ՀՅԴ-ի 131-Ամեակի Հանդիսութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը
Եւ այսպէս, 130 + 1 տարեկան է ՀՅ Դաշնակցութիւնը: Հրամայական կարիք էր եւ պահանջ` անոր ծնունդը, յեղափոխելու համար հայ ժողովուրդի ստրկացած հոգեվիճակը ու զայն ազատագրելու իր հողն ու տունը, հոգին ու միտքը գրաւած, իր պատիւը բռնաբարած զաւթիչ բռնատիրութենէն: 13 տասնամեակ եւ տարի մը, Սասնոյ լեռներէն մինչեւ Արցախ, Կոստանդնուպոլսէն մինչեւ Երեւան, Ցեղասպանութենէն մինչեւ մայիս 28, Դաշնակցութիւնը եղաւ մի՛շտ իր ժողովուրդին կողքին,...




















