Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Փոքրիկ»-ը Հեքիաթահաւաք Կը Կազմակերպէ. Խուզարկեցէ՛ք Ձեր Գրպանները Հրամեցէ՛ք Հեքիաթահաւաքին

Դեկտեմբեր 14, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՓՈՔՐԻԿ» հեքիաթարանը կը կազմակերպէ «հեքիաթահաւաք» մը: Այս նոր ձեռնարկութեամբ ՓՈՔՐԻԿը կը փափաքի քաջալերել հեղինակները, խրախուսել նորեկ գրողները ու նպաստել հայ մանկական գրականութեան` նոր եւ ուրոյն ստեղծագործութիւններով:

Հեքիաթահաւաքին աշխատակազմը «Հիմա գրելու ժամանակն է» կ՛ըսէ եւ կ՛աւելցնէ. «Եթէ կը սիրէք գրել, յաճախ կը կարդաք մանկական գրականութիւն, ձեզի անծանօթ չեն մանկական գրականութեան, մանկավարժութեան կամ հոգեբանութեան ոլորտները, կ՛ուզէք աւելի արդիական նիւթեր զարգացնել հեքիաթներուն մէջ, ուրեմն հրամեցէ՛ք»:

Հեքիաթահաւաքին մասնակցող հեքիաթին լեզուն պէտք է հայերէն ըլլայ` արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն: Տարիքի սահմանափակում չկայ, եւ որեւէ նիւթի մասին կարելի է գրել: Հեքիաթները պէտք է ղրկուին [email protected] հասցէին մինչեւ 28 փետրուար 2022: Յետոյ պիտի ընտրուի երեք հեքիաթ, ու իւրաքանչիւր հեքիաթ պիտի ստանայ 250 տոլար մրցանակ:

Հեքիաթահաւաքի աշխատակազմի անդամներն են` մանկական գիրքերու հեղինակ Անահիտ Սարգիսեան, Երեւանի «Խնկօ Ապոր» մանկական գրադարանի հեքիաթի բաժնի վարիչ Իսկուհի Աւետիսեան, Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Ազգային վարժարաններու խնամակալ Մարմինի գործադիր տնօրէն Թամար Թիւֆէնկճան, Պոլսոյ մէջ հայերէնի ուսուցչուհի ու «Փոքրիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ Մարի Գալայճը, Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ազգային առաջնորդարանի Ուսումնական խորհուրդի վարիչ տնօրէն Մարի Կիւլիւմեան եւ լիբանանահայ բեմադրիչ Սէրուժ Յովսէփեան:

Գրպաններդ խուզարկէ, բարձիդ տակն ալ լաւ նայէ,
պահուըտած բառերդ փնտռէ, գտիր ու լեզուիդ վրայ քով քովի շարէ…
Երկու բառ կամ երկու հարիւր բառ, թող ըլլայ հի՛նգ հարիւր բառ,
յետոյ շիտա՛կ նստէ ու ծուռ գրէ կամ  ծո՛ւռ նստէ եւ շիտակ գրէ,
փոքրիկ հեքիաթ մը շարադրէ… կ՛ըսէ Անահիտ Սարգիսեանը:

Մասնակցութեան Պայմաններ

Հեքիաթի լեզուն պէտք է հայերէն ըլլայ` արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն: Տարիքի սահմանափակում չկայ: Նիւթը ազատ է: Հեքիաթը պէտք է գրուի առաւելագոյն 500 բառով` Microsoft Word-ի վրայ գրաշարուած Sylfaen տառատեսակով եւ 12 տառաչափով: Հեքիաթը նախապէս հրատարակուած պէտք չէ ըլլայ: Նոյն անձը առաւելագոյնը երեք հեքիաթով կրնայ մասնակցիլ: Հեքիաթները մէկէ աւելի հեղինակներ կրնան ունենալ:

Հեքիաթները պիտի ղրկուին [email protected] հասցէին մինչեւ 28 փետրուար 2022: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ 31 մարտ 2022 թուականին: Հեքիաթահաւաքի աշխատակազմը պիտի ընտրէ երեք հեքիաթ, ու իւրաքանչիւր հեքիաթ պիտի ստանայ 250 տոլար մրցանակ: Մրցանակի արժանացած հեքիաթները արեւմտահայերէնով պիտի հրապարակուին «ՓՈՔՐԻԿ»-ի կայքէջին մէջ:

«ՓՈՔՐԻԿ ՀԵՔԻԱԹԱՐԱՆ».- Հիմնուած է 2014 թուականին, Պոլսոյ մէջ եւ մինչեւ այսօր հրապարակած է 150-է աւելի հեքիաթներ` արեւմտահայերէնով: «ՓՈՔՐԻԿ»-ին բոլոր հեքիաթները կը պատրաստուին 4-7 եւ 8-11 տարիքի երեխաներուն համար: Կայքէջին առընթեր, հեքիաթները կը հրապարակուին նաեւ YouTube-ի մէջ: Այս հեքիաթներուն իւրաքանչիւրը գունաւոր շարժուն պատկերներով կը զարդարուի եւ կը ձայնագրուի: «ՓՈՔՐԻԿ»-ը կը պարունակէ նաեւ հեքիաթաշարքեր, երգեր եւ շուտասելուկներ: Հեքիաթներուն կից պատրաստուած են աշխատութեան էջեր, որպէսզի փոքրիկները աւելի լաւ ըմբռնեն հեքիաթները, եւ ուսուցիչները դիւրութեամբ զրուցեն անոնց հետ հեքիաթներու բովանդակութեան մասին: «ՓՈՔՐԻԿ»-ը կը կազմակերպէ «Հեքիաթատօն», կ՛այցելէ դպրոցներ եւ կը ձեռնարկէ աշխատանոցներ: Ներկայիս «ՓՈՔՐԻԿ»-ին կը հետեւին հեռու մօտիկ 21 երկիրներ: Հեռու մօտիկ, փոքրիկ ընթերցասէրներ ամէն ամիս աւելի քան 7000 անգամ կ՛այցելեն «ՓՈՔՐԻԿ»-ին աշխարհը:

www.pokrig.org

Youtube : Pokrig Hekiataran

Instagram :  @pokrig_hekiataran

Fb :@pokrig

Twitter: @Pokrig

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Անգամ Մը Եւս… Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Մասնակցութիւնը` «Պէյրութ Չենց» Փառատօնին

RelatedPosts

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…
Անդրադարձ

Մեր Սերունդը Եւ Մեր Նախորդները Երազեցին «Միութիւն» Եւ Չգտան. Կը Գտնե՞նք

Յունիս 27, 2022
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանութիւն Եւ Բարոյականութիւն

Յունիս 27, 2022
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա.

Յունիս 27, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In