Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Տարիներ ետք, Ս. Վրացեանի բառերով, կեանքի ուղիները զիս ալ օր մը նետեցին Լոս Անճելըս, վերամիացայ եղբօրս, վերագտայ բազմաթիւ ընկերներ, ծանօթներ եւ հարազատներ` առանց թօթափելու Պէյրութէն հեռացած ըլլալու դառնութիւններս…
Եւ եղաւ այնպէս, որ Խոսրովին բնակարանը գտնուէր եղբօրս գրատան մօտ: Դարձեալ վերագտանք զիրար, հանդիպումները վերածուեցան շաբաթական-երկշաբաթեայ զրոյցներու: Այլ ընկերներ ու բարեկամներ ալ ունէին նոյն ժամադրավայրը: «Օրուան հարցեր»-ն էին մեզ ներգրաւողը:
Մեր առաջին հանդիպումներէն մէկուն էր, եւ իբրեւ պատասխան այն հարցումիս` թէ գրիչը ի՞նչ վիճակի մէջ է, սեղանին դրաւ իր «Վեր-ա-դարձ» հատորէն օրինակ մը: Ծներ էր «Արեւագալ»-էն երկու տասնամեակ ետք, եւ ահա անկէ ետք ալ եօթը-ութ տարիներ սահեր էին: «Է՞… հիմա՞» հարցումիս պատասխանեց գաղտնասէրի իր խորհրդաւոր ժպիտով:
Ժամանակ անցաւ: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր. Խոսրովին ինքնաշարժը բարձրացայ, միասին, չեմ յիշեր, թէ ո՛ւր երթալու: Հազիւ թէ երկու-երեք վայրկեան վարած էր ինքնաշարժը, երբ շապիկին գրպանէն հանեց ծալուած թուղթերու տրցակ մը, բացաւ, դրաւ ղեկին վրայ եւ սկսաւ տողերուն առթած ոգեւորութեամբ եւ յուզումով կարդալ. «Պէտք է հաւաքեմ վէրքերս, որ իմս չեն այլեւս ու երթամ, պէտք է հաւաքեմ յուշերս, որ իմս չեն այլեւս ու երթամ, պէտք է հաւաքեմ երգերս… Պէտք է հաւաքեմ թուղթերս…»: Եւ այսպէ՛ս, «հաւաքելու արարողութիւն»-ը շարունակուեցաւ` ընդգրկելով օրերը, գիրքերը, խոհերը… Կը կարդար ու կը շարունակէր ինքնաշարժը վարել: Ես շշմած մտիկ կ՛ընէի: «Կողմը առ եւ կեցի՛ր», ըսի: Ականջ չտուաւ ու շարունակեց թերթ առ թերթ վարել ինքնաշարժը: Քանի մը վայրկեան տեւած ընթերցումէն ետք, գրածը` 10-12 ձեռագիր էջ, սպառած էր: Խորհրդաւոր ու հարցական ժպիտով քովընտի նայեցաւ ինծի: «Ինչ որ կարդացիր, սառցալերան մը երեւցող բեկորն է», հաղորդեցի տպաւորութիւնս եւ ցանկութիւն յայտնեցի, որ գրիչը դարձեալ երկարատեւ արձակուրդի չմատնէ, այլ գրաւոր արարչութիւնը շարունակէ: Վստահաբար իմ խրախուսանքիս պէտք չունէր, որովհետեւ ներսիդիէն ժայթքող հրաբուխը, պահ մը արգելափակուած աղբիւրը սկսած էր հոսիլ:
…Եւ հոսքը շարունակուեցաւ անընդհատ: Եթէ չհանդիպէինք, ընթերցումը պիտի կատարէր հեռաձայնին մէջէն, մինչեւ որ ի վերջոյ ամբողջացաւ եւ ծնաւ «Մենք ենք…»ը: Բարեբախտաբար մշտահոս աղբիւրը շարունակեց հրաբխիլ տարուէ տարի, իրարու յաջորդեցին միւս հատորները: Այդ բոլորը կատարուեցան իր առօրեայ, սպառիչ եւ յոգնեցուցիչ, բառին ամէնէն դառն իմաստով` սպառող աշխատանքին զուգահեռ: Երբ հեռաձայնը հնչէր, ա՛լ վարժուած էի (եւ ակնդէտ կը սպասէի), որ ընթացիկ խօսակցութենէն ետք ըսէր. «Մտի՛կ ըրէ, բան մը պիտի կարդամ», ու քանի մը տող, քանի մը էջ կը կարդար, պատառիկներ, որոնք բխած էին նոյն օրը կամ վերջին քանի մը օրերուն: Յետոյ զանոնք պիտի կոփէր, վերադասաւորէր, պատառիկները իրարու պիտի զոդէր եւ ահա նոր հատոր մը լոյս աշխարհ պիտի բերէր: Կասկած չունիմ, որ գրածներուն վայելքը ունեցողներուն միակը չէի, սակայն շուտով սորվեցայ, թէ Խոսրով Ասոյեան բանաստեղծը ինչպէ՛ս կ՛արարէ:
***
Քանի մը բառ` Ասոյեան գրչանունին «գիւտ»-ին մասին:
Կանուխ երիտասարդութեան օրերէն ընտանեկան հարազատներէ եւ համաքաղաքացիներէ (ծնողները մալաթիացի էին) իմացած է, որ գերդաստանը բնիկ մալաթիացի չեն եղած, այլ` եկուոր: Պրպտումները զինք հասցուցած են որոշ ծալքերու բացման. իմացած է, որ գերդաստանին արմատները կ՛երկարին մինչեւ Սասուն, ուր ապրած է Ասօ Խաչոն` իր նախապապը: Յաւելեալ յստակացումի համար պէտք եղած է, որ օր մը, «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ, քթին տակէն քրտերէն երգ մը մռլտայ եւ գրաւէ «նահապետ»-ին` Կարօ Սասունիի ուշադրութիւնը: Վերջինը իր սենեակը հրաւիրած է երիտասարդ Խոսրովը, հարց ու փորձով իմացած է, թէ Գամիշլիէն եկած այս տղան քրտերէն գիտէ, հարցուցած է, թէ արդեօք որո՞նք եղած են իր պապերը: Խոսրովը որոշ բացատրութիւն տուած է` հասնելով մինչեւ Ասօ Խաչոյենց տունը: Կ. Սասունիի ուշադրութիւնը գրգիռ ստացած է, բացատրած է, որ այդ ընտանիքին անունն ու անցեալը որոշ չափով ծանօթ են իրեն, թէ` Ասօ Խաչոն զաւակներէն է Սասունի այն գիւղերուն, որոնց բնակիչներուն մականունները եան-ով չեն վերջանար: Ահա թէ ուրկէ՛ ծնած է «Ասոյեան» գրչանունը, որ խորքին մէջ զինք արմատներուն կապող կամուրջ մը…
***
Համաճարակին տարածումէն առաջ Խոսրովին հետ հանդիպումները, երբեմն` երկար ընդմիջումներով (առօրեայի հեւքին բերումով), կ՛ըլլային դէմ առ դէմ, երբեմն` միայն հեռաձայնով: Համաճարակը պատճառ դարձաւ, որ կապի միակ միջոցը դառնայ հեռաձայնը: Անցեալ տարիներէն մնաց եւ զարգացում ապրեցաւ սովորութիւն մը, որ շուտով վերածուեցաւ առօրեայի, որովհետեւ երկուքս ալ պարտադրաբար տունը կը մնայինք (իր պարագային, յետոյ աւելցաւ առողջութեան նահանջը):
Հեռաձայնով մեր հաղորդակցութիւնը պիտի սկսէր «գաղտնաբառերով»: Իմ «մարհապա»-իս (արաբերէն` բարեւ), պիտի պատասխանէր յանգաւոր կատակով մը` «Նապաա» (Պուրճ Համուտի կից` արաբական թաղամաս մը) կամ «քահրապա, ֆի՞ քահրապա…» (արաբերէնով` ելեկտրականութիւն, ելեկտրականութիւն կա՞յ…): Առաջին հարցումներէ մէկը պիտի ըլլար «Լուրերը մտիկ ըրի՞ր»: Եթէ պատասխանս այո ըլլար, պէտք էր քննարկէինք արցախեան, հայրենի կամ մեզ շրջապատող աշխարհի իրադարձութիւնները, ուրախանայինք հայկական դաշտերու մէջ արձանագրուած դրական զարգացումներով, տագնապէինք, տրտմէինք ընկրկումներուն, նահանջներուն, կորուստներուն եւ այլ դառնառիթ պատճառներով: Երբեմն հաղորդակցութիւնը կ՛ընդհատուէր մէկ-երկու օրով, սակայն երբեմն ալ նոյն օրը պէտք էր քանի մը անգամ հաղորդակցէինք, մանաւանդ եթէ ըսէի, որ տակաւին առիթ չեմ ունեցած Հայաստանէն լուրեր առնելու: Ինք սովորութիւն չունէր լուրեր հաղորդելու, պիտի թելադրէր. «Մտիկ ըրէ՛, յետոյ կը խօսինք…»: «Յետոյ»-ն կէս ժամ կամ քանի մը ժամ ետք էր: Հայաստանի նախկին ու այժմու իշխանաւորներուն ձախաւերութիւններն ու ընկրկումները (մեղմ ասած), պատճառած-արձանագրած կորուստները իր մէջ կը ստեղծէին այն դառնութիւններն ու ընդվզումը, որոնք դրսեւորուած են իր հատորներուն մէջ, մերթ` Ցեղասպանութեան անմար այրուցքներուն, յաճախ նաեւ Արցախի մէջ անցեալ տասնամեակներուն ու վերջին մէկ-երկու տարիներուն արձանագրուած կորուստներուն, ձախողանքներուն, բացայայտ կամ թաքուն դաւաճանութիւններուն պատճառով:
Երկար ատեն մէկդի դրած գրիչը դարձեալ գործի լծուած էր վերջին ամիսներուն: Դարձեալ սկսած էի վայելել «մտի՛կ ըրէ»-ները եւ քանի մը տողերու, քանի մը էջերու ընթերցումը: Կը գրէր ու կը վերամշակէր` երբեմն յիշելով իր մէկ հատորին մէջ հնչած հարցումը «Կը լսե՞ս ձայնը…», եւ այս` հակառակ առողջական վիճակին դանդաղ նահանջին: Դարձեալ պատառիկները սկսած էին իրարու քով գալ, հատորիկ մը ձեւ-կերպարանք կ՛առնէր: Մեկնումէն մօտաւորապէս երկու շաբաթ առաջ գոհունակութեամբ իմացուց, որ` «Բաւական տեղ հասած է» գործը, կը պատրաստուի դարձեալ «թուղթերը հաւաքելու» եւ եղածներ մեքենագրելու, վերջին կաղապարը հագցնելու: Ափսոս, որ չհասցուց…
***
… Ամիսներ առաջ, երբ արդէն առողջական վիճակը հարկադրած էր տարբեր մասնագէտներու դիմել, կը զգար, որ դանդաղ շիջումի մէջ էր. օր մը հեռաձայնեց` ըսելու, որ մասնագէտ բժիշկէ մը նոր տուն դարձած է. «Ըստ այս մասնագէտին, երկու-երկուքուկէս ամիս ունիմ» ըսաւ այնպիսի՛ հանդարտութեամբ մը եւ հոգեկան հանգստութեամբ, որ պիտի արտայայտէր շուտով աշխատանքէ դադրելու եւ հանգստեան կոչուելու պատրաստուող անձ մը (երկար պիտի ըլլար արձանագրել, որ վերջին քանի մը տարիներուն աշխատանքը շատ ծանրաբեռնած էր զինք, համաճարակին անբաղձալի հետեւանքներն ալ աղ-պղպեղ ցանած էին դժուարութեանց վրայ, ինչպէս` շատերու պարագային):
Շշմեցուցիչ էր լուրը: Գիտէի, գիտէինք, որ լուրջ էր պարագան, սակայն մօտալուտ մեկնո՞ւմ… այդ ալ` իրմէ՛ լսել, եւ այդ ալ` այնպիսի՜ հանգստութեամբ: Քանի մը ակնթարթ անպատասխան ձգեցի զինք: Զգաց տուած լուրին վատ ազդեցութիւնը եւ… ներողութիւն խնդրեց, որ ասանկ լուր մը կու տայ: «Սիրտս, խիղճ, հոգիս հանգիստ են, ընկե՛ր, շարունակեց: Ընտանիքիս, զաւակներուս, ազգիս եւ հայրենիքիս հանդէպ պարտականութիւններս կատարած եմ, որքան որ կրցած եմ. զաւակներս տեղ հասան: Խիղճս հանգիստ է», կրկնեց:
Բնականաբար ըսածները ընդունելու, կուլ տալու պատրաստ չէի: «Բժիշկները ընդհանրապէս յոռեգոյն սենարիոն կու տան, յոյսդ մի՛ կտրեր: Բժշկութեան մէջ ամէն օր նոր գիւտեր կ՛ըլլան, դարմաններ կը գտնուին», կմկմացի` ամբողջ հոգիով հաւատալով, որ… ըսածիս նախ ե՛ս պէտք է հաւատամ:
Եւ իսկապէս ալ Խոսրովը «սուտ հանեց» այդ բժիշկին ախտաճանաչումը: Վերջնական շիջումը եկաւ անկէ մօտաւորապէս 8 ամիս ետք: Մինչ այդ հասցուց երկու անգամ եւս այցելել Հայաստան եւ վիրաւոր Արցախ, որ մօտաւորապէս տասը տարի առաջ երախտագիտութիւն արտայայտող շքանշանով մը պատուած էր 90-ականներու իր ծառայական առաքելութիւնը: Դարձեալ տեսաւ հին ընկերները, դարձեալ սգաց արցախեան առաջին մարտերուն, նաեւ վերջին ճակատումներուն կորսուած մատղաշ կեանքերը:
Վերադարձաւ տուն, ընտանիքին անդամներով շրջապատուած, անոնց գուրգուրանքին ներքեւ փակեց աչքերը, եւ իր վերջին փափաքին համաձայն, կ՛երթայ միախառնուելու Հայաստանի ու Արցախի հողին:
***
Կորսնցուցինք Սփիւռքեան Բանաստեղծ մը, որուն էջերուն հայրենիք(ներ)ը (Հայաստան, Արցախ, Լիբանան) լայն տեղ ունեցան: Տառապեցաւ մարդկութեան եւ ճակատագրակից ժողովուրդներու տագնապներով: Ինչպէս ոեւէ արժէքաւոր արարողի` նոյնպէս ալ Ասոյենց Խաչոյի ժառանգորդ Խոսրովին կորուստը դարման չունի, բաց մը կը ստեղծէ:
Սակայն պիտի չողբանք իր կորուստը, որովհետեւ ան իր կեանքը հասցուց լինելութեան, հարստացուց մեր գրականութիւնը, իր անմոռանալի լուման ձգեց հայութեան կեանքի գանձանակներուն մէջ: Դուրեանական` «Գիտցէ՛ք, որ դեռ կենդանի եմ»-ը պիտի մարմնաւորուի Խոսրովներու թողած ժառանգութեան մէջ:
… Հիմա, գրադարանիս մէջ, իր հատորներուն կողքին, ունիմ փոքր տուփ մը, որուն մէջ կայ Արցախէն բերուած ափ մը հող: Խոսրովէն սիամանթոյական ոճով վերջին յիշատակ մըն է, որ ստացայ իր մահէն ետք. այդպէ՛ս կտակած էր զաւկին:
(Շար. 2 եւ վերջ)


