Անդրադարձ

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Հայոց Եռամիասնութիւնը Մատաղ Սերնդի Սրտերում

 ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ  Անկեղծ ասած` տեղեակ չէի եւ ինձ համար հաճելի անակնկալ էր օրերս արցախցի մի խումբ պատանի երգիչների ու երաժիշտների Լիբանան կատարած այցի մասին լուրը: Հետաքրքրուեցի, պարզուեց` Ստեփանակերտի երաժշտական ուսումնական հաստատութիւնների եւ արուեստի դպրոցների շնորհալի սաներն են, որ ԱՀ ԿԳՄՍ (կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սպորտի) նախարարութեան եւ լիբանանահայ համայնքում գործող «Ջավախք, Արցախ, Հայաստան» բարեգործական կառոյցի  ամենայն աջակցութեամբ մեկնել են Պէյրութ`...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Ռուսիա-Ամերիկա-ՕԹԱՆ Ռազմավարութիւնը, Լրատուամիջոցները Եւ Հայաստանն Ու Արցախը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ռուսիա ընդդէմ Ամերիկա-ՕԹԱՆ-Ուքրանիա պատերազմին մասին արեւմտեան աշխարհին ենթակայ լրատուամիջոցները, որոնց թիւը կը գերազանցէ բոլորը, աննախադէպ ուղեղալուացքի արշաւի մը սկսած էին արդէն, Ռուսիա-Ուքրանիա պատերազմէն առաջ իսկ: Ինչպէս նախորդիւ նշած էի, ամերիկեան Պլումպըրկը պատերազմէն ՕՐԵՐ ԱՌԱՋ արդէն սուտ լուրով մը յայտարարած էր. «Ռուսիա յարձակեցաւ Ուքրանիոյ վրայ», քանի որ ինչպէս նշած էի, «Ամերիկա-ՕԹԱՆ-ին սրտանց փափաքն էր, որ Ռուսիա յարձակի, թէեւ իբր...

Հեռակայ Սրտբաց Զրոյց Ժիրայր Դանիէլեանին Հետ

Հեռակայ Սրտբաց Զրոյց Ժիրայր Դանիէլեանին Հետ

ՊԱՐՈՅՐ ԱՂՊԱՇԵԱՆ 4 օգոստոս 2020ը, մարդկային սպանդով, աներեւակայելի քանդումներով` բնակարան, գործատեղի, վաճառատուն, ընկերութիւն եւ այլն, փողոցային, թաղային ու շրջանային կործանումներով, ժողովրդային խուճապներով ու հոգեբանական ցնցումներով ոչ միայն ահաւոր ու սարսափազդու, այլեւ համաշխարհային առումով ու միջազգային ձեւաչափերով աննախընթաց եւ աննկարագրելի, անբացատրելի եւ անկրկնելի էին, երբ Պէյրութի նաւահանգիստը յօդս ցնդեցաւ ահաւոր աւերներ ու զոհեր սփռելով աջ ու ահեակ: Ճիշդ է` պատմութեան ընթացքին...

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան

Կիպրոսի Կրթութեան եւ Մշակոյթի Նախարարութիւնը, գործակցութեամբ Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի գրասենեակին, նախաձեռնած է «Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Յուշամատեան»ի պատրաստութեան, զոր պիտի ընդգրկէ 1924 թուականին Նիկոսիոյ մէջ հիմնուած Հաստատութեան 79-ամեայ կրթական, մարզական, արի-արենուշական, արհեստից վարժարանի, ընկերային եւ մշակութային գործունէութեան պատմութիւնը: Այս ազնիւ եւ վսեմ նպատակին համար կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբը շաբաթներէ ի վեր լծուած է արժէքաւոր նիւթերու եւ կարեւորագոյն պատկերներու...

Մեր Պապան

Մեր Պապան

Անցեալ շաբաթ հայորդի մը փափաքեցաւ ուխտի մը առիթով իրենց տան մէջ անկողինին ծառայող չորս հիւանդներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել: Ան չուզեց իր ինքնութիւնը բացայայտել եւ խնդրեց, որ այդ պարտականութիւնը ես կատարեմ: Կատարուած առաջարկը եւ հայորդիին հարազատ ապրումները գնահատելով` սիրայօժար ստանձնեցի պարտականութիւնը: Պայմանաւորուեցայ «Արագած» շրջանի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Պօղոս Գազէզեանին հետ, եւ միասնաբար այցելեցինք չորս կարիքաւոր ընտանիքներու: Առաջին առիթով այցելութիւն տուինք ...

Ինչո՞ւ Օտարով Օտարանալ

Սրբավայրէ Ուխտավայր

ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ Միտք, սիրտ եւ հոգի. ասոնք կը կազմեն մարդ անհատի ամբողջ էութիւնը: Մարդը հանգիստ է, երբ միտքը խաղաղ է, սիրտը` մաքուր եւ հոգին` անբիծ. մարդը հանգիստ է, երբ Աստուած-մարդ եւ մարդ-մարդ յարաբերութեան մէջ հաշտ է. նաեւ մարդը հանգիստ է, երբ հաշտ է իր անձին հետ: Որքան Աստուծոյ մօտենաս, այնքան դուն քեզ ապահով կը զգաս, որքան մտերմանաս Անոր...

Մարդ Մը, Որուն Ապրածն Ու Գրածը Ներդաշնակ Էին.  Յակոբ Կարապենցի Գիրքի Շնորհահանդէսը

Մարդ Մը, Որուն Ապրածն Ու Գրածը Ներդաշնակ Էին. Յակոբ Կարապենցի Գիրքի Շնորհահանդէսը

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրական բաժանմունքին նախաձեռնութեամբ, 31 մարտին Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Յակոբ Կարապենցին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի զեկոյցներու գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկին բացմանը Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տնօրէն, հրապարակախօս Ռուզան Առաքելեանը ըսաւ, որ Յակոբ Կարապենցը ծաւալուն եւ հիմնաւորապէս ներկայացուած է այս գիրքին մէջ: «Սրանով...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սփիւռքն Ու Հայրենիքը Կորսնցուցին Բան-Ա-Ստեղծ Մը (Խոսրով Ասոյեանի Յիշատակին)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Տարիներ ետք, Ս. Վրացեանի բառերով, կեանքի ուղիները զիս ալ օր մը նետեցին Լոս Անճելըս, վերամիացայ եղբօրս, վերագտայ բազմաթիւ ընկերներ, ծանօթներ եւ հարազատներ` առանց թօթափելու Պէյրութէն հեռացած ըլլալու դառնութիւններս... Եւ եղաւ այնպէս, որ Խոսրովին բնակարանը գտնուէր եղբօրս գրատան մօտ: Դարձեալ վերագտանք զիրար, հանդիպումները վերածուեցան շաբաթական-երկշաբաթեայ զրոյցներու: Այլ ընկերներ ու բարեկամներ ալ ունէին նոյն ժամադրավայրը: «Օրուան հարցեր»-ն էին մեզ ներգրաւողը:...

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի.  Պաշտպանութեան Բանակը` Անվտանգութեան Երաշխաւոր

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Պաշտպանութեան Բանակը` Անվտանգութեան Երաշխաւոր

Ժողովրդական խօսքով` մարտը համարւում է գիժ ամիս: Իրօք, 2022թ. մարտը գիժ էր ոչ միայն եղանակային առումով, այլեւ` քաղաքական եւ կենցաղային: 44-օրեայ պատերազմի պարտութիւնից յետոյ Արցախում մարտի 8-ին կազի խողովակաշարի պայթեցմանը զուգահեռ, աննախադէպ ցուրտն ու ձիւնը անակնկալի բերեցին Արցախի բնակչութեանը: Այն Արցախում բնակուողների հոգեբանական ընկճուածութիւնն ու ցասումն առաւելագոյնի հասցնելու նպատակ էր հետապնդում: Այդ ամէնին յաջորդեցին Փառուխ գիւղի եւ Շիկաքար բարձունքի իրադարձութիւնները:...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ահազա՛նգ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ահազա՛նգ

Կը հնչէ ահազանգը, այդ խուլ, սարսափազդու եւ մահասփիւռ ԱՀԱԶԱՆԳԸ: Ամէն մէկ հայորդիի համար կը հնչէ ԱՀԱԶԱՆԳԸ: Եւ այդ ահարկու ահազանգով կ՛անհանգստանայ եւ թող անհանգստանա՛յ հայորդիին լսողութիւնը: Ի վերջոյ, ո՛չ թէ միայն կը լսենք, այլ նաեւ կը հետեւինք, ականատես կ՛ըլլանք եւ մեր մորթին վրայ կը զգանք, թէ ի՛նչ կը պատահի Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ: Ամէ՛ն օր կը խոշտանգուի, կ՛անարգուի, կը ռմբակոծուի,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Շուռ Տալ Խաղատախտակը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Յստակ է այլեւս, թէ ինչպիսի՛ նոր յարաբերութիւններու կը պատրաստուի Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ այս օրերուն, եւ այդ մէկը բացարձակապէս անընդունելի է: Ասոնք ընթացիկ կապեր չեն: Ասոնք բարիդրացիական զեղումներ չեն: Ասոնք մեր երկրի ապագան քանդելու կոչուած համաձայնութիւններ են թշնամի երկու պետութեանց հետ, գլխաւորուած` Էրտողանի եւ Ալիեւի ֆաշիստ եւ ծաւալապաշտ ու փանթուրքիստ եւ հակահայ իշխանութիւններուն կողմէ,...

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…

Պետութեան Եւ Կուսակցութիւներու Համար Ռազմավարական Օրակա՞րգ Է Հայերէնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ՀԱՅԵՐԷՆը դարձնել ազգի ռազմավարական իսկական անմիջական օրակարգ: Հայերէնը` ան ըլլայ արեւելահայերէն թէ արեւմտահայերէն: Հայաստան, պետութիւն, կուսակցութիւններ, անթիւ կրօնական եւ այլ  կազմակերպութիւններ կը գիտակցի՞ն եւ կը գործե՞ն հայերէնը ընդունելով որպէս գոյատեւման ռազմավարութեան առանցք: Աւելի դիւրին է խօսիլ ներդրումներու, շինարարութեան եւ բանակի մասին, քան` լեզուի եւ անոր պաշտպանութեան, քանի որ հոգեբարոյական տեղատուութիւնը դարձած է կանոն: Տեւող տեղատուութիւնը...

Շնորհաւորագիր`  «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

Շնորհաւորագիր` «Ազդակ»-ի 95-ամեակին Առիթով

5 մարտ 2022-ին «Ազդակ» բոլորեց իր 95 տարին: Արդեօք քանի՞ թիւեր ու հազարաւոր էջեր լոյս տեսան այս տարիներու ընթացքին, կարելի է միայն երեւակայել: Երբ յետադարձ ակնարկ մը նետենք, «Ազդակ»-ի կշիռն ու արժէքը որքան զոհողութիւններու ու յոգնութիւններու հաշուոյն կրցաւ գոյանալ ու գոյատեւել հրապարակի վրայ, երբ ուրիշներ չդիմացան մարտահրաւէրներուն, հալեցան ու լուծուեցան: Ասիկա եղաւ «Ազդակ»-ի մեծագոյն յաղթանակը, եւ այդ 95 տարիներու անխոնջ,...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսիլքին Հաւատացողները

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Երբեմն ձայն մը, առարկայ մը, գիրք մը կամ վայր մը յիշատակներ կ՛արթնցնէ մէջդ: Կը տանի քեզ տարիներ անդին, ու կը սկսիս յուզումնախառն զգացումներով վերյիշել, վերապրիլ, վերանորոգուիլ: Այսպէս ալ, վերջին տարիներուն, «Քորոնա» համաճարակին պատճառով երբ տունը բանտարկուած էինք, իւրաքանչիւր ոք իր նկարներու ալպոմները վերանայելու, գրադարանը կոկելու, կարդացած գիրքերը վերաթերթատելու պահեր անցուց: Անցեալները համացանցային դեգերումներու ընթացքին հանդիպեցայ այս նկարին: Ոտքի...

Օրիորդ Յասմիկին…

Օրիորդ Յասմիկին…

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Յուշիկ փախչող իրիկուան, ծիրանի լոյսն է զուարթ Ոսկի թելեր պլլուած խունկի թաւիշ մշուշին Կապոյտ ծոպեր, ծիածան, ծփուն ձայներ, միստիք վարդ, Լոյսէ արցունք մոմերու որոնք հանդարտ կը մաշին: Օրդ. Յասմիկին մահուան լուրը ստանալս, անմիջապէս անգիտակցաբար, բայց նաեւ ակներեւ թելադրականութեամբ մը զուգորդուեցաւ իր իսկ սորվեցուցած եւ դասարանէն ներս մանրամասնօրէն վերլուծած մեծարենցեան վերոնշեալ տողերուն հետ: Առաջին հերթին չգիտցայ, թէ յիշողութեանս...

Հայերէնի Ընդմէջէն Ազգային Ու Համամարդկային Դաստիարակութիւն Ջամբողը

Յասմիկը

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ Ամէն անգամ, երբ հնչեցնէի դրան զանգը, Յասմիկ միշտ սպասողական վիճակով կը բանար դուռը: Ներսը լուռ եւ խուլ մթնոլորտ մը կը պարզուէր, առանձնութենէ տառապող ուսուցչուհիիս դէմքը կը վրդովէր զիս: Յիսուն¬վաթսուն տարի սերունդներ դաստիարակած ու իր ներուժը վատնած ուսուցչուհիս այսպէս լուռ ու անխնա՞մ պէտք էր մնար: Ո՞ւր են մեր ազգային ու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք պէտք է արժանաւոր վերջալոյս մը շնորհեն...

Հանգուցեալ Տիկ. Մարի Պապիկեանի Քաղցր Յիշատակին

Հայերէնի Ընդմէջէն Ազգային Ու Համամարդկային Դաստիարակութիւն Ջամբողը

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Հարազատի մը, ծանօթի մը, բարեկամի մը, կամ կեանքիդ մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը հրաժեշտ տալը ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է: Սակայն նոյնքան դժուար է գրելն ու արտայայտուիլը ունեցած կորուստէդ ետք: Տակաւին քառասուն օրեր առաջ հրաժեշտ տուինք մեր հայերէնի ուսուցիչ Յասմիկ Նաճարեանին: Մեր ըսելով` կ՛ակնարկեմ Եղիշէ Մանուկեան Ազգ. քոլեճին, ուր ան երկար տարիներ դասաւանդած է: Կ՛ուզեմ խոստովանիլ, որ...

Օր. Յասմիկին Յիշատակին

Օր. Յասմիկին Յիշատակին

Ա. ԱՂԱՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Օր. Յասմիկ ծնած է Հալէպ, Եղեռնէն վերապրած տիգրանակերտցի ընտանիքի մը մէջ: Տակաւին աշակերտ` շնորհիւ հայերէն լեզուի հանդէպ ունեցած սուր զգայնութեան եւ նկարագիրի բարձր յատկանիշներուն, ուշադրութիւնը գրաւած է իր ուսուցիչներուն եւ հազիւ աւարտած, հրաւիրուած է պաշտօնավարելու նոյն յարկին տակ: Այդ օրէն հայ դպրոցը օր. Յասմիկին համար եղած է սրբավայր, իսկ հայոց լեզուն` սուրբ: 50-ամեայ իր շիտակ եւ ազնիւ ճանապարհին...

Սթափելու Ժամանակը

Անտարբերութեան Դէմ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այսօր, 4 ապրիլ 2022-ի կէս գիշերին կը լրանայ 15 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններու ցանկերու գրանցման ժամկէտը: Յաջորդ օր կը սկսի ընտրապայքարը: Հայաստանի մէջ, երեքշաբթի, 5 ապրիլին «Հայաստան» ու «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր դաշինքները հրաւիրած են ժողովուրդը հանրահաւաքի: Մտորումներու մէջ էի, թէ այժմէական ու կարեւոր այս նիւթերէն ո՞ր մէկը ընտրեմ, երբ ծագեցաւ անակնկալօրէն այլ նիւթ մը. կիրակի առաւօտուն, երբ Անթիլիասի Ս....

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Սրտբաց Զրոյց «Ազդակ»-ին Հետ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Շա՛տ սիրելի «Ազդակ», Անձնական յատուկ պատճառներով 95-ամեակիդ առիթով օրին չկարողացայ զրոյց ունենալ հետդ: Ուստի ի սրտէ ներողութիւն կը խնդրեմ: Այսօր, կազդուրուելէ ետք, որոշեցի նստիլ դէմդ եւ զրուցել հետդ: Սիրելի՛ եւ յարգելի «Ազդակ», Ծնար 5 մարտ 1927-ին, այսինքն` 95 տարիներ առաջ: Ծնար Հայոց ցեղասպանութենէն 12 տարիներ ետք, երբ արդէն ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը արմատներ նետած էր արաբական երկիրներու մէջ,...

Page 266 of 807 1 … 265 266 267 … 807

Արխիւներ