Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արտահերթ Ընտրութիւն… Արտառոց Ընտրարշաւ

Յունիս 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եթէ հայ ազգը անհետացած ըլլար, կամ լուծուած` դրացի ազգերուն մէջ, քաղաքակրթութեան շէնքէն քար մը պիտի պակսէր… թերեւս նոյնիսկ` գմբէթ մը»

ԺԱՆ-ՓԻԵՐ ԱԼԵՄ (1912-1995, ֆրանսացի վիպագիր)

«Եւրոպայի վեցանկիւն»-ին (Ֆրանսա) եւ Հայկի ու Բէլի ճակատամարտի երկրին արմատները խոր եւ հին են: Երկար ու անաւարտ է շարքը այն հանճարներուն, որոնք Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան համար գործած են:  Անոնց շարքին է Ժան-Փիեր Ալեմը, որ վերոյիշեալ  յիշատակելի պատկերացումով աւարտած է իր հանրածանօթ գիրքերէն` «Լ՛Արմէնի»-ն:

Գմբէթը, որուն կ’երթայ յիշեալ ակնարկութիւնը, այս օրերուն հայորդիին եւ յատկապէս ֆրանսահայուն կը յիշեցնէ մասնաւորաբար Արցախի մէջ ոչնչացման վտանգին մատնուած մշակութային մեր ժառանգութիւնները, որոնց կարգին` Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց եկեղեցիին սրբապղծուած գմբէթը:

Յունիս 1-ին, ՀՀ հրաժարեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Փարիզ այցելութեան առթիւ (անակնկալ եւ Քէ Տ՛Օրսէին կողմէ առաջարկուած թուականէն ամիսներ առաջ),  Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յարգեց փրոթոգոլը եւ իր հիւրին յայտնեց, որ Ֆրանսա պատրաստ է շարունակելու իր աջակցութիւնը բնակչութեան` շեշտելով, որ նոյեմբերի զինադադարէն ետք ստեղծուած կացութիւնը այդքան ալ յուսադրիչ չէ, ուրեմն յաւելեալ ջանք պէտք է թափուի` լարուածութեան մեղմացման եւ երկխօսութեան վերսկսման ի խնդիր:

Խօսքերուն մէջ պէտք է տեսնել վերոյիշեալ գմբէթին մասին ակնարկութիւն մը, նաեւ մտավախութիւն` անոր փլուզման, երբ կը շեշտէր ու կը կարեւորէր Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի Փարիզ այցելութիւնը միայն պատերազմի օրերու թարմ անցեալի մը (չաւարտած) մասին չէր, այլ ապառնիի երազով մըն էր, որ  ժամանած էր «լոյսերու քաղաք»-ը: Թայմինկը յստակ էր, համաշխարհայնացած իւրայատուկ ընտրարշաւի գործելաձեւ մը… նոյնիսկ իր երկրի սահմաններէն (եթէ անշուշտ յստակ են) հեռու:

Պատահարը կը յիշեցնէ մօտիկ անցեալի նմանօրինակ դէպք մը. 28-29 փետրուար 2020-ին` Միացեալ Նահանգներու Սպիտակ Տան այդ օրերու վարձակալ Թրամփի երկրորդ շրջանի ընտրարշաւի մեկնարկը, որ տրուեցաւ …Հնդկաստանի մէջ, պաշտօնական այցելութեան մը առթիւ:

Կարելի է հետեւցնել, որ նոյն պրիսմակին ընդմէջէն պէտք է դիտել արտաքին գործոց հրաժարեալ նախարար Արա Այվազեանի` հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին արտայայտած հաստատումները,  թէ յատկապէս  այս նախարարութիւնը, որ ծնունդն է անկախութեան, պէտք է անշեղօրէն պաշտպանէ պետական շահերը, ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը: Ան նոյն յստակութեամբ շեշտեց, որ` «Այս նախարարութիւնը երբեք չի կրնար առիթ տալ եւ համաձայն գտնուիլ գաղափարներու եւ նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»:

Հրաժարեալ վարչապետը Փարիզ մեկնեցաւ Այվազեանի հրաժեշտի խօսքէն հազիւ 24 ժամ ետք: «Իմքայլական» թեկնածուն դէպի արտերկիր իր «թռիչք»-ով ազդանշանը տուաւ յունիս 20-ի ընտրարշաւին:

Ըստ էութեան` արտառոց ընտրարշաւ մը, զուրկ` որեւէ խոր ուսումնասիրութիւններէ, առաջարկներէ եւ թղթածրարներէ, որոնց մասին օրին ամբողջական պատկեր մը տուաւ «Հայաստան» դաշինքը` իր ծննդոցի օրն իսկ:

Ժամանակն է, որ Հայաստան (եւ Արցախ) դուրս գան անհորիզոն, անծրագիր եւ գաղափարազուրկ փապուղիէն եւ մտնեն իսկական աշխատանքի դաշտ, որ կը պահանջէ վիթխարի ուժ, կարողականութեանց մէկտեղում` ի խնդիր հայրենիքին փրկութեան:

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Ազգային Գաղափարի Յաղթանակն Անխուսափելի Է

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?