Քեսապի Պապուկները
ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Քեսապի բարբառին մէջ մեծ հայր հասկացողութիւնը կը թարգմանուի «պապուկ» բառով: Գուցէ տարածաշրջանի բարբառներուն մէջ ալ կը գործածուի: Սակայն այս օրերուն ականջալուր կ՛ըլլանք «տէտէ» բառին, որ պապուկին հոմանիշն է, «ալա մոտա» պապուկ: Քեսապահայութեան թուային պատկերը անցնող 20-րդ դարուն ունեցած է մեծ տատանում ու բեկում: Տրամադրութեանս տակ չկայ յետ 1909-ի Ատանայի կոտորածին իբրեւ հետեւանք քեսապահայութեան թուային պատկերին նուազումը: Նշենք,...



















