Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննադատե՞լ. Ինչո՞ւ Եւ Ինչպէ՞ս

Յունիս 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Հաւաքական մեր տկարութիւններն ու թերութիւնները յաճախ հետեւանք են առողջ քննադատութեան բացակայութեան:

Քննադատութեան պակասը զգալի է մեր իրականութեան մէջ, որովհետեւ գրաւոր թէ ելեկտրոնային մամուլի էջերէն կամ հրապարակային բեմերէն հազուադէպօրէն կը լսուին քննադատական ձայներ: Փոխարէնը` մարդիկ կա՛մ ընդհանրապէս լուռ կ՛անցնին սխալներու վրայէն եւ կա՛մ աժան բամբասանքով քննադատութիւնը կը պարպեն իր իմաստէն:

Քննադատել կը նշանակէ թափանցել հարցերուն խորքը, հաշիւ ու բացատրութիւն պահանջել եւ տիրող կացութեան մը հիմնաւորեալ բարեփոխման ձեռնարկել: Քննադատութիւնը, իբրեւ հանրային թերութիւններու սրբագրութեան միջոց, ցուցանիշ է քաղաքացիական հասունութեան:

Մենք չենք ապրիր իտէալական միջավայրերու մէջ: Ու եթէ չենք ապրիր իտէալական միջավայրերու մէջ, այդ կը նշանակէ, որ մեր շուրջը կան մտահոգիչ բազմաթիւ երեւոյթներ, որոնց հանդէպ չենք կրնար լուռ մնալ:

Հանրային թերութիւններու, հաւաքական սխալներու եւ բարոյական խախտումներու հանդէպ լռութիւնը յանցաւորին մեղսակցութիւն է: Անուն կարելի չէ տալ նման պարագաներու երեւան եկող շահակցութիւններուն եւ շողոքորթութիւններուն:

Քննադատութենէ պէտք չէ վախնալ: Առողջ քննադատութիւնը մեկնակէտն է առողջ հաւաքականութեան մը ստեղծման, պայմանաւ որ սակայն… քննադատողները իրենց քննադատութիւններուն հետ մէկտեղ ներկայացնեն նաեւ հարցերու իրենց լուծումները, փոխընտրանքները եւ անոնց համաձայն աշխատելու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Այլապէս, անլուրջ եւ անարձագանգ կը մնան քննադատութիւնները բոլոր անոնց, որոնք հոս ու հոն դժգոհութիւններ կը յայտնեն, ախտաճանաչումներ կը կատարեն, մինչեւ իսկ հարցերու սկզբունքային լուծումներ կ՛առաջարկեն եւ, սակայն, կը խուսափին որեւէ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ:

«Ամէնէն դժուարը ինքզինք ճանչնալն է, իսկ ամէնէն դիւրինը` ուրիշներուն խրատ տալը», ըսուած է իրաւամբ: Դժբախտ իրականութիւնը կը յուշէ, որ իսկապէս մեծ տոկոս կը կազմեն անոնք,  որոնք մնայուն կերպով կը դժգոհին` առանց սակայն իրենց անձնական պատկերացումներուն գործնականացման մասին մտածելու:

Նման մարդոց մօտ քննադատութիւնը շատ յաճախ կը վերածուի ինքնապաշտպանութեան կեղծ միջոցի, մնայուն քննադատութիւններու պիտակին տակ, իրենց թերութիւնները կամ աւելի ճիշդ` իրենց ծուլութիւնները ծածկելու համար:

Իրաւ քննադատութիւնը ունի երկու ձեւի արտայայտութիւն. առաջինը ժողովրդային ընթացիկ քննադատութիւնն է, որ փափաքները իրականութեան հետ կը շփոթէ եւ կը պահանջէ իր բոլոր ակնկալութիւններուն գոհացումը: Երկրորդը գիտակից մօտեցումով առողջ քննադատութիւնն է, որ յանձնառու մարդու խստապահանջութեամբ, տեղի՛ն, համապատասխան հիմնաւորումներով կեցուածք կը ճշդէ սխալ գործելակերպերու եւ մտայնութիւններու դէմ, կը պայքարի ու կը ջանայ ամէն գնով իրականացնել իր սեփական պատկերացումները:

Առողջ քննադատութիւն կատարողներ իրենց քննադատութիւնները կ՛ուղղեն մարդոց կեցուածքներուն եւ ոչ թէ անոնց անձերուն դէմ: Քննադատութիւններ իրենց ուժն ու ազդեցութիւնը կը կորսնցնեն, երբ կ՛անձնականացուին:

Առողջ մօտեցումով քննադատողներ կը յարգեն քաղաքավարութեան տարրական պայմանները եւ իրենց բողոքին ու դժգոհութեան չեն միացներ անարգանքը եւ վիրաւորանքը: «Հայհոյանքը փաստի սով է», պիտի ըսէր մեր անմահ երգիծաբանը` Պարոնեան:

Յաճախ կը պատահի, որ մարդիկ կը քննադատեն` առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ եւ ինչո՛ւ կը քննադատեն: Յաճախ նաեւ անոնք փաստեր ու տուեալներ չեն ունենար իրենց քննադատութիւնները հիմնաւորելու եւ համոզիչ դարձնելու համար: Տակաւին, կան նաեւ այնպիսիներ, որոնք «յօնք շինելու փոխարէն աչք կը հանեն»: Սխալ մը ուղղելու համար աւելի մեծ սխալ կը գործեն:

Ամէն մարդ արժանապատուութիւն ունի: Մարդիկ իրենց քննադատութիւնները կատարելու ժամանակ իրաւունք չունին խօսելու կամ գրելու այնպիսի գռեհիկ ոճով մը, որ դիմացինը վարկաբեկեն, անոր արժանապատուութիւնը վիրաւորեն, որովհետեւ նման քայլով մը անոնք նախ եւ առաջ իրենք զիրենք վարկաբեկած կ՛ըլլան, իրենց անմակարդակ եւ անարգալիր ըլլալը մատնած կ՛ըլլան:

Մտէ՛ք ընկերային ցանցեր եւ որքա՜ն աժան բամբասանք, զրպարտութիւն եւ ըսի-ըսաւ պիտի գտնէք այնտեղ` հասարակ ոճով եւ թունաւոր արտայայտութիւններով: Այսպէս կարելի չէ քննադատել զիրար: Այս ձեւով կարելի չէ սրբագրել իրարու սխալներ:

Բոլորս ալ գիտենք, որ անսխալական մարդ չկայ: Գործող մարդը անպայման կը սխալի: Չի սխալիր միայն չգործող մարդը, որուն սխալն ալ… չգործելն է: Հետեւաբար, քննադատութիւններ եւ քննադատողներ միշտ պիտի ըլլան: Սակայն, զգո՜ւշ, քննադատելու համար մարդիկ պարտին ունենալ երկու բան` բարոյական իրաւունք եւ քաջութիւն:

Բարոյական իրաւունքը կու գայ քննադատելի նիւթի մը հանդէպ քննադատող մարդու ծանօթութենէն, իմացութենէն եւ մասնագիտութեան բերումով ունեցած որոշ փորձառութենէն: Երբ մարդ գիտէ ըսածը, կրնայ այդ մասին կարծիք տալ ուրիշներու: Այլապէս, անոր կարծիքը շատախօսութեան սահմաններէն անդին չ՛անցնիր: Օրինակ, ելեկտրագէտը ի՞նչ հիմամբ կրնայ չհաւնիլ պատմագէտի մը գործը,  կամ` հակառակը, պատմաբան մը ինչպէ՞ս կրնայ թերագնահատել ելեկտրագէտի մը աշխատանքը: Ի վերջոյ, գործ մը քննադատելու բարոյական իրաւունքը ունին գործէն հասկցողները միայն:

Քաջութիւնը այս պարագային փնտռուած այլ յատկութիւն մըն է: Որեւէ երեւոյթ քննադատող մարդը քաջութիւնը պէտք է ունենայ ինքնավստահ կերպով նայելու դիմացինին աչքերուն եւ ըստ այնմ ըսելիքը ըսելու անոր: Համակարգիչներու պաստառներուն ետեւ պահուըտած, անծանօթ կամ շինծու անուններով ուրիշները քննադատելը վարպետութիւն չէ: Քաջութիւն եւ պատասխանատուութիւն կը պահանջէ ներկայանալ տուեալ պատասխանատուի մը դիմաց եւ համարձակօրէն ու տրամաբանականօրէն բանավիճիլ եւ քննադատել զայն: Այս քաջութիւնը ունեցողներուն պիտի ըսէինք` «Պռաւօ՛», իսկ չունեցողներուն պիտի յիշեցնէինք, որ «լռութիւնը ոսկի է»:

Հետեւաբար հանրային աւելի առողջ կեանքի մը համար ազատ պէտք է ըլլալ ամէն առիթի ու ամէն ժամանակ արտայայտելու մեր կարծիքներն ու քննադատութիւնները, պայմանաւ որ անոնք ըլլան անկեղծ, անաչառ եւ առողջ քննադատութիւններ, քաղաքակրթութեան ընդունուած սահմաններով:

Չէ՞ որ մենք քաղաքակրթուած ժողովուրդ ենք…

 

 

Նախորդը

Կշռոյթի Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Հայաստանի Արտահերթ Ընտրութիւններու Սեմին` Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Բենիամին Պչաքճեանին Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?