Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բերքահաւաք

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Մանուկ ամբողջ տարին իր պարտէզին ծառերը մշակելէ եւ խնամելէ ետք հերկել, յօտել, դեղ սրսկել եւ այլազան աշխատանքներու սկսաւ: Այդ բոլորը իրենց աւարտին հասցուց մեծ սիրով ու հաճոյքով: Հիմա կը սպասէր անոնց արդիւնքին` բերքահաւաքին, որուն ամէն տարի յուսալի ուրախութեամբ ու սրտի բերկրութեամբ կը սպասէին ընտանիքի անդամները:

Քեսապի պարտէզներուն հիմնական բերքը խնձորն է, որուն բերքահաւաքը սովորաբար կը սկսի օգոստոս ամսուան վերջը կամ սեպտեմբեր ամսուան սկիզբը, իրենց խօսքով` «տարուան համեմատ»:

Քեսապցին ըսել կ’ուզէ, որ եթէ կլիման տաք օրերով լեցուն ըլլայ, բնականաբար խնձորները աւելի կանուխ կը հասուննան, իսկ «տարին ուշ է», կը նշանակէ այդ ամրան օրերը մեղմ ու զով անցած են, հետեւաբար խնձորները աշնան տաքուկ օրերու ալ կարիքը պիտի ունենան` հասուննալու եւ քաղցրանալու համար:

Մանուկ այդ ժամանակամիջոցին իր հերթական, ամէնօրեայ պարտէզի այցելութիւններուն ընթացքին ուշի-ուշով կը հետեւէր ծառերուն ու անոնց բերքին, խնձորին գոյնին, չափին եւ հասունութեան:

Անոր փորձառութիւնը այդքան խորն էր, որ հեռուէն ակնարկ մը նետելով իսկ կրնար ստուգել, թէ իւրաքանչիւր ծառ որքա՛ն բերք պիտի տար, ու քանի՛ սնտուկ խնձոր կրնար լեցնել:

Մանուկ բերքահաւաքի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսած էր: Խնձորի սնտուկները ամբարէն դուրս հանած ու պարտէզի ծառերու շուքին տեղաւորած էր: Խնձոր քաղելու դոյլերը ստուգած էր: Բերքահաւաքի եռանկիւն աստիճաններն ալ ամբարէն դուրս հանած ու պարտէզին մէջ տեղաւորած էր:

Բերքահաւաքի առաջին օրն էր: Ընտանիքի անդամները կանուխ արթնցած էին եւ պատրաստ էին աշխատանքի: Զով օդին բերքահաւաքը թէ՛ խնձորներուն համար լաւ էր, թէ՛ աշխատողին, որովհետեւ արեւը աչքերը տակաւ բացած էր ու անոր շողերը հազիւ խնձորին վրայ իջած` ցօղը կը շոգիացնէին երբեմն: Իսկ քաղողին համար առաւօտեան ծառերուն շուքն ու զովութիւնը հաճելի էին, միւս կողմէ` նորածին, տկար շողերու տաքութիւնն ալ չէր նեղացներ զինք բնաւ:

Ընտանիքին անդամները երբ պարտէզ իջնէին, գործերու բաժանումի տնօրինումը Մանուկին կը վստահուէր, հակառակ անոր որ նախորդ տարիներու փորձառութենէն մեկնած` իւրաքանչիւրը իր ընելիքը գիտէր: Այդուամենայնիւ, Մանուկին հեղինակաւոր կարծիքն ու երկար տարիներու փորձառութիւնը թոյլ չէին տար լուռ մնալ: Այսպէս, ամէն մէկը դոյլ մը վերցնելով ու բարեմաղթութիւն մը արտասանելով` գործի կը լծուէր:

– Առողջութեամբ հաւաքենք բերքը:

–  Բարեբեր տարի մը թող ըլլայ:

–  Լաւ եկամուտ թող ունենանք:

–  Լաւ օրերու եւ առողջութեամբ ծախսենք բերքին եկամուտը:

Անոնք պարտէզին մէկ ծայրէն կը սկսէին, առաջին ծառին բերքը հաւաքելով` երկրորդին կ’անցնէին ու այդպէս…

–  Միայն խոշոր խնձորները հաւաքեցէ՛ք, մանր խնձորները դեռ կը մեծնան մինչեւ գալ շաբաթ:

–  Գոյն առած խնձորները միայն քաշեցէ՛ք:

–  Մատներու հետք չտեսնեմ խնձորներուն վրայ:

– Ծառերուն տակ ինկած խնձորները առանձին հաւաքեցէ՛ք:

Մանուկին թելադրութիւններն էին, որոնք համբերութեամբ քանի մը անգամ կը կրկնէր:

Բերքահաւաքի ընթացքին հաճելի մթնոլորտ կը տիրէր: Երբեմն ընտանիքի անդամներէն մին երգ մը կը սկսէր` անշուշտ բարձրաձայն, միւսներն ալ մեղմ ձայնով անոր կը հետեւէին: Երբեմն անոնցմէ մին նոր լսած լուր մը կը փոխանցէր, ուրիշ մը ուրախ-զուարթ պատմութիւն մը կը պատմէր, միւսը յուշ մը կը մտաբերէր ու այդպէս խօսելով, խնդալով եւ շաղակրատելով` ժամանակը կը սահէր:

Բերքահաւաքի առաջին օրը դժուար կ’ըլլար, որովհետեւ մարմիններն ու յատկապէս ձեռքերն ու վիզը դեռ անվարժ կ’ըլլային: Հետեւաբար դադարը սպասուած պահ մըն էր, մանաւանդ եթէ մայրը ձայն տար, որ դադարի ժամն է, իր բերած պաշարը պատրաստ է, ու յանձնարարէր շտապել, որպէսզի թէյը չպաղի… Անշուշտ բոլորը կը շտապէին, իրենց ձեռքերու դոյլերն ու գործը ձգած` պատրաստ կ’ըլլային ուտել-խմելու, քիչ մըն ալ հանգչելու, որովհետեւ առտու կանուխ արթնցած ու պարտէզ իջած կ’ըլլային, հասցուցած չէին ըլլար նոյնիսկ կարգին նախաճաշ մը ընել: Մանուկ անոնց ետեւէն թափթփած ու կիսաւարտ աշխատանքը աւարտին կը հասցնէր, գործերը դասաւորելէ ետք կը մօտենար անոնց, պարապ սնտուկ մըն ալ ինք շրջելով` բոլորին կազմած շրջանակին կը միանար:

Այդ դադարը աշխատանքի արժեւորումի պահու կը վերածուէր, կազմուած «կլոր սեղան»-ին շուրջ ներկաները կը սկսէին կէս կատակ-կէս լուրջ խօսիլ, թէ ո՛վ լուրջ ու լաւ աշխատանք տարած էր, ո՛վ խօսելով-խնդալով ժամանակ սպառած էր, ո՛վ սնտուկները փոխադրած ընթացքին ժամանակ վատնած էր, մինչեւ կարգը կը հասնէր Մանուկին: Ան իւրաքանչիւրին խօսք կ’ուղղէր`  անոր աշխատանքը արժեւորելով, առանց նեղացնելու ու բարկացնելու, քաղցրութեամբ ու անուշ խօսքերով: Անշուշտ փոքրերը, որոնց հասակը ծառերուն չէր հասներ, գետին ինկած խնձորները կը հաւաքէին: Անոնք միշտ գովասանքի խօսքերով կը գնահատուէին Մանուկին կողմէ: Այս բոլորէն ետք բերքահաւաքին գործը կրկին թափ կ’առնէր:

Քիչ ետք Մանուկի հօրեղբօրորդին, որուն պարտէզը կից էր Մանուկի պարտէզին, սուրճի կը հրաւիրէր: Հրաւէրը ճիշդ ատենին հասած կ’ըլլար, բոլորը կը շտապէին, նոյնիսկ` ամէնէն փոքրը, որ սուրճ չէր խմեր, սակայն հանգչելու ու շունչ քաշելու առիթ մըն էր ասիկա: Մանուկն ալ կ’ընդառաջէր անոր հրաւէրին, որովհետեւ առաւօտ կանուխ մերժած էր այդ հրաւէրը` «դեռ իրաւունք չենք վաստկած» ըսելով. այսինքն նախ պէտք էր աշխատիլ, ապա իրաւունք ունենալ դադարի մը:

Բերքահաւաքի աշխատանքի առաջին օրուան գործը գոհացուցիչ էր: Աշխատանքը ուրախութեամբ բաւական առաջ տարած էին:

Յաջորդ օրը աւելի փորձառու ձեռքերով կ’ընթանար բերքահաւաքը: Այդպէս, օրերը կը սահէին, գործն ալ առաջ կ’երթար: Խնձորի սնտուկները մաս առ մաս գիւղի սառնարանը կը փոխադրուէին:

Բերքահաւաքի գործը խանգարող ազդակներէն էին աշնանային անձրեւը եւ խենթ ու խելառ հովը: Վերջինը հասունցած խնձորները պոկելով, վնասելով` գետին կը ձգէր: Անձրեւը, հակառակ անոր, որ գործը կը յետաձգէր գետնի հողը թրջելուն պատճառով ու պարտէզ մուտքը անհնար կը դարձնէր, սակայն միւս կողմէ պարտէզը ջրելով` առիթ կու տար, որ խնձորները աւելի մեծնան:

Երբ բերքահաւաքի աշխատանքը աւարտին հասած կ’ըլլար «Ամէն տարի այս օրերուն, առողջութեամբ…» բացագանչութիւններով, ուրախ-ուրախ պարտէզէն դուրս կու գային բոլորը: Պարտէզէն վերջին ելլողը Մանուկը կ’ըլլար անշուշտ, ամէն ինչ տեղն ու տեղին կը դասաւորէր եւ ամէնուն գործին աւարտած ըլլալը կը ստուգէր: Բայց ինք դեռ շատ գործ ունէր` «Պարտէզին գործը չի վերջանար», կը կրկնէր միշտ…

 

 

Նախորդը

Անգամ Մը Եւս… Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Մասնակցութիւնը` «Պէյրութ Չենց» Փառատօնին

Յաջորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Սերունդները Պէտք Չէ Զրկուեն Հայրենատիրութեան Իրաւունքից

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?