագիտութեան, դաւաճաններ փնտռելու ներքին թուլութեան:

Մսըրլեան պատմաբանին երկար տարիներու աշխատանքին արդիւնք է այս բովանդակալից հրատարակութիւնը, որ ափսո՜ս, շա՛տ ափսոս, որ սեղանի գիրքը պէտք էր դառնար ո՛չ միայն Հայաստանի այսօրուան իշխանութեան գործիչներուն, այլ նաեւ երէկուան` սերժսարգսեանական, ռոպերթքոչարեանական եւ լեւոնտէրպետրոսեանական օրերու ղեկավարութիւններուն:

Հատորը բաղկացած է` նախաբանէ, քսանչորս գլուխներէ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկէ, հեղինակին կենսագրական տուեալներէ: Ներկայացնենք կարգ մը գլուխներու խորագիրները միայն` պատկերացում մը ստանալու համար գիրքին բովանդակութեան մասին.

  • Սփիւռքահայ քաղաքական խմորումներ Համաշխարհային Բ. պատերազմի նախօրեակին
  • Նացի ցեղապաշտները եւ հայերը
  • Սփիւռքահայ կուսակցութեանց դիրքը 1941 ԽՍՀՄ-ի եւ Խ. Հայաստանի պատերազմ մուտքէն ետք
  • Նացի Գերմանիոյ եւ փանթուրանականներու ծրագիրները Կովկասի մէջ (1941-1942)
  • Հայկական Բարձրաւանդակը գրաւելու չգործադրուած առաջադրանքը
  • Համաշխարհային Բ. պատերազմի Հայկական լեգէոնը
  • Կովկասը ընդդէմ գերմանական նուաճողական ծրագիրներու
  • ԽՍՀՄ-էն անջատողական շարժումներ Կովկասի մէջ (1942)
  • Պերլինի Հայ ազգային խորհուրդի «Յայտարարութիւնը»
  • Բ. Աշխարհամարտին Նժդեհի եւ Դրոյի միջեւ պայքարը
  • Ստալինկրատի յաղթանակին ազդեցութիւնը Թուրքիոյ եւ սփիւռքահայութեան վրայ
  • Համաշխարհային Բ. պատերազմի վախճանը եւ հայերը

Արտասահմանի մէջ գործող ազգային քաղաքական դասական երեք հոսանքները` ՀՅԴ, ՌԱԿ եւ ՍԴՀԿ, հասարակական կառոյցներէն` ՀԲԸՄ-ը, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը բնականաբար անմասն պիտի չմնային այդ տարիներու վճռորոշ զարգացումներէն: Այս հատորին մէջ յարաբերաբար լայն տեղ գրաւած է ՀՅԴ-ն, տարբեր առիթներով յիշուած են միւս կառոյցները: Փաստը կը մնայ փաստ. Դաշնակցութիւնը մերթ բացայայտ, մերթ ծածուկ, փորձած է գործակցիլ միջազգային մեծ ուժերու հետ, անոնք ըլլան Ռուսիա, Անգլիա, Գերմանիա, թէ այլ: Իսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, որ որպէս մէկ օղակը հսկայ Խորհրդային Միութեան, ամբողջ ներուժը տրամադրուած էր պայքարելով նացի Գերմանիոյ դէմ, յանուն խորհրդային պետութեան շահերուն: Մսըրլեան պատմագիտական տուեալներ կը հրամցնէ ընթերցողներուն, որոնք արդիւնքն են երկար տարիներու անոր պրպտումներուն:

Խորանալով մանրամասնութիւններու մէջ` այս գիրքը նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց: Վերջապէս, կը կրկնենք, դասագիրք է ան այսօրուան համար: Անցեալը ուսումնասիրել, սայթաքումներու պատճառները իմանալ, չկրկնել նոյն սխալները: Ժողովուրդ մը, որ մեռնիլ չի գիտեր, պիտի՛ ապրի: Երեսնամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտաւո՛ր է խորապէս ուսումնասիրել իր դրացի պետութիւնները, շրջանային ուժերը, միջազգային քաղաքական խաղերը եւ վարել հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն մը` հեռու զգացական պոռթկումներէ, հեռու մեծախօսիկութիւններէ:

Զաւէն Մսըրլեանի այս հատորը լրջանալու կը հրաւիրէ մեզ բոլորս: Ազգայինն ու անձնականը այնքան կլանած են մեզ, որ չենք տեսներ, չենք ուզեր տեսնել, կամ չենք կրնար տեսնել միջազգային քաղաքականութեան մէջ Հայաստանին վերապահուածը:

Գիրքին «Նախաբան»-ին մէջ Մսըրլեանի յիշողութիւնը կ՛երթայ մանկութեան տարիներ, 1940-ականներ եւ ընթերցողին կը ներկայացնէ ականատեսի այնպիսի վկայութիւններ, որոնք միայն ու միայն կը բարձրացնեն այս հսկայական ուսումնասիրութեան արժէքը: Մէջբերում մը հոնկէ. «Սոյն գիրքը գրելով` մեր նպատակը ո՛չ հերոսներ, ո՛չ ալ դաւաճաններ փնտռել է, ոչ մէկ կերպով սեւացրէքեան միտումներ ունի մեր ազգային ներկայ իրականութեան մէջ գործող հայ կազմակերպութիւններուն: Մեր նպատակն է պատերազմի աւարտէն երեք քառորդ դար անցնելէ ետք, Համաշխարհային Բ. պատերազմի հայկական առնչութիւնները պատմագրել, վաւերաթուղթերու, փաստերու եւ կարեւոր սկզբնաղբիւրներու հիման վրայ, որպէսզի ազգովին սերտուին անցեալի պատահարները, ապագայի մտահոգութիւններով: Պէտք է տեղեկանալ անցեալի մասին, ինչպէս որ եղած է եւ ոչ թէ ինչպէս կը ցանկայինք, որ եղած ըլլար»:

Հեղինակը շնորհակալական իր խօսքը կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք նպաստած են այս հրատարակութեան լոյս ընծայման` նիւթեր ուղարկելով, նուիրատուութիւններով թէ այլապէս: Նշենք, որ գիրքը 2020-ի դեկտեմբերին լոյս տեսաւ Պէյրութի մէջ, հանգուցեալ Արամ Սեփեթճեանի «Սիփան» հրատարակչատունէն եւ հանդիսացաւ «կարապի երգը» Սեփեթճեանին, որ կատարեց նախնական սրբագրութիւններն ու խմբագրումները հեղինակին հետ: Գիրքը ունի լաթակազմ եւ թղթակազմ տարբերակ (կողքի ձեւաւորում` Վազգէն Մուղալեանի):

Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը նման պատմական լուրջ եւ յանդուգն աշխատանքի համար, ուր անոր գիտնականի բծախնդիր մօտեցումը միա՛յն կը նպաստէ, որպէսզի դասեր քաղենք մեր անցեալէն եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ ու պետական մտածողութեամբ ոտքի պահենք մեր սիրելի հայրենիքը:

 

 

Նախորդը

Նշմար. Քաջերու Սահմանը` Իրենց Զէնքով…

Յաջորդը

Իշխանութեան Փոփոխութիւնը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?