Ա. Ա.
Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանային տագնապը անխուսափելիօրէն լուսարձակներու տակ կը բերէ հարաւկովկասեան ընդհանուր իրավիճակին մէջ ռազմաքաղաքական այնպիսի խնդիրներ եւ հարցեր, որոնց նկատմամբ յատկապէս Ռուսիոյ ամբողջական հակակշիռին ենթակայ Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) որդեգրած քաղաքականութիւնը շատ բան կը յստակացնէ` ինչ կը վերաբերի Հայաստանի ներկայացուցած ռազմաքաղաքական կարեւորութեան` հարաւկովկասեան քաղաքական շահերուն եւ հաշիւներուն մէջ:
Մինչ Հայաստանի իշխանութիւնները կը ջանան սիրաշահիլ, Ազրպէյճան կը սպառնայ: Մինչ հայկական կողմը կը փորձէ ձգել այն տպաւորութիւնը, որ խնդիրը կարիքը ունի արմատական լուծումներու, ազրպէյճանական կողմը առիթ չի փախցներ շեշտելու, որ իր զօրամիաւորումները կը գտնուին ազրպէյճանական տարածքներու մէջ: Մօտեցումներու եւ կեցուածքներու այս տարբերութիւնն է, որ առաւել մտահոգիչ է, եւ քաղաքական հաշիւներու վերանայման, շրջանային արտաքին քաղաքականութեան ուղեգիծի վերատեսութեան եւ գլխաւորաբար Ռուսիոյ քաղաքական նպատակներուն նկատմամբ ճիշդ գնահատականներու անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ:
Ալիեւեան Հռետորաբանութիւնը
Կը Խանգարէ Ճիգերը
Մինչ Երեւանի մէջ քննարկումներ կը կատարուէին սահմանային իրավիճակին կապուած տագնապը դիւանագիտական միջոցներով լուծելու հեռանկարներու շուրջ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հերթական սպառնալիքը կ՛արձակէր` յայտարարելով, որ պիտի շարունակուին Ազրպէյճանի սահմանները ամրապնդելու աշխատանքները: «Եթէ մեր երկրին սպառնան, տեղւոյն վրայ պիտի ոչնչացնենք թշնամի ուժերը», կը յոխորտար ան: Ըստ Ալիեւի, հայկական կողմը սահմանին վրայ սադրանք կատարած է, իսկ ազրպէյճանական ուժերն ալ անհրաժեշտ քայլերուն դիմած են:
Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տօնին առիթով Ալիեւ այցելեց Աղտամ (Ակնա), ուր ներկայ գտնուեցաւ քաղաքի վերակառուցման աշխատանքներու մեկնարկի հանդիսութեան: Աղտամէն Ալիեւ քննադատեց արեւմտեան պետութիւնները, որոնց խորհրդարաններուն բանաձեւերը համարեց սին եւ անտեղի որոշումներ, որոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենան քաղաքական հոլովոյթներու վրայ: «Ոչ ոք կրնայ մեր վրայ ճնշումներ բանեցնել», ըսաւ Ալիեւ եւ շեշտեց, որ նոյնիսկ Եւրոպական խորհրդարանին բանաձեւը ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:
Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, ապա Ալիեւ յայտնեց, որ հայկական կողմը տասնամեակներ շարունակ մերժած է զիջումները` ստիպելով, որ տագնապը պատերազմի միջոցով լուծուի: «Երեսուն տարի հայերը չյաջողեցան պետութիւն կառուցել: Ուրեմն այս ժողովուրդը չի կրնար պետութիւն կառուցել: Ասիկա կը նշանակէ, որ հայերը միայն այլ պետութիւններու ենթակայութեան տակ կրնան ապրիլ», ըսաւ ան:
Միջազգային Կոչերու Մերժում`
Պաքուի Կողմէ
Ազրպէյճան ասպարէզ կարդաց նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ Եւրոպական Միութեան, երբ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ գերեվարուած վեց հայ զինուորները ականներ կը ցանէին ճանապարհներու վրայ: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ միջազգային կառոյցները պէտք է նկատի ունենան վեց հայ զինուորներուն գերեվարման պարագաները եւ հապճեպ որոշումներով եւ կոչերով պէտք չէ բարդացնեն իրավիճակը: Քսանութ մայիսին, հայ զինուորներուն գերեվարման յաջորդ օրը, Մինսքի խումբին համանախագահները եւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը Ազրպէյճանի կոչ ուղղած էին անյապաղ ազատ արձակելու գերեվարուած հայ զինուորները` շեշտելով, որ սահմանային վէճերը լուծելու համար ուժի սպառնալիքը անընդունելի է:
Քաղաքական-ապահովական ամբողջ հոլովոյթը խեղաթիւրելով` Պաքու նաեւ յայտարարեց, որ Ազրպէյճան կողմնակից է սահմանային հարցերու խաղաղ կարգաւորման ընտրանքին, մինչդեռ ազրպէյճանական զօրամիաւորումներ ներխուժած են հայկական տարածքներ եւ ուժի ու սպառնալիքի մթնոլորտի մէջ կը մերժեն հեռանալ:
Զանգեզուրեան Միջանցքի
Քննարկում Չկայ
Հարաւկովկասեան փոխադրութեան ուղիներու եւ հաղորդակցութեան միջոցներու ապաշրջափակման եռակողմ յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ կա՛մ Հայաստանի ինքնիշխան ենթակառոյցներու լիարժէք օգտագործմամբ ապաշրջափակում կը կատարուի, կա՛մ ոչինչ կ՛իրագործուի: Ան կտրականապէս հերքեց, որ, այսպէս կոչուած, զանգեզուրեան միջանցքի մը շուրջ խորհրդակցութիւններ կը կայանան, կամ նման միջանցքի մը ստեղծման հարցը քննարկման առարկայ է Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետերուն մասնակցութեամբ կազմուած յանձնախումբին կողմէ:
Գրիգորեան համոզում յայտնեց, որ որեւէ միջանցքի մասին խօսելով, երբ հարցը Հայաստանի ինքնիշխանութեան հետ կապուած որեւէ աստիճանի ազդեցութեան մասին է, ապա բացառուած է: «Նման քննարկում չէ եղած ու պիտի չըլլայ», ըսաւ ան:
Ի՞նչ է տարբերութիւնը շրջանային ապաշրջափակման եւ միջանցքին միջեւ: Գրիգորեանի համաձայն, ասիկա ընկալումներու կը վերաբերի: Կան անձեր, որոնք ասիկա ուղղութիւն կը համարեն: Ուրիշներ այս տարբերութիւնը կը համարեն նպատակ կամ յստակ ենթակառոյց մը: Եռակողմ յանձնախումբին մէջ կը կիրարկուի տասնմէկ յունուարին հաստատուած յայտարարութեան եզրաբանութիւնը: Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի առաջնորդներուն միացեալ յայտարարութիւնը կ՛ենթադրէ, որ երեք երկիրներու փոխվարչապետերուն նախագահութեամբ աշխատանքային եռակողմ խումբը կը կազմէ ինը նոյեմբերի իններորդ կէտի կիրարկումէն բխող աշխատանքներու հիմնական ուղղութիւններու ցանկը` իբրեւ առաջնահերթութիւններ ընդունելով երկաթուղային եւ ճանապարհային հաղորդակցութիւնները, ինչպէս նաեւ կը սահմանէ Ազրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համաձայնութիւններու արժանացած այլ ուղղութիւններ:
Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ յանձնախումբին աշխատանքը ներկայիս դադրած է սահմանային լարուածութեան պատճառով, որովհետեւ նման պայմաններու մէջ կարելի չէ արդիւնաւէտ աշխատանք կատարել:
Ամենայնդէպս մէկ բան յստակ է: Մինչ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը պնդեն, որ խօսքը կը վերաբերի զանգեզուրեան միջանցքի մը մասին եւ այդ տրամաբանութեամբ ալ կը կառուցեն իրենց քաղաքական յաջորդ քայլերուն ամբողջ համակարգը, Հայաստանի իշխանութիւնները կը շեշտեն, որ խօսքը կը վերաբերի հաղորդակցութեան միջոցներու եւ փոխադրութեան ուղիներու վերաբացման, եւ ոչ մէկ պարագայի ինքնիշխան միջանցքի մասին քննարկում կարելի է: Այլ խօսքով, Լաչինի միջանցքին կարգավիճակին նման` զանգեզուրեան միջանցքի մասին ո՛չ քննարկում եղած է, ո՛չ ալ նման հարց օրակարգի վրայ է: