Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական «Փի. Ար.» Մրցանակաբաշխութիւն. «Ազդակ»-ը` Սփիւռքի Լաւագոյն Լրատուամիջոց

June 10, 2021
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական «Փի. Ար.» մրցանակաբաշխութեան պատասխանատուները յայտարարեցին հանրային կապերու եւ հաղորդակցութեան ոլորտի 2021 թուականի հետազօտութիւններուն արդիւնքները, որոնց համաձայն, 2021 թուականի սփիւռքի լաւագոյն լրատուամիջոցը նկատուեցաւ «Ազդակ» օրաթերթը:

Հայկական «Փի. Ար.»  կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ աւանդական դարձած այս մրցանակաբաշխութեան նպատակն է լուսարձակի տակ առնել եւ արժեւորել Հայաստանի հաղորդակցութիւններու ոլորտին մէջ արձանագրուած ձեռքբերումները:

Հայկական «Փի. Ար.»  կազմակերպութեան հետազօտական խումբին կողմէ 2020 թուականի յունուարէն 2021 թուականի ապրիլ երկարող ժամանակաշրջանին ուսումնասիրուած են համապատասխան խումբերու մէջ ներառուած կառոյցներուն աշխատանքները, այս նպատակով կատարուած են մանրակրկիտ հարցազրոյցներ, հարցաթերթեր ամբողջացած են:

Հետազօտութիւններու լոյսին տակ մրցանակաբաշխութեան իւրաքանչիւր անուանակարգին մէջ ընտրուեցաւ լաւագոյն եռեակը, որուն մէջէն ալ` տարուան յաղթողը, զոր ճշդեց միջազգային մասնագիտական յանձնաժողովը:

Տարուան լաւագոյն երեք լրատուամիջոցները նկատուեցան «Առաւօտ» օրաթերթը (յաղթող), «Երկիր մեդիա»-ն եւ «Շողակաթ»-ը, իսկ տարուան Սփիւռքի լաւագոյն լրատուամիջոցները` «Ազդակ»-ը (յաղթող), «Ալիք»-ը եւ «Նոյեան տապան»-ը:

Յատուկ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին «Ազդակ»-ի մրցանակը ստանձնեց «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից, լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեան: Ան «Ազդակ»-ին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական «Փի. Ար.» մրցանակաբաշխութեան պատասխանատուներուն եւ դատական կազմին` առաջին պարգեւի տնօրինումով «Ազդակ»-ին գործունէութիւնը բարձր գնահատած ըլլալուն համար: Յիշենք, որ «Ազդակ» վերջին տարիներուն մնայուն դիրք գրաւած է առաջին եռեակին մէջ:

Հայկական «Փի. Ար.» մրցանակաբաշխութեան մասնագիտական յանձնաժողովի նախագահն է գերմանացի յայտնի ճառագիր, հաղորդակցութեան մասնագէտ, դոկտոր Վազրիկ Բազիլ, անդամներն են` Հրաչուհի Պօղոսեան (Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիա  համալսարանի փրոֆեսէօր, Նորարարութեան խթանման եւ հետազօտութեան կեդրոնի ղեկավար), Միրօ Խանզադեան («GlobalHye & Associates» ընկերութեան հիմնադիր, ամերիկահայ «Փի. Ար»-ի մասնագէտ), Ռուզաննա Իւանեան (Սենթ Փեթերսպուրկի արդիւնաբերական արհեստագիտութեան եւ ձեւագծութեան պետական համալսարանի Լրագրութեան եւ լրատուական արհեստագիտական ամպիոնի դոցենտ), Լիլիթ Շաքարեան (ԵՊՀ Ընկերային աշխատանք եւ ընկերային արհեստագիտութեան ամպիոնի դասախօս), Աշոտ Ալեքսանեան  (ԵՊՀ քաղաքական գիտութեան պատմութեան եւ տեսութեան ամպիոնի փրոֆեսէօր, Գերմանիոյ Ֆրիտրիխ Շիլլերի անուան Հենայի համալսարանի քաղաքագիտութեան հիմնարկի հրաւիրուած գիտնական) եւ Աստղիկ Աւետիսեան (Հայկական «Փի. Ար.» միութեան նախագահ, ԵՊՀ-ի Լրագրութեան բաժանմունքի դոցենտ, «Փի. Ար.» եւ հաղորդակցային արհեստագիտութիւններու» մագիստրոսական ծրագիրի ղեկավար):

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Աստղիկ Աւետիսեան նշեց, որ կազմակերպութեան հետազօտական խումբին համար կարեւոր են որակական եւ քանակական վերլուծումներուն մեթոտաբանութեան կիրարկումը:

«Հայաստանի մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին հասարակութեան եւ պետական մարմիններուն միջեւ արձանագրուեցաւ փոխհամագործակցութեան եւ վստահութեան մակարդակի անկում, ինչ որ ստեղծեց անտարբերութեան մթնոլորտ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ:  Տեղեկատուական հասարակութեան պահանջները այլ են` պետական մարմիններուն կողմէ տրամադրուող տեղեկատուութեան մատչելիութիւն եւ մշակուող ու կայացուող որոշումներուն մասնակցութիւն եւ հրապարակայնացում: Ըստ մեր ուսումնասիրութիւններուն, խախտած է հասարակութեան ճշմարիտ տեղեկատուութիւն ստանալու իրաւունքը, հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ուղղահայեաց, որուն իբրեւ հետեւանք յետադարձ կապի մեքանիզմները կրճատուած են: Ոչ գրագէտ հաղորդակցութեան պատճառով,  Հայաստանի տարբեր ոլորտներուն մէջ յառաջացած են ճգնաժամային իրավիճակներ, ինչ որ կ՛առաջնորդէ թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին հակամարտութիւններու, որոնց իբրեւ հետեւանք մասնաւորապէս տնտեսութեան, առողջապահութեան, դիւանագիտութեան, կրթութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ ռազմական ոլորտներուն մէջ յառաջացած է խոր ճգնաժամ: Ասիկա ունի առարկայական եւ ենթակայական պատճառներ` արտաքին եւ ներքին հաղորդակցական խոչընդոտներու նախապայմաններ», յայտնեց Աստղիկ Աւետիսեան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մեր Բակը

Յաջորդը

«Օրօր» Եւ «Արարատ» Նոր Սկաւառակներուն Հրապարակման Առիթով` Հարցազրոյց Մկրտիչ Միքայէլեանի Հետ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.