Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտարբերութեան Դէմ

April 4, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Այսօր, 4 ապրիլ 2022-ի կէս գիշերին կը լրանայ 15 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններու ցանկերու գրանցման ժամկէտը: Յաջորդ օր կը սկսի ընտրապայքարը:

Հայաստանի մէջ, երեքշաբթի, 5 ապրիլին «Հայաստան» ու «Պատիւ ունեմ» ընդդիմադիր դաշինքները հրաւիրած են ժողովուրդը հանրահաւաքի:

Մտորումներու մէջ էի, թէ այժմէական ու կարեւոր այս նիւթերէն ո՞ր մէկը ընտրեմ, երբ ծագեցաւ անակնկալօրէն այլ նիւթ մը. կիրակի առաւօտուն, երբ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի բակ մուտք գործեցի, տեսայ միայն փոքրաթիւ մարդեր: Եկեղեցին լեցուն էր, սակայն բակը` կիսադատարկ: Ու մտածումս գնաց մանկութեան, պատանեկութեան ու վաղ երիտասարդական տարիներուն, երբ Անթիլիասի ուխտի օրուան առիթով, ո՛չ միայն բակը կը վխտար ուխտաւոր բազմութեամբ, այլ նաեւ բակը եզերող շէնքերու տանիքներուն վրայ եւս ժողովուրդ կ՛ըլլար: Օր մը առաջ, Պուրճ Համուտէն ու Էշրեֆիէէն հաւատացեալներ ոտաբոպիկ քալելով կ՛երթային Անթիլիաս, մասնակցելու համար կիրակի օրուան պատարագն ու սրբութիւններու թափօրը կանխող հսկումի արարողութեան: Անոնք կը գիշերէին եկեղեցւոյ մէջ ու յաջորդ օր կը մասնակցէին աւանդական դարձած հոգեպարար արարողութեան:

Զարմանքս աւելի խորացաւ, երբ թափօրին մէջ նշմարեցի Լիբանանի թեմի քահանաներէն միայն մէկուն: Ինչո՞ւ չէին եկած քահանաները: Թեմի եկեղեցիներուն մէջ պատարագները պէտք է սովորականէն աւելի կանուխ աւարտէին, առիթ ընծայելով բոլորին ներկայ գտնուելու ուխտի օրուան արարողութեան:

Հայկական ինքնութեան պահպանումը, հայ ժողովուրդի դիմագրաւած բազում հարցերու լուծման համար կազմակերպուածութիւնը չեն կրնար յաջողիլ, եթէ նորարարութիւն ու աւանդութիւն չզուգորդենք իրարու: Եթէ այսօրուան հայրերն ու մայրերը չյարգեն աւանդութիւնը, յաջորդ սերունդները արդէն անծանօթ կը մնան դարեր ամբողջ, պետականութեան բացակայութեան ու ստրկութեան պայմաններուն մէջ, մեր ինքնութիւնը պահպանած կենարար աւանդութիւններուն, ապրելակերպին, մեր տեսակին: Եթէ այսօր մեր ծնողները իրենց զաւակներուն ձեռքերէն բռնած չառաջնորդեն մեր ազգային ու եկեղեցական ձեռնարկներուն, անոնք ու անոնց հետագայ սերունդները պիտի մոռնան Հայաստանն ալ, Հայ դատն ալ, թերեւս հայութիւնն ալ: Այդպէս չէ՞ պատահած միջնադարեան տեղ-տեղ փայլուն գաղթավայրերու մէջ, ուր այսօր միլիոնաւոր բազմութիւններ տարտամօրէն կը յիշեն… իրենց հայկական ծագումը:

Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը, համաճարակի պատճառով շատ մը համախմբումներու չեղարկումները պէտք չէ չքմեղանքի վերածուին: Երեւոյթը աւելի հինէն կու գայ, անիկա արգասիքն է վերջին քանի մը տասնամեակներուն նորարարական ձգտումներուն, արհեստագիտական հսկայաքայլ յառաջդիմութիւնները ի նպաստ հայ լեզուին, մշակոյթին, արուեստներուն ծառայեցնելու մեր անճարակութեան: Պատշաճեցումի փորձերը դժբախտաբար ժխտողական բնոյթ կը զգենուն, փոխանակ ազգայինն ու հարազատը նոր տարազաւորումով մատուցելու բնական գործընթացին:

Ինչպէ՞ս սրբագրել վիճակը: Ծանր է պատասխանատուութիւնը, գործնական մեծ դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ, հանրային կեանքի ղեկավարման պատասխանատուութեան կոչուած անհատներուն: Հանրային կեանքի մշակութացման ու քաղաքականացման ընդարձակ ասպարէզ մը կայ, որ իր կոչումին գիտակից, անդադար զարգացող ու զոհաբերումի ատակ ղեկավարութեան մը գործադաշտը պէտք է ըլլայ: Այդ ղեկավարութիւնը իր գործով, ներկայութեամբ, մասնակցութեամբ օրինակ պէտք է դառնայ անտարբերութեան անգիտակից գիրկը ինկած հայրենակիցներուն:

Այս մտորումները կը վերաբերին թէ՛ եկեղեցիին, թէ՛ Հայաստանին թէ՛ Արցախին եւ թէ՛… նոյնիսկ երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Համախմբումը եւ վերակազմակերպումը ազգային գաղափարաբանութեան մը հովանիին տակ մեզ կը փրկէ տարտղնումէն ու ուծացումէն:

Պէտք է վերակազմակերպուիլ ու համախմբուիլ մեր ինքնութիւնը յատկանշող նուիրական գաղափարներու շուրջ:

 

 

Նախորդը

Սրտբաց Զրոյց «Ազդակ»-ին Հետ

Յաջորդը

Արցախցի Տաղանդաւոր Պատանիները Խանդավառեցին Այնճարցիները

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.