Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քարոզարշաւային Արտառոց Հռետորաբանութիւնը

Յունիս 10, 2021
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի հաստատութիւնը միջազգային օրէնսդրութեան հիմունքներ ունի: Դիմումներ ստանալու, դիտարկումներ կատարելու, քննարկելու, փաստագրելու եւ գնահատական բանաձեւելու ընթացակարգեր կան, որոնք ո՛չ միայն ներքին կարգով  կը հասցէագրուին եւ կը յայտարարուին, այլ նաեւ  կը յղուին միջազգային համապատասխան ատեաններ:

Այս հաստատութիւնը սերտօրէն առնչուած է նաեւ Պրիւքսէլի հետ Երեւանի ստորագրած համաձայնագիրներուն եւ կը կրէ եւրոպական չափանիշներով ամրագրուած մարդու իրաւունքներու հայեցակարգային մօտեցումները:

Պաշտօնը ապաքաղաքական է եւ այդ պատճառով պաշտօնը զբաղեցնող անձին կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները հիմնականին մէջ կը կեդրոնանան քաղաքացիի իրաւունքներու ուղղակի կամ անուղղակի ոտնահարման երեւոյթներուն վրայ: Անոր իրաւասութեան տիրոյթին մէջ է քաղաքացիներուն նկատմամբ  պետական մարդոց վերաբերումին, տնօրինումներուն կամ յայտարարութիւններուն գնահատական տալը:

Պարզ է, որ ընթացող քարոզարշաւը աննախադէպօրէն ատելավառ տարրեր կը պարփակէ իր մէջ: Ատելութեան խօսքի տարածումը ինքնին քրէական յանցակազմ կը պարփակէ իր մէջ: Հիմա բարձրագոյն մակարդակով կը կատարուին ատելավառութեան նոր մրցանիշներ հաստատելու դէպքերը:

Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին այս առումով հնչեցուցած ահազանգը ուշագրաւ է: Նախաբանային առումով խօսքը տարբեր թեկնածուներուն ուղղուած է`  բռնութեան, մենամարտի, ոչնչացնելու եւ նման միջոցներ եւ արարքներ պարփակող հռետորաբանութեան անընդունելիութիւնը ընդգծելու առումով, այնուամենայնիւ յատուկ բաժին վերապահուած է վարչապետի պաշտօնակատարին:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարի կողմից այսօր քաղաքացիական եւ քաղաքական վրէժխնդրութեան, քաղաքացիական վրէժի, քատրային ջարդուփշուրի մասին խոստումները, հայհոյանքի բառերի օգտագործումը խիստ մտահոգիչ են, այսպիսի բառապաշար հանրային, այն էլ ընտրական գործընթացի տիրոյթ բերելն անթոյլատրելի է:

Ինչպէս էլ ուզում է մեկնաբանուի` նշուած վրէժխնդրութիւնն ու քաղաքացիական վրէժն ակնյայտ ասոցացւում են բռնութեան ու հաշուեյարդարի, իսկ քատրային ջարդուփշուրն էլ աշխատանքային իրաւունքների զանգուածային խախտումների հետ: Այսպիսի հռետորաբանութեան իրական վտանգն այն է, որ  այն աւելի է մեծացնում առանց այդ էլ առկայ լարուածութիւնը, պարունակում է իրական կեանք տեղափոխուելու վտանգաւոր ռիսքեր: Ճիշդ է, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատարը յատուկ շեշտադրել է, որ խօսքը չի վերաբերում ֆիզիքական հաշուեյարդարի, բայց ակնյայտ է, որ դա չի չէզոքացրել նշուածի վտանգաւոր ազդեցութիւնը»:

Արտահերթ ընտրութիւններու կայացման անհրաժեշտութեան մասին կը խօսէր իշխանութիւնը` լարուած մթնոլորտը լիցքաթափելու նպատակով: Կը թուի, որ քարոզարշաւի նախօրեակին եւ մեկնարկին դրսեւորուած հռետորաբանութիւնը, հայհոյանքը, մեղադրանքները, քաղաքացիական հաշուեյարդարի կոչերը, սպառնալիքները կը ծառայեն ճիշդ հակառակ նպատակին:

Արտահերթ ընտրութիւնները նման մթնոլորտի մէջ ո՛չ միայն լարուածութեան մթնոլորտը լիցքաթափելու եւ ներքին համերաշխութիւն ստեղծելու նպատակներուն չեն ծառայեր, այլ ընդհակառակը:

Գործող իշխանութիւնը առաջին հերթին բաժանարար սահմաններու գծման փոխարէն հռետորաբանական հրադադար պիտի յայտարարէր եւ քաղաքակիրթ բանավէճի անցումի ենթահող պատրաստէր:

Յետպատերազմեան առաջին ընտրութիւններուն առիթով ծաւալուող բանավէճերը պէտք է կեդրոնանան ստեղծուած իրավիճակի տուն տուող պատճառներուն, հանգամանքներուն քննարկման, անվտանգութեան խնդիրներուն,  հայրենիքի ստացած ճակատագրական հարուածին, հողակորուստին, սահմանային միջադէպերուն, պարտութեան բոլո՛ր պատճառներուն վրայ. եւ ապա որոնեն ելքեր աշխարհաքաղաքական գործընթացներու լոյսին տակ վերականգնողական աշխատանքի եւ պետականութեան վերակայացման առումով:

Քաղաքակիրթ բանավէճի մշակոյթը, արդար եւ ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելը, ժողովրդավար հասարակարգի կայացման կարեւորագոյն բաղադրիչներ են: Անոնց ապահովումը պետութեան եւ հասարակութեան համակողմանի գիտակցութենէն եւ պատրաստուածութենէն կախեալ է: Այդ բոլորի իրականացումին պատասխանատուութիւնը գործող իշխանութիւններունն է:

Ընտրական փուլերը` քարոզարշաւ, քուէարկութիւն եւ յետընտրական փուլ, պէտք է բոլորը բացառեն ցնցումները: Քաղաքակիրթ եւ ժողովրդավար հիմունքով նոր էջ բանալու մօտեցումը  համակողմանի է: Նոր էջը նոր իշխանութեան ձեւաւորումով պայմանաւորուած է:

«Ա.»

Նախորդը

Քոչարեան. «Ժողովուրդը Պիտի Որոշէ Ինչպիսի Հայաստան Ունենալ»

Յաջորդը

Ռուսիան Եւ Թուրքիան Բարձր Գնահատած Են Արցախի Մէջ Միացեալ Կեդրոնի Գործունէութիւնը

RelatedPosts

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

«Անկախներ Լիբանանի Համար» Հանդիպման Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?