Ուրկէ՞ Կու Գանք, Ո՞ւր Կ՛երթանք – Բ.
Հրաբուխին Վնասներէն Ետդարձի Ուղիներ Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նախորդ սիւնակին մէջ ընդհանուր ուրուագծումը կատարեցինք Հայաստանի այսօրուան վիճակին, որ կը կազմէ 20 յունիսի ընտրութիւններու բեմին խորապատկերը: Աւելցնենք, որ ընտրութիւնները պէտք չէ դիտել իբրեւ այնպիսի հանգրուան, որ բոլոր լուծումներուն բանալիները պիտի բերէ հայութեան: Բաց աչքերով կը տեսնենք, չէ՞, որ Հայաստան ինկած է ռազմական ու քաղաքական (նաեւ շրջանային ծիրին մէջ) այնպիսի փոթորիկներու գիրկը, որոնք մեր...

















