Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յասմիկը

Ապրիլ 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԻՐՈՒՆ ՍԻՍԵՌԵԱՆ-ՀԱՃԷԹԵԱՆ

Ամէն անգամ, երբ հնչեցնէի դրան զանգը, Յասմիկ միշտ սպասողական վիճակով կը բանար դուռը: Ներսը լուռ եւ խուլ մթնոլորտ մը կը պարզուէր, առանձնութենէ տառապող ուսուցչուհիիս դէմքը կը վրդովէր զիս: Յիսուն¬վաթսուն տարի սերունդներ դաստիարակած ու իր ներուժը վատնած ուսուցչուհիս այսպէս լուռ ու անխնա՞մ պէտք էր մնար: Ո՞ւր են մեր ազգային ու հոգեւոր առաջնորդները, որոնք պէտք է արժանաւոր վերջալոյս մը շնորհեն անոր, իր կեանքի վերջին տարիներուն, յանուն անոր տարիներու անխոնջ աշխատանքին ու նուիրումին:

Պահ մը ակամայ կը հասնիմ 1960¬ական թուականները ու Քարէն Եփփէի մէջ կը տեսնեմ Յասմիկը, որ իր փառքի օրերը կ՛ապրէր` որպէս ուսուցչուհի: Իսկական յասմիկ մըն էր:

Օր. Յասմիկը իմ միջնակարգի հայերէնի ուսուցչուհիս էր: Լուրջ դիմագիծով ու մեղմ վարուելակերպով իր ներկայութիւնը յարգանք կը պարտադրէր բոլորիս: Այդ տարիներուն իրեն վստահուած էր հայոց լեզուի հիմնաքարը հաստատել: Այդ դասարաններուն մէջ էր, որ հայերէնի ամուր հիմերուն վրայ պիտի բարձրանար մեր մայրենիին տոկուն շէնքը:

Ան իր կարողութիւնները ի սպաս կը դնէր բոլորիս. իր աշխատանքը չէր խնայեր մեզի բան մը աւելի սորվեցնելու համար:

Ես շատ կը սիրէի իր պարտաճանաչութիւնն ու իր անձին հանդէպ ունեցած մեծ յարգանքը, որ յատուկ է իսկական արժէքաւոր մարդուն: Ան չէր արտօներ իր անձին այն, ինչ որ կ՛արգիլէր իր նմաններուն:

Այն տարիներուն, երբ մենք ծարաւն ունէինք ուսման, զուլալ աղբիւրի մը նման ոռոգեց մեզ գիտութեամբ ու կեանք մը ամբողջ մնաց միշտ նոյն աղբիւրը մատչելի բոլորին:

Յասմիկը յատուկ ծաղիկ մըն է` նուրբ տեսքով ու հպարտ կեցուածքով: Կարծես ձեռք մը բարի, ձեռք մը աստուածային անոր գլխուն շարած էր սպիտակ մարգարիտներ աննման ու անոր բուրմունքին տուած էր հեշտութիւն մը, որ կը լեցնէր ուղեղիդ ծալքերն ու կ՛արթնցնէր մինչեւ վերջին բջիջները անոր:

Այո՛, յասմիկ մըն էր ան` նոյն յատկանիշներով թարմ ու դեռատի, երբ զինք կոչեցին ստանձնելու հայոց լեզուի պահպանման ծանր լուծը: Դեռ նոր էր աւարտած Քարէն Եփփէ ճեմարանը, բայց չվարանեցաւ երբեք, որովհետեւ գերազանց էր իր գիտութեան մէջ` հայոց լեզուի մանր ու խրթին ծալքերուն գիտակ: Ան սիրայօժար ընդունեց այդ սպառիչ աշխատանքը, որովհետեւ մտահոգ էր հայոց լեզուի ապագայով ու կ՛ուզէր իր նպաստը բերել հայապահպանման գոյամարտի ճակատին վրայ:

Փոքր տարիքէն վարժուած էր զոհուելու` ըլլալով իր ծնողքին մէկհատիկը, միշտ տալու մէջ գտած էր խորունկ գոհունակութիւն, ինչ որ յատուկ է միայն մեծ հոգիներու. միշտ տալ ու տալ յաւէտ:

Օ՜հ… ի՛նչ ալ ըսեմ ուսուցչուհիիս համար, տակաւին ամէն բան ըսած չեմ ըլլար:

Մնաց միշտ համեստ` յասմիկի մը պէս գեղեցկացնելով զինք շրջապատողներուն կեանքը: Իր ուղղամտութիւնը միշտ պայծառացուց իրեն ապաւինող նորահասակներուն ու բարեկամներուն կեանքը: Երբեք չփնտռեց փառքը, այլ միշտ նախընտրեց գիտակցուած համեստութիւնը: Հինգ-վեց տասնամեակներ անդադար դասաւանդեց իր ասպարէզին ամբողջական գիտակցութեամբ եւ վարակեց իր բիւրաւոր աշակերտները` մղելով զանոնք սիրելու հայ լեզուն, կապելով զանոնք այդ աւանդին ու ինք միշտ մնաց գոհունակ:

Այս տխուր վերջաբանը չեմ վայելցներ իր բեղուն գործունէութեան:

Հիմա, նստած իմ սիրելի ուսուցչուհիիս մօտ, կը մտաբերեմ արաբերէն այս իմաստալից ու  վեհ խօսքը. «Մեն ալլամանի հարֆեն, սրթու լահու ապտեն» (Ան որ ինծի սորվեցուց գիր մը, ես պիտի ըլլամ անոր ծառան):

Արաբական այս վեհ խօսքը, որ ըսուած է ուսուցիչի մը իրաւ արժանիքը պատկերելու համար, կը շեշտէ ուսուցիչ եւ աշակերտ յարաբերութիւնը եւ մեզ կը մղէ երախտապարտութեան:

Պէտք է պատուանդանի վրայ դնել ուսուցիչը եւ տալ անոր լաւագոյն պայմաններ` ապրելու հանգիստ ու բարօր: Պէտք է իսկապէս խոնարհիլ ուսուցիչին առաջ, որ ոսկիէ ափսէի վրայ շարած իր գիտութիւնները ամբողջ` ի սպաս կը դնէ իր աշակերտներուն: Իր յոգնութիւններէն, ճիգերէն ու քրտինքներէն քաղած ամէն քաղցրահամ աւիւն կը դնէ աշակերտին ձեռքը, որպէսզի ան վայելէ այդ քաղցրութիւնը իր կեանքի դժուար ճամբաներուն վրայ:

Այդ օրերուն մեր ուսուցիչները հոգի մաշեցուցած են մեզի համար, երբ համակարգիչ, լրատուական կայքեր չկային տակաւին: Անոնք մեր համակարգիչը, մեր կայքէջը, մեր ուղեցոյցն ու առաջնորդն էին: Ի՜նչ ծով համբերութիւն ու ի՜նչ մեծ սիրտ ունէին մեր ուսուցիչները, որոնք չնչին աշխատավարձով կը սպառէին իրենց ամբողջ ներուժը` սիրտն ու շունչը: Իսկ հիմա մեր աչքերը պէտք է ուղղուին երկար տարիներու ծառայութեան մէջ սպառած ուսուցիչներուն, որոնք այժմ պէտք ունին այն ջերմութեան, զոր իրենք  բաշխած են անդադար, հաւասարապէս եւ անսպառ: Պէտք է գնահատենք մեր վաստակաբեկ ուսուցիչները, որպէսզի ապահովենք մեր նոր սերունդին գալիք ուսուցիչներ, որոնց պիտի վստահուի արեւմտահայերէնի փրկութիւնը:

Կը նայիմ իր տխուր դէմքին ու կ՛ուզեմ փոխել իր տրամադրութիւնը:

– Ինչո՞ւ չամուսնացար, Յասմի՛կ,- կը հարցնեմ,-  գոնէ հիմա զաւակներ եւ թոռներ կ՛ունենայիր:- Կը ժպտի մեղմօրէն իր ժպիտին ետեւ թաքցնելով ամէն տրտմութիւն:

Այո՛, գիտեմ, որ երբեք չէ մտածած ինքն իր մասին, խորհելով, որ միշտ պիտի մնայ իր աշակերտներով, զինք գնահատողներով շրջապատուած:

Անորը «Առանց սահմանի զոհողութիւն» էր: Դպրոցը իր սիրասուն աշակերտներուն, իսկ տունը` տարեց եւ հիւանդ ծնողներուն համար: Բայց հիմա ո՞վ պիտի մտածէր ի՛ր մասին: Ծնողները արդէն շատոնց մահացած էին, իսկ աշակերտները` իրենց ուսուցչուհիէն հեռացած: Ան մնացած էր առանց խնամքի: Պատահական աշակերտ¬աշակերտուհիի մը իրեն այցելութիւնը, պերճանք մըն էր իր անշուք կեանքին: Երբեմն քանի մը վարդեր կամ ծաղիկներ կը շնչէին իր կոկիկ բնակարանին սեղանին վրայ: Անպատճառ երախտապարտ աշակերտ մը յիշած էր զինք. ինչո՞ւ եւրոպական կարգ մը երկիրներ գիտեն գերադասել ուսուցչին աշխատանքը, իսկ հոս` Արեւելքի մէջ, մոռցուած էակ մըն է ան հանգստեան տարիքի հասնելէ ետք:

 

 

Նախորդը

Հայերէնի Ընդմէջէն Ազգային Ու Համամարդկային Դաստիարակութիւն Ջամբողը

Յաջորդը

Օրիորդ Յասմիկին…

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?