Անդրադարձ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Առանցք Փոխելու Վտանգները

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Առանցք Փոխելու Վտանգները

Հայաստանի քաղաքական շահերը տարիներու ընթացքին պահպանուած են տարածաշրջանի դաշնակիցներուն, արեւմտեան եւ արեւելեան երկիրներու հետ հաւասարակշռուած յարաբերութեանց շնորհիւ: Կարելի չէ պատկերացնել Հայաստանի ապահովութիւնը` առանց տարածաշրջանի գերպետութիւններու հետ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան, դիւանագիտական գերզգայուն յարաբերութեան պահպանման: Արեւմուտքի հետ եւս Հայաստան տարիներ շարունակ պահպանած է դրական յարաբերութիւններ, ստորագրած է գործակցութեան համաձայնագիր` նկատի ունենալով Հայաստան-Եւրոպա աշխարհագրական առնչութիւններն ու քաղաքական  փոխազդեցութիւնները: Այս յարաբերութիւններու հանրագումարին շնորհիւ` նաեւ պահպանուած...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Արցախցի Եւ Միշտ Արցախ Բնակող Բանաստեղծի Ընդվզելու Կոչի Հետքերով

Յ. Պ. Բանաստեղծը` Վարդան Յակոբեան: Ան սփիւռք(ներ)ի հիւր չէ, օր մը Լոս, օր մը Փարիզ, կամ` Պէյրութ, հեռատեսիլի պատուհանը իր թառը չէ: Ըսած է ճշմարտութեան խօսք: Եթէ դեռ չխցուած ականջներով հայեր կան, ներսը եւ դուրսը, կը լսեն: Խօսք` քաղաքական քարոզչութեան (ան)բարոյականացման մասին: Եթէ բարոյականութիւնը դեռ տեղ ունի մեր քաղաքական դահլիճներուն մէջ եւ լուսարձակներուն տակ: Խօսք, զոր լսելէ ետք քաջութեամբ հարց...

Սթափելու Ժամանակը

Հայութեան Արդարացի Իրաւունքը Անժամանցելի Է

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 22 նոյեմբեր 2021: Լիբանանի անկախութեան 78-րդ տարեդարձ, միաժամանակ անկախ Հայաստանի սահմաններու մասին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռի հրապարակման 101-րդ տարեդարձ: Հակառակ տիրապետող կարծիքին, որ նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռը Սեւրի դաշնագիրի յաւելուած մըն է, պէտք է կարեւորութեամբ նշել, որ այս իրաւարար վճիռը անկախ որոշում մըն է, վաւեր` ստորագրման եւ կնքման պահէն սկսեալ: Արդարեւ, նախագահ Ուիլսընին լիազօրութիւնը...

Տէր Պիտի Մնանք Ուիլսընեան  Սահմաններով Հայաստանին

Տէր Պիտի Մնանք Ուիլսընեան Սահմաններով Հայաստանին

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ 25-26 ապրիլ 1920-ին,  Համաշխարհային Ա. պատերազմէն յաղթական դուրս եկած Դաշնակից  պետութիւններուն եւ անոնց զօրավիգ ուժերու Գերագոյն խորհուրդը երկու խնդրանք  ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ   Ուիլսընին. - ստանձնել Հայաստանի հովանաւորութիւնը, - իրաւարար վճիռով որոշել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ  միջեւ սահմանը: Առաջինը անմիջապէս մերժեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը: Նախագահը հրաժարեցաւ: Երկրորդ խնդրանքը պաշտօնապէս ամրագրուած  էր Փարիզի  խաղաղութեան վեհաժողովին, Ֆրանսայի վարչապետ եւ արտաքին...

Ռուսիոյ Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ, Արցախի Եւ Ուրքանիոյ Մէջ

Ռուսիոյ Ընդհանուր Քաղաքականութիւնը` Սուրիոյ, Արցախի Եւ Ուրքանիոյ Մէջ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ինչպէս որեւէ այլ պետութիւն` Ռուսիան կը ձգտի իրագործել իր ազգային շահերը, որոնք հիմնուած են իր պատմութենէն` ռուս-թաթարական, ռուս-պարսկական, ռուս-թրքական պատերազմներէն ու Նափոլէոնի եւ նացիական Գերմանիոյ ներխուժումներէն բխող անոր աշխարհաքաղաքական պատկերացումներուն եւ այդ պատմական փորձառութենէն ծնունդ առած թշնամիներով շրջապատուած ըլլալու անապահովութեան զգացումին ու սպառնալիքներու վերաբերեալ ըմբռնումներուն վրայ: Աշխարհագրական դիրքը, պատմական փորձառութիւնն ու անոնցմով պայմանաւորուած` երկիրի անվտանգութեան նկատմամբ գերզգայնութիւնը պատճառ...

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

Մեռելածին Նորմ` Արցախցի Ներքին Տեղահանուածների Համար

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Արցախի վաստակաւոր իրաւաբան Պերլինի վեհաժողովում (1878թ.) Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Ալեքսանտր Կորչաքովը վեթօ դրեց Թուրքահայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը քոնկրեսի օրակարգ ընդգրկելու վրայ` պատճառաբանելով, թէ հայերն անկախութիւն չեն ուզում: Մկրտիչ Խրիմեանի այն հարցին, թէ ինչո՞ւ 16-րդ յօդուածը դարձաւ 61,  Ռուսաստանի անունից Սան Սթեֆանոյի պայմանագիրը ստորագրած կոմս Իկնատեւը պատասխանել է, որ, «Հայրի՛կ, 16-ը գրուել է ռուսների, այլ ոչ թէ` հայերի համար»: Անցաւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Շաբաթ, 20 Նոյեմբեր 2021-ի առաւօտեան ժամը 9:30-ին, Ազգային Առաջնորդարան այցելեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Պրն. Վաչէ Նաճարեան, Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ. – Հ.Ե.Մ.ի Վարչութեան ատենապետ՝ Պրն. Կարօ Թէրզեանի հետ: Անոնք դիմաւորուեցան Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեանի կողմէ: Շուրջ մէկ ժամ հանդիպման ընթացքին անոնք զեկուցեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կիպրոսի մասնաճիւղի Ընդհանուր Ժողովի եւ նոր վարչութեան ընտրութեան մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձան կատարուած գործունէութեան,...

Առանց Արժանապատուութեան` Ի՞նչ Անկախութիւն

Առանց Արժանապատուութեան` Ի՞նչ Անկախութիւն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Անկախութիւն է դարձեալ. բնականաբար այդ մասին կը յուշէ օրացոյցը, ապա պետութիւնը, իսկ վերջին օրերուն` բանակի հրամանատարութիւնը, որ որոշած է զինուորական խորհրդանշական տողանցքով մը նշել Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակը: Երկրին մէջ տիրող պայմանները, սակայն, ոչ մէկ ձեւով կը յուշեն, որ քաղաքացին ի վիճակի է` տօնելու իր անկախութիւնը, հպարտ զգալու իր դրօշով, բանակով, պետութեամբ, կամ` թոքերը լեցնելու ազատութեան թթուածինով: Այս բոլորը...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Ի՛նչ Ակնկալել Երկրի Մը «Շնորհուած» Անկախութենէն (22 Նոյեմբեր 1943)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ  Լիբանան հեռանկար  չունի... Ղասսան Ալ Շամի (Վաստակաւոր լրագրող եւ մտաւորական ) Իր խոհական ու փիլիսոփայական մտածումներով եւ քաղաքական յախուռն կեցուածքներով քաջածանօթ լիբանանցի այս լրագրող-մտաւորականին վերոնշեալ նախադասութիւնը քիչ մը զարմացուց մեզ, երբ ան հանգամանալից վերլուծութենէ ետք կ՛եզրակացնէր, թէ Լիբանան` իբրեւ երկիր, պետութիւն թէ հասարակական կեանք, չունի հեռանկար` ապրելու եւ գոյատեւելու: Ապրելու` իբրեւ ստեղծագործ ժողովուրդ եւ գոյատեւելու` իբրեւ կայացած ու...

Տէր Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով. Նոիիրեալ Եւ Ծիսագէտ Հոգեւորականը

Տէր Յարութիւն Աւագ Քահանայ Կոստանեանի Վախճանման Քառասունքին Առիթով. Նոիիրեալ Եւ Ծիսագէտ Հոգեւորականը

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Հօրմէն ելայ եւ աշխարհ եկայ եւ այժմ կը ձգեմ աշխարհը եւ Հօրը կ՛երթամ» Յովհաննէս 16:21 Որքա՜ն խորախորհուրդ վարդապետութիւն է քրիստոնէութիւնը: Երբ պահ մը մտածենք քրիստոնէութեան հաւատքի հիմ եւ վէմ հանդիսացող Քրիստոսի առաքելութեան եւ անոր շարունակականութեան մասին, կը նկատենք, որ Աստուծոյ նախախնամութիւնն ու ծրագիրը նախասահմանուած են սկիզբէն: Աստուած իր Միածին որդին աշխարհ ղրկեց` մարդը փրկելու եւ ազատելու մեղքի տիղմէն:...

Բարի Ու Քաջ Հովիւը, Որ Իր Կեանքը Նուիրեց Իր Հօտին

Բարի Ու Քաջ Հովիւը, Որ Իր Կեանքը Նուիրեց Իր Հօտին

Յարութիւն քհնյ. Կոստանեան. անուն մը, բարի անուն մը հայ մարդու, հայ հօր, հայ նուիրեալ հոգեւորականի բարի անուն մը, որ պիտի մնայ օրինակելի ու յիշատակութեան արժանի` յաջորդ սերունդներուն համար: Հերոսական Հաճընի նահապետական Կոստանեան ծանօթ գերդաստանի շառաւիղներէն  տէր Յարութիւն, շնորհիւ իր ունեցած նախ` քաջ ու պատուական մարդու ամուր նկարագիրին, ապա` շնորհիւ իր բարի ու ազնիւ բնաւորութեան, միշտ գնահատելով գաղութահայ առօրեան, երիտասարդ տարիքէն...

Յակոբ Գալայճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

Յակոբ Գալայճեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով

ՑՈԼԵՐ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ Ինծի համար շատ տարօրինակ կը թուի յօդուած մը գրել` առանց քու կարծիքդ առնելու: Աւելի՛ն. ինծի համար շատ խորթ կը թուի գրել քու մասիդ, որովհետեւ չէիր սիրեր խօսիլ քու եւ քու յաջողութիւններուդ մասին: Պարզ, համեստ, ընկերասէր եւ կատակասէր անձ մըն էիր: Կը սիրէիր շուրջիններդ պահել ուրախ եւ հաճելի մթնոլորտի մէջ: Չէիր նեղացներ մէկը, նոյնիսկ երբ անոնք սխալած ըլլային: Փոքր...

Տարի Մը Առաջ

Տարի Մը Առաջ

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Տարի մը առաջ հայու յոյսը անմար էր, Տարի մը առաջ խուճապը անյայտ գաղափար էր, Տարի մը առաջ յանձնուիլը անհնար էր, Տարի մը առաջ հայու պարտութիւնը անվկայ էր: Ինչո՞ւ այսօր այդպէս չէ: Այսօր հայու սիրտը փշրուած է, Այսօր ամբողջ ազգը ցնցուած է, Այսօր անոր վստահութիւնը վերացած է. Այսօր հայու էութիւնը ապշած է: Եւ կայ մէկ դարման` յառաջանալ դէպի ինչպէս...

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին.   Գործը Ինքնին Խոստում Է

Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Սեմին. Գործը Ինքնին Խոստում Է

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, առողջապահական, կրթական եւ կենցաղային ահռելի տագնապի մէջ է: Անդամալուծուած է գրեթէ ամէն ինչ: Եւ ամէն օր տեղական եւ շրջանային մակարդակներու վրայ զիրար կը հրմշտկեն Լիբանանն ու լիբանանցին հարուածող անակնկալ կեցուածքներն ու իրադարձութիւնները: Խոստումներն ու յոյսերը տեղատուութիւն կամ մակընթացութիւն կ՛ապրին, սակայն ամէնուրեք յուսալքութեան եւ անձնատուութեան հոգեվիճակ կը տիրէ: Ու այս ընդհանուր թոհուբոհին մէջ Լիբանան կը...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին.  Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի  «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման  Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի  Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

«Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը` Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին առիթով*

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Խաչատուր Ստեփանեանի «Հայաստանում խորհրդային իշխանութեան հաստատման հիմնահարցը` սփիւռքահայ հասարակական-քաղաքական մտքի գնահատմամբ» խորագիրով հատորը, 16-րդն է կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան» հրատարակչան հիմնադրամ»-ի շարքին: Բովանդակութիւնը կարելի է բնութագրել իբրեւ գիտական աշխատասիրութիւն` նկատի ունենալով օգտագործուած աղբիւրներու հարուստ ցանկը, յատկապէս` արխիւային եւ փաստաթղթային բաժինը բնականաբար այդ ցանկին ներառուած են տպագիր յուշագրութիւններ, ժամանակակիցներու վկայութիւններ եւ հրապարակումներ, ինչպէս նաեւ` հայալեզու եւ օտարալեզու տարբեր բնոյթի հրատարկութիւններ,...

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի  «Գիր Ու Գրականութիւն» Մասնագիտացած Մասնաճիւղին.  Գինեձօն Դոկտ. Խաչատուր Ռ. Ստեփանեանի  «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման  Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի  Գնահատմամբ (1920-1930)» Հատորին

Խաչատուր Ստեփանեանի Հատորին Շնորհահանդէսին Առիթով*

ԽԱՉԻԿ ՏԷՏԷԵԱՆ Հնդիկ քաղաքական գործիչ, գրող եւ դիւանագէտ Շաշի Թարուր ըսած է. «Պատմութիւնը կը պատկանի անցեալին, բայց զայն հասկնալը պարտականութիւնն է ներկային»: (1) Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը բերրի դաշտ մըն է, զոր պեղելն ու անկէ օգտուիլը հրամայական պարտաւորութիւն է` մեր ներկան ու ապագան յստակ տեսնելու, եթէ իրապէս կը ձգտինք գոյատեւել որպէս ազգ: Իսկ վերջին 100 տարուան մեր պատմութեան խոր եւ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. 44-Օրեայ Պատերազմէն Ետք Մեծագոյն Բախումը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի եւ թուրք-ազերիական հակամարտութեան տարեգրութեան մէջ 16 նոյեմբեր 2021-ը պիտի արձանագրուի իբրեւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին մեծ, ամէնէն մտահոգիչ բախումը, որ այլապէս կրնայ նախաճաշակ մը տալ, թէ ցնորական խաղաղասիրութիւն հետապնդող Հայաստանի իշխանութիւններուն վարքագիծը ինչպիսի՛ նոր պատուհասներ կրնայ բերել Հայաստանի գլխուն, նաեւ` քանի մը աստիճան աւելի՛ շեշտել այն, որ Արցախի մեծ մասին (այսինքն` պաշտպանողական վահանին) կորուստէն ետք, Հայաստանի համար...

Մի՛ Արտօներ

Մի՛ Արտօներ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Որ նոր ցաւեր ունենանք Մեզի շատ մօտ կը բնակի մահը Պատնէշ եղիր Մեր եւ մահուան միջեւ... Ապրող մարդոց մէջ չգտանք, ոչ ալ` նահատակուածներուն աճիւններուն մէջ: Գերիներուն մէջ եթէ ըլլար, գոնէ  աղօտ յոյս մը կ՛ունենայինք... Շիրիմներուն մէջ անունդ չկայ, զինո՛ւոր: Ո՞ւր ես: Կը փնտռենք քեզ օր ու գիշեր` յոյսի ծուէն մը միայն շալկած մեզի  հետ: Անունդ մեր ճակատներուն կապած`...

Տեսակէտ.  Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

Տեսակէտ. Հայ Եկեղեցական Երգեցողութիւն

ՍԵՊՈՒՀ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ «Երգեցողութիւնը սրտին հետ կապ ունի, որ ուղղակի հոգիին կ՛երթայ» ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏ Հայ եկեղեցական երգեցողութիւնը, որ դարերու տողանցքով մեզի հասած է, այսօր կը տառապի անկարող տիրացուներէն եւ անվարժ դպրապետներէն: Շատ յաճախ գրուած ու շեշտուած է կարեւորութիւնը` հայ եկեղեցական երգերու պատշաճ կատարման: Այս երգերու խումբին կը պատկանին` շարականները, տաղերը, մեղեդիները, սրբասացութիւնները, ս. պատարագի երգերը եւ այլն: Իւրաքանչիւր երգիչ, ունենալով իր...

Խնդրում Եմ Եւ Յորդորում` Ոտքի Կանգնել

Յովհաննէս Աղպաշեան. մեծանուն Հայը

ՀՐԱՆՈՅՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Իրաւաբանական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆեսէօր Յովհաննէս Աղպաշեան անուն-ազգանունը ինձ ծանօթ է 1980-ականներից, երբ հնարաւորութիւն ունեցայ աւելի մօտիկից ծանօթանալու սփիւռքեան մամուլին,  ընթերցելու Յովհաննէս Աղպաշեանի հրապարակախօսական եւ երգիծական յօդուածները: Ապա հանդիպեցի նոյն ազգանուամբ այլ հեղինակի` Պարոյր Աղպաշեան, եւ յետագայում, ոչ ի զարմանս ինձ, տեղեկացայ, որ արժանաւոր հօր արժանաւոր որդին նոյնպէս հրապարակախօս-խմբագրապետ է: Այն  ասացուածքը, որ  պտուղը ծառից հեռու չի ընկնում, կարելի...

Page 292 of 807 1 … 291 292 293 … 807

Արխիւներ