ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Անձնական յատուկ պատճառներով 95-ամեակիդ առիթով օրին չկարողացայ զրոյց ունենալ հետդ: Ուստի ի սրտէ ներողութիւն կը խնդրեմ:
Այսօր, կազդուրուելէ ետք, որոշեցի նստիլ դէմդ եւ զրուցել հետդ:
Սիրելի՛ եւ յարգելի «Ազդակ»,
Ծնար 5 մարտ 1927-ին, այսինքն` 95 տարիներ առաջ: Ծնար Հայոց ցեղասպանութենէն 12 տարիներ ետք, երբ արդէն ցեղասպանութենէն վերապրող հայութիւնը արմատներ նետած էր արաբական երկիրներու մէջ, յատկապէս` Սուրիա եւ Լիբանան: Լիբանանահայութիւնը վերապրելու ընթացքի մէջ էր, ազգային-եկեղեցական կեանքը օր ըստ օրէ կը կազմակերպուէր, եւ նորանոր նուաճումներ կ՛արձանագրուէին:
Ծնար հայ ժողովուրդի արգասաբեր արգանդէն` նուիրեալ եւ հաւատաւոր խումբ մը հայորդիներու տեսիլքով եւ խիզախութեամբ:
Լոյս տեսար, որպէսզի լուսաւորես հայ անհատին միտքն ու հոգին եւ գաղթական մարդուն հոգեբանութիւնը:
Առաջին օրէն ունեցար լրատուական որոշ դերակատարութիւն մը` ժողովուրդին հաղորդել քաղաքական ու հասարակական լուրեր եւ անդրադառնալ տեղական ու միջազգային իրադարձութիւններու: Սակայն այս բոլորին հետ միատեղ ունեցար իւրայատուկ դերակատարութիւն մը` ազգային առաքելութիւն մը, որ կը մարմնաւորուէր հայեցի դաստիարակութեամբ:
Դարձար ազդակ մը սփիւռքի օտար եւ օտարացնող պայմաններու մէջ հայը հայ պահելու եւ հայ մարդը իրաւացի հայ դարձնելու ճիգերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` հայ անհատին մէջ գիտակից, վաւերական եւ ամբողջական հայը կազմաւորելու գործընթացին մէջ:
Սփիւռքի դժուար պայմաններու մէջ հայ գիրն ու մշակոյթը վեր պահեցիր եւ կարողացար հասնիլ սփիւռքի բոլոր գաղթօճախներու հայորդիներուն: Եղար մղիչ ուժ մը, որ հայ զանգուածները ամէն օր կարդան հայերէն եւ ըմբոշխնեն մեր ոսկեղենիկ մայր լեզուն: Լուսաւորեցիր հայ ժողովուրդին միտքը, յագեցուցիր անոր հոգեմտաւոր ծարաւը եւ եղար հայոց լեզուի պահպանման ու տարածման ուժեղ դարբնոցը:
Կազմաւորուող հայ սերունդներուն ծանօթացուցիր հայ ազգի մշակութային, պատմական եւ հոգեւոր հարստութիւններն ու աւանդութիւնները: Տոգորեցիր զանոնք հայկական տոհմիկ սովորութիւններով: Յագեցուցիր զանոնք ազգային եւ միջազգային մշակութային, մարզական, ընկերային եւ երիտասարդական իրադարձութիւններով:
Եղար Հայաստան-Արցախ-սփիւռք երրորդութեան իրադարձութիւններուն, նուաճումներուն, զարգացումներուն եւ ցաւերուն խօսնակն ու տեղեկատուական կեդրոնական աղբիւրը:
Հայ դատի հետապնդման եւ տարածման, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գործընթացը եղաւ կեդրոնական մտասեւեռումդ:
Թափանցեցիր ոչ միայն լիբանանահայութեան տուներէն ներս, այլ նաեւ` հայ սփիւռքի բոլոր համայնքներու տուներէն:
95 տարի ամբողջ մնացիր պատնէշի վրայ, գործեցիր աննկուն` միշտ յարատեւելու եւ յառաջդիմելու անխախտ կամքով:
Դիւրին չեղաւ այս բոլորը, սակայն շնորհիւ ՔԵԶ շրջապատող ղեկավարներուն, գիտակից, հաւատաւոր եւ ազգային մտահոգութիւններով տոգորուած տնօրէններու, խմբագիրներու եւ անձնակազմին ու հայ ժողովուրդի քաջալերանքին` բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարեցիր եւ ահա այսօր ճակատաբաց կը փաստես ներկայութիւնդ ի սփիւռս աշխարհի:
Վստահ եմ` պիտի շարունակես սրբազան առաքելութիւնդ, աւելիով պիտի տաս հաւատաւոր ժողովուրդիդ եւ հետեւորդներուդ ու պիտի մնաս Լուսաւորչի կանթեղի նման միշտ լուսաւորեալ եւ լուսաւորող:
Անհուն ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ 95-ամեակդ: Ի սրտէ կը մաղթեմ ՔԵԶԻ յարաճուն վերելք, արդիւնաւոր եւ բեղմնալից ապագայ` լեցուն նորանոր իրագործումներով եւ նուաճումներով ու մանաւանդ` «Լուսապսակ 100-ամեակ»:
Սիրելի՛ «Ազդակ»,
Կը խոնարհիմ 95-ամեայ վաստակիդ առաջ եւ կը սպասեմ «Լուսապսակ 100-ամեակ»-իդ: Կը յուսամ` պիտի արժանանամ վկայելու այդ աննախընթաց հարիւրամեակը:
Մոնրէալ, 30 մարտ 2022



