Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսիլքին Հաւատացողները

Ապրիլ 5, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Երբեմն ձայն մը, առարկայ մը, գիրք մը կամ վայր մը յիշատակներ կ՛արթնցնէ մէջդ: Կը տանի քեզ տարիներ անդին, ու կը սկսիս յուզումնախառն զգացումներով վերյիշել, վերապրիլ, վերանորոգուիլ:

Այսպէս ալ, վերջին տարիներուն, «Քորոնա» համաճարակին պատճառով երբ տունը բանտարկուած էինք, իւրաքանչիւր ոք իր նկարներու ալպոմները վերանայելու, գրադարանը կոկելու, կարդացած գիրքերը վերաթերթատելու պահեր անցուց:

Անցեալները համացանցային դեգերումներու ընթացքին հանդիպեցայ այս նկարին: Ոտքի ձախէն աջ` Յարութիւն Քիւրքճեան, Զարեհ եպս. Ազնաւորեան, Արփի Քիւրքճեան, Գրիգոր Շահինեան, Շաւարշ Թորիկեան. նստած ձախէն աջ` Գէորգ Գանտահարեան, Հրաչ Տասնապետեան եւ Երուանդ Փամպուքեան:

Նկարը առնուած է յունիս 1975-ին, Նշան Փալանճեան ճեմարանի բակին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ: 47 տարեկան այս նկարը մէջս արթնցուց ծարաւը այն մթնոլորտին, հաւատքը այն մեծերուն, տեսիլքը այն դաստիարակներուն, որ ունէին լիբանանահայութեան հանդէպ:

Այս առիթով մտածեցի Հայագիտական ամպիոնին նախապատրաստական ժողովներուն մասին: Այդ տարիները լիբանանահայութեան ամէնէն ծաղկուն փուլն էր. սփիւռքին համար մարդ պատրաստելու հեռանկարով առնուած այդ քայլը քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ընդհատուեցաւ, իսկ աւելի ուշ, ընկ. Երուանդ Փամպուքեանի տնօրէնութեամբ, շարունակեց գործել, եւ տարիներու վրայ փաստօրէն մարդուժ պատրաստուեցաւ:  Բացարձակ իրականութիւն է, որ այսօր` Հայաստանէն մինչեւ Աւստրալիա, Ամերիկաներէն մինչեւ Սուրիա մեր կուսակցական, կրթական, մշակութային, ազգային թէ հասարակական կեանքին մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստանձնողները, գետնի վրայ աշխատանք տանողները մեծամասնութեամբ Հայագիտական հիմնարկի շրջանաւարտներն են:

Տեսիլք ունեցող ղեկավարութեան մը նախաձեռնութեան բարիքը կը վայելէ այսօր ամբողջ սփիւռքահայութիւնը:

Տեսիլքը հովանաւորող կազմակերպութեան եւ յաջորդական մարմիններուն, նաեւ դասախօսական կազմին ճիգն ու հաւատքը անպայմանօրէն իրենց դրոշմը ձգած են, եւ ատիկա շօշափելի  ու ազդու կերպով նկատելի է մեր իրականութեան մէջ: Փաստօրէն, այսօր տեսիլք ունեցողներու եւ տեսիլքի հաւատացողներու պակասը չունինք, սակայն առիթը եւ հաւատքը ունենալու քաջութիւնը կը պակսի մեզի:

Սփիւռքի նոր ձեւաւորման եւ կազմութեան մէջ մարդուժ պատրաստելու, նոր գաղութներու հասնելու, կազմակերպելու, հայեցի դաստիարակութիւն սերմանելու եւ Հայաստանի հետ կապը պահելու աշխատանքներուն առաջնահերթութիւնը բոլորինը պէտք է ըլլայ: Մանաւանդ մեզի` կազմակերպութեան եւ իր ուղեկից միութիւններու փորձառութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Օրդ. Յասմիկ Նաճարեանին

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ` Թատրոնին Եւ Իր Նորագոյն Ծրագիրներուն Մասին

RelatedPosts

Տեսակէտ.  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Անսակարկելի Յանձնառութիւն` Սփիւռքի Թէ Հայաստանի Վերակազմակերպման Մէջ
Անդրադարձ

Ղօղանջ Զգօնութեան . «Հայ Եկեղեցւոյ Սարկաւագուհիները» Գիրքին Հրատարակութեան Առիթով

Օգոստոս 11, 2022
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Սեւրեան Երազանք, Հայ Քաղաքական Մտքի Բոպիկութիւն Եւ «Երրորդ Բեւեռ»-ի Հրաւէր (10 Օգոստոս 1920)

Օգոստոս 9, 2022
Սեւրի Դաշնագիրի Վերակենդանացման Հեռանկարով
Անդրադարձ

102-Ամեակ Սեւրի Դաշնագիրին. Սեւրի Դաշնագիրին Անժամանցելի Պատգամը

Օգոստոս 9, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In