ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ
Հարազատի մը, ծանօթի մը, բարեկամի մը, կամ կեանքիդ մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող անձնաւորութեան մը հրաժեշտ տալը ամէնէն դժուար բաներէն մէկն է:
Սակայն նոյնքան դժուար է գրելն ու արտայայտուիլը ունեցած կորուստէդ ետք:
Տակաւին քառասուն օրեր առաջ հրաժեշտ տուինք մեր հայերէնի ուսուցիչ Յասմիկ Նաճարեանին:
Մեր ըսելով` կ՛ակնարկեմ Եղիշէ Մանուկեան Ազգ. քոլեճին, ուր ան երկար տարիներ դասաւանդած է:
Կ՛ուզեմ խոստովանիլ, որ հայերէնի հանդէպ սէրս, որ փոքր հասակէս կու գար, հետզհետէ զարգացաւ, աւելի եւս արմատացաւ մէջս եւ խոր տեղեր հասաւ` շնորհիւ օրիորդ Յասմիկ Նաճարեանին, երբ Եղիշէ Մանուկեան Ազգ. քոլեճի երկրորդականի կարգերու աշակերտ էի:
Հայերէնին հանդէպ իր ունեցած բծախնդրութիւնը, բառերը իրենց ճիշդ իմաստով գործածելու յանձնառութիւնը, փոխաբերական իմաստով գծուած հրաշալի պատկերները եւ ամէնէն աւելի` աշակերտին արտայայտուելու կարողութիւնները զօրացնելու անոր ջանքերը անմոռանալի կը դարձնեն անոր ծառայութիւնն ու զոհողութիւնները:
Ուսուցիչէն անդին` նաեւ դաստիարակ եղած է օրիորդ Յասմիկը, որ մնայուն կերպով արժեւորած է մարդը, մարդկայինը եւ իր փոխանցած պատգամը եղած է մարդկօրէն ապրելու եւ գործելու առաքելութիւնը:
Յիշողութեանս մէջ շեշտուած են ինչպէս ապրելու եւ կեանքի մէջ որոշ կարգախօսներով առաջնորդուելու մասին անոր խորհուրդներէն մէկը, որ կ՛ըսէ. «Ձեր կեանքը ապրեցէք, գործեցէք եւ ձեր որոշումները տուէք այնպիսի ձեւով, որ յետոյ չզղջաք»:
Յիշողութեանս մէջ կ՛ըսեմ, սակայն խորքին մէջ օրիորդ Յասմիկին այս խօսքը ինծի համար վերածուած է սկզբունքի, որով կ՛առաջանորդուիմ միշտ:
Տակաւին, անոր ցուցմունքները եւ դասարանին մէջ կատարուած վարժողական աշխատանքները, որոնք կը վերաբերէին իմաստասիրական նիւթերու` նկատի ունենալով, որ ԺԲ. կարգի իմաստասիրութեան բաժանմունքի աշակերտ էի, առաւելագոյն չափով հետաքրքրական էին եւ պատշաճեցուած ու համահունչ` պետական քննութեան կրթական ծրագիրին:
Յստակ նախադասութիւններով, անեղծ մայրենիով, պայծառ միտքերով ու խորիմաստ արտայայտութիւններով մեզի հետ զրուցող ուսուցչուհին օր մը ըսաւ հետեւեալը. «Գիտեմ, տղա՛ք, ձեր մէջ ոմանք կը մերժեն հայերէնը` մանաւանդ նկատի ունենալով, որ ԺԲ. կարգի իմաստասիրութեան բաժանմունքի աշակերտներ էք, եւ հայերէնը ոչ մէկ ձեւով պիտի օգնէ ձեզի եւ կամ կապ ունենայ ձեր յանձնելիք պետական քննութեան հետ: Սակայն կը վստահեցնեմ, որ այս դասապահը պիտի ըլլայ այն իւրայատուկ ժամը, որուն ընթացքին ձեր միտքերը պիտի պատրաստուին եւ հայ մտաւորականներու գլուխ գործոցներու եւ գոհարներուն ընդմէջէն ձեր միտքերը պիտի խթանեն ու պատրաստեն` իմաստասիրութեան վերաբերող ձեր ծրագիրը աւելի ամբողջական կերպով ըմբռնելու եւ վերլուծելու»:
Օրին զարմացած էի, թէ ո՛վ կրնայ մերժել հայերէնի դասապահը, եւ համոզուած էի, որ դպրոցն ու ուսուցիչը չեն կրնար սխալիլ եւ աշակերտին յաջողութեան նեցուկ չըլլալ:
Դպրոցի աւարտական դասարանի իբրեւ աշակերտ` գոհունակ էի հայերէնի դասապահերուն բերած նորութեամբ, փոփոխութեամբ եւ իմաստասիրութեան` արաբերէն թէ անգլերէն, ու հոգեբանութեան դասապահերուն ընթացքին շատ լաւ կը հասկնայի, թէ ի՛նչ ըսել կ՛ուզէր օրիորդ Յասմիկը, երբ կը հաստատէր, որ մեր վերջին տարուան դասապահը միայն օգտակար պիտի ըլլար եւ ներդաշնակ` պետական քննութեան յանձնուելիք համապատասխան նիւթերուն հետ:
Իսկ հիմա երախտապարտ կը զգամ, որ դպրոցիս տնօրէնութիւնը եւ օրիորդ Յասմիկը պնդած էին, որ մենք հայերէնի դասապահ ունենանք` իբրեւ աւարտական դասարանի աշակերտներ ու ամբարենք մեզի տրուած բոլոր գիտելիքները, զարգացնենք մեր միտքերը, խորք տանք մեր անհատականութեան եւ կարենանք տողերուն միջեւ կարդալ:
Հայերէնի ուսուցիչը իր համամարդկային զգացումներն ու մտածումները մեզի հետ կիսելէ անդին` մեզի համար եղած է նաեւ ազգային դաստիարակութիւն ջամբողը:
Յիշատակներս շա՜տ շա՛տ են, սակայն պիտի բաւարարուիմ անդրադառնալով երկրորդականի տարիներուն մեզի տրուած շարադրութեան երկու նիւթերու, որոնք կը փաստեն, թէ ի՛նչ բովանդակութեան, ուղղութեան եւ ազգային ի՛նչպիսի արժէքներու մասին է խօսքը:
Շարադրութիւններէն մէկուն նիւթն էր հետեւեալը. «Սերունդնե՛ր, դուք ձեզ ճանաչէք Սարդարապատից»:
Պէտք էր բացատրէինք, թէ ի՛նչ կը մտածենք Պարոյր Սեւակի «Սարդարապատ» քերթուածէն առնուած այս տողին մասին:
Երկրորդ նիւթը կ՛ըսէր. «Արցախի ազատագրական պայքարը մեզի համար եղաւ նոր Սարդարապատ մը»:
Եւ մենք պէտք էր նմանութիւններ գտնէինք, մեր գիտցած ամբողջ պատմութիւնը, աշխարհագրութիւնը եւ տեղեկութիւններն ու գիտելիքները համադրէինք ու եզրակացութեամբ մը դուրս գայինք:
Այնքան այժմէական են օրիորդ Յասմիկին բացատրութիւնները, անսակարկ նուիրումով բացատրուած ու հոգիի քաղցրութեամբ ու լայն սիրտով փոխանցուած գիտելիքներն ու ազգային արժէքները, այնքան հարազատ են ու հնչեղ մինչեւ օրս:
Այժմէական եզրը մտքիս մէջ արթնցուց նաեւ այլ մտածում մը եւ իրականութիւն մը, որ դարձեալ ուղղակիօրէն կապուած է օրիորդ Յասմիկին:
Ե՛ւ դպրոցական օրերուս ե՛ւ անկէ ետք նկատած էի, որ հայ գրողներուն մէջ նախասիրութիւնս միշտ կ՛երթայ Յովհաննէս Թումանեանին: Անոր բոլոր գործերը, տաղերն ու քառեակները սրտիս խօսող գոհարներ են եւ անոր նուրբ ճաշակին համապատասխանող ու հզօր ազդեցութիւն ունեցող նուրբ արտայայտութիւններ:
Այս արտասովոր հմայքիս աղբիւրներուն եւ արմատներուն փնտռտուքիս ընթացքին օր մը ականջիս մէջ հնչեց օրիորդ Յասմիկին ձայնը` «Կանաչ, վիթխարի ընկուզենու տակ…»:
Յովհաննէս Թումանեանի «Հին օրհնութիւն» բանաստեղծութիւնն էր, որ այնքան մեծ սիրով բացատրած էր մեզի եւ կարդացած` այնպիսի շեշտով մը, որ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին յիշես զայն ու համոզուիս, որ Ամենայն Հայոց բանաստեղծին «Ապրէ՛ք, երեխէ՛ք, բայց մեզ պէս չապրէք…»-ը կը մնայ միշտ այժմէական, ինչպէս կ՛ըսէր օրիորդ Յասմիկ` մեղմ ժպիտը դէմքին:
Այս մտորումներով, գոհունակութեամբ եւ երախտապարտութեամբ է, որ կը յիշեմ քեզ, սիրելի՛ ուսուցչուհիս:
Հպարտ եմ, որ աշակերտած եմ քեզի եւ կը խոստանամ շարունակ ջատագովը մնալ հայերէնին եւ ճիգ չխնայել անոր անաղարտ գործածութեան համար:
Յիշատակդ կը մնայ անթառամ: