Նամականի
ԳԷՈՐԳ ՍՈԼԱՔԵԱՆ «Վանայ ձայն»-էն ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը վեցին կը սփռուի «Հայրենի տուն» յայտագիրը, որ կը ներկայացնէ կիլիկեան եւ պատմական Հայաստանի գիւղերն ու քաղաքները: Այս յայտագիրը շատ լաւ եւ բծախնդիր կերպով կը ներկայացնէ Մարալ Մխսեան: Վստահ ենք, որ ան շատ մեծ ճիգ կը թափէ, որպէսզի կարենայ մեր հայրենիքի գիւղերուն եւ քաղաքներուն մասին այսքան գիտելիքներ հաւաքել: Ամէն գիւղի կամ քաղաքի սովորութիւնները,...

















