Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Հայաստանի Հարաւային Սահմաններու Ապահովութիւնը

June 11, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, Իրան թէեւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան ի նպաստ դիրքերէ հանդէս եկաւ, սակայն այդ մէկը առաւելաբար իր երկրի շահերէն եւ Ազրպէյճանի` իրանեան տարածքներուն գծով նկրտումները սանձելու մղումներէն կը բխէր: Իրան քաջ գիտէր, որ արցախեան պատերազմն ու անոր հետեւանքները ի նպաստ իր ապահովութեան պիտի չզարգանային:

Պատերազմէն ետք Իրան նկատելով Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի ազդեցութեան աճը Հարաւային Կովկասի մէջ, յատկապէս իր սահմանին վրայ, բնականաբար պիտի փորձէր պահպանել իր ազդեցութիւնը եւ մասնակցէր տարածաշրջանային համագործակցութեան տարբեր գործընթացներուն:

Իրան-Հայաստան գործակցութիւնն ու ազդեցութիւնը որքան տկարանան, Ազրպէյճան այնքան կարելիութիւն պիտի ունենայ ստեղծելու աշխարհաքաղաքական այնպիսի կացութիւններ, որոնք պիտի  չհամընկնին տարածաշրջանային կայունութեան նախանձախնդիր երկիրներու` Հայաստանի եւ Իրանի շահերուն:

Հայաստանի եւ Իրանի շահերը շատ մը հարցերու մէջ կը համընկնին. Հայաստան կրնայ երաշխաւորել Իրանի հիւսիսային սահմանի ապահովութիւնը` թոյլ չտալով, որ Ազրպէյճան տէր ըլլայ այնպիսի խաղաքարտերու, որոնք կրնան Իրանի դէմ օգտագործուիլ, իսկ Իրան, բնականաբար, հայ-իրանական սահմանը օգտագործելով, Հայաստանին պիտի օժանդակէ տարբեր ոլորտներու մէջ, յատկապէս` ապահովական, երթուղիներու վերանորոգման առումով տնտեսական-շինարարական եւ ռազմաարդիւնաբերական:

Սիւնիքը մեծ կարեւորութիւն ունի նաեւ Իրանի համար, հետեւաբար Հայաստան-Իրան գործակցութեան զարգացումը, յատկապէս` Սիւնիքի տարածքի օգտագործման առումով, Ազրպէյճանի  ոտնձգութիւնները ետ մղելու կարեւոր ազդակ կը համարուի:

Իրանական փորձագիտական շրջանակներ կը խօսին նաեւ Նախիջեւանի եւ Հայաստանի տարածքով Պարսից ծոցը Սեւ ծովին կապող երկաթուղիի շահագործման, հիւսիս-հարաւ ցամաքային ճամբու օգտագործման մասին: Իրանի քաղաքական գործիչներուն Հայաստան այցելութիւններուն ընթացքին եւս քննարկուած են այսպիսի կարելիութիւններ:

Իրան ջանք կը թափէ իր ներգործօն ազդեցութիւնը պահելու յատկապէս Սիւնիքի շրջանին մէջ` պատրաստակամութիւն յայտնելով ճամբաներու կառուցման եւ շինարարական այլ աշխատանքներու մէջ շօշափելի ներդրումներ կատարելու:

Իրան-Նախիջեւան-Հայաստան երկաթուղին դրական անդրադարձ կրնայ ունենալ Հայաստանին համար ե՛ւ տնտեսական առումով, ե՛ւ ապահովական առումով, սանձելով Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու խախտման փորձերը: Պատահական չէր, որ Իրանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահը օրեր առաջ կը դատապարտէր Ազրպէյճանի` Հայաստանի տարածք թափանցումը, շեշտելով որ Իրանի համար կարմիր գիծ է Հայաստանի սահմաններու անխախտելիութիւնը:

Ազրպէյճանի կողմէ կարգ մը տարածքներու բռնագրաւումը ոչ միայն կը վտանգէ, այլեւ անօգտագործելի կրնայ դարձնել նաեւ հայ-իրանական սահմանը` Իրանն ու Հայաստանը կախեալ պահելով Ազրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն:

Հայաստան Իրանը Եւրոպային կապող այլընտրանքային ճամբայ է: Ուստի Հայաստանի հարաւային սահմաններու պահպանման առաջնահերթութիւնը  յառաջիկայ իշխանութիւններուն առաջնահերթ հարցերէն մէկը պիտի ըլլայ: ՀՀ արտաքին քաղաքականութիւնը լուրջ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման է, եւ այսպիսի մարտահրաւէրներու լոյսին տակ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարին հրաժարականը կը խօսի ներկայ իշխանութիւններուն ոչ գործուն աշխատանքին մասին, որուն պատճառով ալ այսօր վտանգուած է Հայաստանի հարաւային սահմանը, իսկ ազրպէյճանական թափանցումները միջազգային ընտանիքին եւ ՀԱՊԿ-ին կողմէ կը մնան գրեթէ անարձագանգ:

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները ճակատագրական ազդեցութիւն կրնան ունենալ երկրի արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային անվտանգութեան էական հարցերուն մէջ: Հարցեր, որոնք փակուղիի մէջ մտան նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով:

Նախորդը

Ամէն Տեղ Հայ Կայ… Նոյնիսկ` Կազայի Մէջ

Յաջորդը

Պատերազմի Մանուկները…

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.