Անցեալ շաբաթ հայորդի մը փափաքեցաւ ուխտի մը առիթով իրենց տան մէջ անկողինին ծառայող չորս հիւանդներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել: Ան չուզեց իր ինքնութիւնը բացայայտել եւ խնդրեց, որ այդ պարտականութիւնը ես կատարեմ: Կատարուած առաջարկը եւ հայորդիին հարազատ ապրումները գնահատելով` սիրայօժար ստանձնեցի պարտականութիւնը: Պայմանաւորուեցայ «Արագած» շրջանի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Պօղոս Գազէզեանին հետ, եւ միասնաբար այցելեցինք չորս կարիքաւոր ընտանիքներու:
Առաջին առիթով այցելութիւն տուինք հիւանդ կնոջ մը եւ ականատես դարձանք անոր արտասանած աղօթքին, ապա ան ըսաւ. «Պարո՛ն Պօղոս, դեղերս հազիւ շաբաթ մը բաւէ»: Անշուշտ պատասխանը յստակ էր. «Անհո՛գ եղիր, այս շաբաթավերջին հարցը դասաւորուած կ՛ըլլայ»: Երբ հարցուցի կնոջ այլ կարիքներուն մասին, հաստատակամօրէն պատասխանեց. «Ողջ մնայ Արագած ակումբը, որ մեզի բանէ մը չի զրկեր»:
Ապա այցելեցինք ծերունիի մը, ուր հանդիպեցանք նաեւ անոր ընտանեկան պարագաներուն: Ծերունին առ ի յարգանք փորձեց ոտքի կանգնիլ եւ ձեռքը մեր ընկերոջ ուսին հանգչեցնելով ըսաւ. «Աստուած ընդունէ ենթակային ուխտը եւ նաեւ մեր ակումբի տղոց միշտ պարգեւէ առողջութիւն, որովհետեւ անոնք մեր պահապանն ու ապաւէնն են»: Ան խնդրեց Պօղոսէն իրեն լսողութեան գործիք մը ապահովէ:
Մեր երրորդ այցելութիւնը երիտասարդի մը մօտ էր, որ ի ծնէ անշարժութեան մատնուած է, սակայն իր բանականութիւնը եւ գիտակցութիւնը ամբողջական են: Դէմքին ժպիտը նշմարելով տեսայ, թէ ան ի՛նչ գոհունակութիւն ապրեցաւ, երբ տեսաւ ընկեր Պօղոսը: Մայրը հարազատի մը անկեղծութեամբ ըսաւ. «Պօղո՛ս, մեր այս առաստաղէն կաթող ջուրի հարցը ինչ պիտի ըլլայ»: Մեր ընկերը հաստատակամութեամբ պատասխանեց. «Անհո՛գ եղիր, մինչեւ ձմեռնամուտ ամէն ինչ դասաւորուած կ՛ըլլայ»:
Վերջապէս այցելեցինք քալելու անկարող եւ ոտքի ցաւէ տառապող այլ հայորդիի մը, որուն համեստ սենեակը զարդարուած էր Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան դրօշներով, իսկ պատերը` Արագածի պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած հայորդիներու դիմանկարներով: Հայորդին իր գոհունակութիւնն ու բերկրանքը յայտնելէ ետք ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը մեր պապան է: Ես կ՛աղօթեմ, որ 24 ապրիլին կարենամ մասնակցիլ պահանջատիրական երթին»:
Թաղամասեր այցելութեան ընթացքին ընկեր Պօղոս յայտնեց, որ վերջին շրջանին, ելեկտրականութեան բացակայութենէն օգտուելով, ուշ գիշերին թաղերուն մէջ կ՛արձանագրուին գողութիւններ, հետեւաբար կոմիտէն արդէն աշխատանքի անցած է այլ միջոցով թաղերուն մէջ լուսաւորում ապահովելու` նախանձախնդիր մնալով բնակչութեան ինչքերու ապահովութեան:
Այս համեստ պատկերը, որ ինքնին մանրանկար մըն է այլ բազմաթիւ մանրանկարներու կողքին, կու գայ անգամ մը եւս յուշելու բոլորիս, թէ Դաշնակցութեան կատարած գործն ու ծառայութիւնը եւ ժողովուրդին անոր հանդէպ ունեցած ակնկալութիւնն ու վստահութիւնը բացարձակ իրականութիւններ են եւ ունին գաղափարական հարուստ ենթահող:
Ընտրութենէ ընտրութիւն մէջտեղ եկող «բարեսէր» մարդիկ պէտք է լաւ ըմբռնեն այս իրողութիւնը, այլապէս պիտի շարունակեն ապրիլ մնայուն խաբկանքով, որովհետեւ ժողովուրդը միշտ ալ տուած է իր արդար ու անկեղծ գնահատականը:
Ուխտը կատա՛ր հայորդիին…
ԱՅՑԵԼՈՒ ՄԸ


