Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Բակը

Յունիս 10, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ 

Հաւանաբար Պուրճ Համուտի գետնայարկ տուներէն շատերը բակ ունին: Ամէն մէկ բակ ալ, իր կարգին, ունի իր պատմութիւնները: Ամէն մէկ բակի պատմութիւն զգացական եւ գիտակցական իւրայատուկ ապրումներ կու տան քեզի: Երբեմն հոտ մը, ձայն մը, գոյն մը, թերթի հին կտոր մը, նկար մը քեզ կը տանի հեռուները, եւ դուն քեզ կը գտնես հոն, ուր անմեղ ու ջինջ օրեր անցուցած ես:

Վերջերս տանս պատշգամը կեցած էի, եւ յանկարծ ինքնաշարժ մը անցաւ` բարձրաձայն երաժշտութեամբ, հայերէն երգով մը®

Այդ երգը զիս տարաւ տարիներ առաջ, երբ ռմբակոծումի ծանր օրերն էին, եւ մեր տունը` իբրեւ գետնայարկ, աւելի ապահով կը նկատուէր, ուստի յաճախ հոն կը համախմբուէին դրացիները, եղբայրներուս ընկերները, հարազատներ: Զինադադարի պահերուն, երբ քիչ մը հանդարտէր ամէն բան, մայրս քանի մը քիլօ միս կը բերէր, եւ այդ բակին մէջ խորոված կ՛ընէինք:

Մինչ տղաքը իրենց պլոթի մրցաշարքին կը սկսէին, կիները ներս սենտուիչները կը պատրաստէին, եւ մենք յարմար առիթին դուրսը նեղ տեղ մը կը գտնէինք, որպէսզի ոտնագնդակ խաղանք մինչեւ յաջորդ ռմբակոծումի ռաունտին սկսիլը:

Այսպէս, աւելի քան եօթը տարիներ` մերթ պատերազմ, մերթ խաղաղութիւն կարգավիճակով այդ բակին մէջ կը մեծնայինք եւ յաճախ այս երաժշտութիւնը կը լսէինք:

Տարիներու թաւալումով տանտէրը Աւստրալիա գնաց, տարեցները` անդի աշխարհ, աւելի ուշ մէկ- մէկ բոլորը գաղթեցին, ու մնաց բակը` իր մաշած պատերով, չորցած ծաղիկներով եւ ծանր լռութեամբ:

Այդ բակերուն մէջ ամբողջ սերունդ մը մեծցաւ` առանց ելեկտրականութեան, առանց համացանցի, առանց տաք ջուրի, երբեմն նոյնիսկ` առանց ջուրի, բայց բոլորին դէմքերէն ժպիտը` ապրելու, անպակաս էր, իսկ ապրելու կամքը` շատ զօրաւոր:

Այսօր յարաբերաբար աւելի լաւ պայմաններու մէջ ենք, սակայն առանց պատերազմի, առանց բակի, առանց մարդոց անցուցինք մէկուկէս տարին` իւրաքանչիւրս միս մինակ, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

Ելեկտրականութիւն ալ կար, ջուր ալ, համացանց ալ, «Նեթֆլիքս» ալ, կապի եւ հաղորդակցութեան առցանց կարելիութիւններ ալ, սակայն բոլորս ալ տխուր ենք, բոլորիս սրտերուն մէջ թախիծ, նեղութիւն, կարօտ, տագնապ եւ հոգեկան իրարանցում կայ: Բակերը փոխարինուած են «Զում»-երով:

Բայց, ըստ երեւոյթին, ժամանակը փոխուած է: Աւելի ճիշդ, ըստ երեւոյթին, ֆիզիքական, ոգեղէն կապը աւելի տաքուկ է ու իրական: Աւելի անմիջական եւ մնայուն:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Հայկական «Փի. Ար.» Մրցանակաբաշխութիւն. «Ազդակ»-ը` Սփիւռքի Լաւագոյն Լրատուամիջոց

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?