Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ահազա՛նգ

April 6, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կը հնչէ ահազանգը, այդ խուլ, սարսափազդու եւ մահասփիւռ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

Ամէն մէկ հայորդիի համար կը հնչէ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

Եւ այդ ահարկու ահազանգով կ՛անհանգստանայ եւ թող անհանգստանա՛յ հայորդիին լսողութիւնը: Ի վերջոյ, ո՛չ թէ միայն կը լսենք, այլ նաեւ կը հետեւինք, ականատես կ՛ըլլանք եւ մեր մորթին վրայ կը զգանք, թէ ի՛նչ կը պատահի Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ:

Ամէ՛ն օր կը խոշտանգուի, կ՛անարգուի, կը ռմբակոծուի, կը «բռնաբարուի» եւ կը սպաննուի հայորդին:

Անտարբերութի՞ւն, զիջո՞ւմ, թէ՞ «արդի» գործելաձեւ:

Այո՛, առանց բառերը ծամծմելու կամ աւելի մեղմ ձեւով ներկայացնելու` մեր մատը վէրքին վրայ դնենք եւ բացայայտենք, որ պետականութեան եւ պետութեան կործանման, հայրենիքի մաս առ մաս ոչնչացման սեմին ենք:

Սկսելով Արցախէն մինչեւ Հայաստանի, հետեւաբար նաեւ հայութեան գոյութիւնը վտանգի տակ է: Կոյր ու խուլ պէտք է ըլլալ` դաժան իրականութիւնները չնկատելու, չդիտելու, չդատելու, ԱՀԱԶԱՆԳԸ չլսելու եւ չեզրակացնելու համար:

Ստեփանակերտէն, Գորիսէն մինչեւ Նոր աշխարհ եւ Ովկիանիա` հայորդին կը զգայ, թէ կացութիւնը որքա՜ն ահաւոր եւ զարհուրելի է: Մինչդեռ, դժբախտաբար եւ ցաւ ի սիրտ, այս ողբերգական կացութեան դիմաց` Երեւանի Հիւսիսային պողոտային վրայ գտնուող ճաշարան-սրճարաններուն մէջ զբօսնող ընտրանի մը, նաեւ Բաղրամեան 95` Ազգային ժողով այցելող ՔՊ-ական հլու կամակատարներ ու անոնց կողմէ գործուղուած դիւանագիտական բանալի պաշտօններ ստանձնողներ, այլ հլու կամակատարներ, կարծէք թէ ծանօթ չեն, թէ ի՛նչ կը պատահի հո՛ն` Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ: Մոռնանք, որ հեռատես չեն, հապա ինչպէ՞ս բացատրել իրենց խլութիւնը` իրենց ականջներուն տակ հնչող ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ դիմաց:

Աշխարհը Ուքրանիոյ թնճուկով զբաղած ըլլալով` Ազրպէյճանն ու իր դաշնակից Թուրքիան օրըստօրէ կր բազմացնեն իրենց ներխուժումները եւ կը բազմապատկեն ճնշումները:

Արցախը սոսկական պատանդ չէ, այլ նաեւ կը չարչարուի, կը տառապի եւ կը տանջուի: Գիւղեր կը խլուին անկէ, 44-օրեայ պատերազմի զոհերուն թիւը կ՛աճի, մարդիկ կը զրկուին աշխատանքի հնարաւորութենէ…

Տարբեր «որակի» ԱՀԱԶԱՆԳ կը հնչեցնէ Երեւանի ղեկավարութեան երկմտանքն ու տուայտանքը, բացայայտ անտարբերութի՛ւնը, լաւագոյն պարագային` ուշացած ու ձեւական մտահոգութիւնները: Որքա՜ն անմարդկային, քստմնելի եւ գռեհիկ են հնչող փիլիսոփայութիւնները. «Արցախցին կրնայ առանց կազի ապրիլ», «Կը կրակեն, յետոյ ի՞նչ», կամ, վերջապէս, «Ազերիները կը փորձեն խափանել խաղաղութեան մեր երթը, սակայն մենք պիտի շարունակենք առանց նախապայմանի»… Լուծո՞ւմ, հնա՞րք, թէ՞ պարզապէս նուազագոյն պատասխանատուութենէ խուսափելու գործելաձեւ:

Օրական աւելի՛ քան 24 ժամ գործ ունինք կատարելիք, մինչդեռ թմբիրի կամ … թուրք-ազերիին հետ բարի դրացնութեան, սիրաբանութեան եւ գործակցութեան ձեւերու պրպտուքին մէջ են ՀՀ իշխանաւորները:

Այս պատկերին ի տես, սփիւռքի բոլոր գաղթօճախները եւս պէտք է անյապաղ ձայնակցին ԱՀԱԶԱՆԳԻՆ` թակելով իրենց քաղաքական շրջանակներուն եւ հանրային կարծիքին, նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահող պետութիւններուն եւ հուսկ` ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին դռները:

Ակներեւ է, որ սփիւռքը եւս ծանր պարտականութիւն ունի կատարելիք: Պարտականութիւն մը, որ դժուար է, սակայն` հրամայականօրէն իրագործելի:

Միա՛սնաբար, ձեռքերու` բոլո՛ր ձեռքերու միացումով պիտի խլացնենք ու դադրեցնենք մահասփիւռ ԱՀԱԶԱՆԳԸ:

Նախորդը

Շուռ Տալ Խաղատախտակը

Յաջորդը

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Պաշտպանութեան Բանակը` Անվտանգութեան Երաշխաւոր

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.