ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Յուշիկ փախչող իրիկուան, ծիրանի լոյսն է զուարթ
Ոսկի թելեր պլլուած խունկի թաւիշ մշուշին
Կապոյտ ծոպեր, ծիածան, ծփուն ձայներ, միստիք վարդ,
Լոյսէ արցունք մոմերու որոնք հանդարտ կը մաշին:
Օրդ. Յասմիկին մահուան լուրը ստանալս, անմիջապէս անգիտակցաբար, բայց նաեւ ակներեւ թելադրականութեամբ մը զուգորդուեցաւ իր իսկ սորվեցուցած եւ դասարանէն ներս մանրամասնօրէն վերլուծած մեծարենցեան վերոնշեալ տողերուն հետ: Առաջին հերթին չգիտցայ, թէ յիշողութեանս էջերը կազմող քանի մը տասնեակ քերթուածներէն ինչո՞ւ յատկապէս այս տողերն էին, որոնք ենթագիտակցութենէս անցում կատարեցին դէպի միտքս, տողանցեցին ականջներուս մէջ, եւ սկսայ մտածել յուշիկ ու մեղմ, սակայն անխափան ու առյաւէտ փայլատակող լոյսի մը մասին: Լոյս մը, որուն ծնունդն ու ցոլացումը թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ իբրեւ Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտական մեծաթիւ սերունդներ կը պարտինք այս հայահունչ ու հայաշունչ հաստատութեան, որ մեր դպրոցն է. իսկ անոր առաքելութեան լոյսի սփռումին հարազատ ներկայացուցիչներն ու անաղարտօրէն տարածողները մեր ուսուցիչներն են ընդհանրապէս եւ հայերէնագիտական նիւթերու դասաւանդողները` ի մասնաւորի: Եւ այս բոլորին տրամաբանական եւ սկզբունքային հետեւումով, այդ լոյսի տարածման մէջ իր նպաստը անսահմանօրէն բերած եւ իր գործօն դերակատարութիւնը տասնամեակներ շարունակ այս դպրոցին ի սպաս դրած օրդ. Յասմիկ Նաճարեանին յիշատակը այդ լոյսին ընդմէջէն առաւել եւս կը պայծառանայ:
Յուշիկ փախչող իրիկուան ծիրանի լոյսն է զուարթ… եւ ի՞նչ է զուարթ լոյսը, եթէ ոչ` անցեալէն եկող դրական փորձառութիւններու եւ
«կեանք մը արժող» յիշատակներու առթած ճաճանչումն ու զուարթախոհ խոկումը, անոնց մխիթարող վերյիշումը: Լոյս մը, որ կու գայ մանկութենէդ ու պատանեկութենէդ եւ ունի այնպիսի՛ ուժ, որ կրնայ անսահմանօրէն ինքնաբաւօրէն եւ ուժգնութեամբ լուսաւորել ամբողջ կեանք մը:
Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը այս զուարթ լոյսին բաղադրիչ հզօրագոյն ճառագայթներն են եւ զանոնք տարածողն ու ամրապնդողը այս պարունակէն ներս կ՛ըլլան ուսուցիչներդ: Օրդ. Յասմիկը տարածեց այդ լոյսը եւ նախանձախնդիր եղաւ հայոց լեզուի աչք շլացնող, միտք փայլատակող եւ հոգի կերտող լոյսի անմար մնալուն, ու այդ լեզուի ուսուցման ընդմէջէն ներկայացող ծփուն ձայներով եւ անկէ բխած գիտութեան ոսկի թելերով մշուշներ փարատեցան: Ի՛նչ փոյթ, որ ձայն մաշեցաւ, քրտինք թափուեցաւ, բայց ծիածաններ գծուեցան այս յարկին տակ, ու մեր անհատական թէ հաւաքական երթը կուռ քայլերով տողանցքի վերածուեցաւ:
Արդարօրէն նկարագրել օրդ. Յասմիկը` կը նշանակէ վերյիշել իր բծախնդիր եւ խստապահանջ մօտեցումները` հայոց լեզուի իմացութեան նկատմամբ: Խստաբարոյ եւ խիստ, երբեմն նոյնիսկ անմատչելի եւ գերզգայուն արտայայտութիւններով ներկայացող օրդ. Յասմիկը, ընդհանրապէս զուսպ, բայց անտեղիտալիօրէն ինքզինք պարտադրող էր իր դաստիարակչական թէ ուսումնական միջամտութիւններուն մէջ: Այդ միջամտութիւնները պատճառ դարձան, որ մենք երկիւղածութեամբ մօտենանք մեր լեզուին ու գրականութեան, յաճախ ամչնանք մեր կատարած ուղղագրական սխալներէն, որոնց հանդէպ այնքան անհանդուրժող էր ինք, որ շատ յաճախ բայական վերջաւորութեան մը առնչուած մեր վրիպակները իրեն համար մահ ու կենաց խնդրի մը վերածուէին: Պատանեկան մեր աճապարող հակազդեցութիւններուն մէջ շատ յաճախ գանգատեցանք իր տուած ծանր աշխատանքներէն, բայց ան երբեք չվարանեցաւ մեր զբօսանքի ժամերը օգտագործելու` Ա. Տէր Խաչատուրեանի «Ուղղագրական կանոններ» գիրքէն քանի մը յաւելեալ վարժութիւն նշանակելու ու կիրարկելու եւ յետմիջօրէի մեր հանգիստի պահերը յատկացնելու արեւմտահայ եւ արեւելահայ գրականութեան տիտաններու գործերը գոց սորվելուն: Այսպէս, եթէ ունինք ճանաչողութիւն եւ հայոց լեզուի ու գրականութեան ներքնապէս կայացած եւ ամրագրուած իմացութիւն, այդ մէկը կը պարտինք մեր դպրոցի ուսուցիչներուն եւ մանաւանդ օրդ. Յասմիկին ու անոր անխոնջ աշխատանքին:
Բ. Թաշեաի «Հայկարան»-ի շարքէն օրդ. Յասմիկ մեզի սորվեցուց արեւմտահայ ու արեւելահայ հեքիաթներ, մանկապատանեկան գրականութեան կտորներ, բարոյախօսական եւ հայրենասիրական պատմութիւններու ընթերցում ու լիարժէք վերլուծում: Իսկ Մ. Իշխանի «Արդի հայ գրականութեան» հատորներուն ընդմէջէն մենք քալեցինք զարթօնքի, իրապաշտ եւ գեղապաշտ շրջաններուն ճամբաներով եւ ծանօթացանք` դուրեանական պատանեկան խռովքներու յորդ զգացումներուն, Ս. Տիւսաբի հայ կնոջ համար մղուած ընկերային եւ իրաւական պայքարին, Ե. Տէմիրճիպաշեանի գեղեցկութեան պաշտամունքին, Րաֆֆիի յեղափոխական գաղափարախօսութեան եւ ազատական գաղափարներուն, Գ. Զօհրապի «Կեանքը ինչպէս որ է»-ի փիլիսոփայութեան, Ե. Օտեանի եւ Պարոնեանի երգիծաբանութեան, Ահարոնեանի ազատատենչ հայրենական ոգիին, Մեծարենցի բնութենապաշտութեան, Սիամանթոյի երգած հայու տառապանքին եւ վրիժառութեան ոգիին, Վարուժանի պերճաշուք լեզուին ու անկրկնելի տաղանդին, Զ. Եսայեանի հոգեկան ապրումներուն, Թէքէեանի խորհրդածական մօտեցումին, Լ. Շանթի վսեմ արարքներու եւ գաղափարներու սիրոյն, օշականեան վերլուծումներուն, Կ. Զարեանի դիւցազնաշունչ արուեստին, Թումանեանի քնարերգութեան, Տէրեանի երազային սէրերուն եւ չարենցեան խօսքի վարակիչ ուժին:
Օրդ. Յասմիկին հայոց լեզուի պահերը հարուստ էին քերականական օրէնքներու մանրակրկիտ բացատրութիւններով, որոնք օրին մեզի համար ձանձրացուցիչ եւ անիմաստ կը թուէին, բայց որոնց շնորհիւ է, որ ապրեցուցինք մեր լեզուն: Իսկ գրականութեան իր դասերը հայ հեղինակներու հանդէպ պատարագեալ ակնածանքով կը բնորոշուէին: Ինք հպարտ էր իր խոր գիտութեամբ, որ ձեռք ձգած էր
Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն ներս եւ յետոյ զայն կատարելագործած` իր անյագ հետաքրքրութեան եւ անսասան ընթերցողի անդուլ ճիգերով:
Լեզուական բարդ հարցերու գծով օրդ. Յասմիկը լիբանանահայ իրականութեան մէջ հեղինակաւոր կարծիքի աղբիւր էր, որուն կը դիմէին եւ իր արտայայտած վճռադատող տեսակէտներուն յղում կը կատարէին շատեր. եւ իր կեանքի ամբողջ ընթացքին գիրն ու գրականութիւնը, օրաթերթն ու պարբերաթերթը, հեռատեսիլի բարձրորակ հաղորդումները, ուսուցչական, թարգմանական եւ խմբագրական աշխատանքները իր էութիւնը սահմանեցին, կեանքը հունաւորեցին եւ մեզի` աշակերտներուս անփոխարինելի դրական փորձառութեան եզակի առիթ ընծայեցին լեզուական հարստութեան մը բանալիներու յանձնումը մեզի` կերտեց նաեւ մե՛ր ինքնութիւնը, հայօրէն շնչող, հայութեամբ խթանուող եւ հայկականութեամբ յառաջացող:
Ահաւասիկ կեանք մը` ապրուած լիարժէքօրէն եւ բաշխուած նաեւ ուրիշին, անոր յառաջդիմութեան եւ զարգացման ի խնդիր: Կեանք մը, որ հասաւ իր աւարտին, իր իրիկուան, կեանք մը, որուն յիշատակը թէեւ ժամանակի թաւալումով յուշիկօրէն կը փախչի, սակայն չ՛անհետանար, եւ անոր ետին ձգուած լոյսը զուարթօրէն կ՛անմահանայ: